Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը մնայուն կը դառնայ

Ընկե­րային Օժան­­դա­­­կու­­թեան Յանձնա­­խումբը, որ կազ­­մո­­­ւած էր հա­­մավա­­րակի Թուրքիոյ մէջ ալ յայտնա­­բերո­­ւած 2020-ի Մարտ ամ­­սո­­­ւայ ըն­­թացքին, հետզհե­­տէ ստա­­ցած է մշտա­­կան բնոյթ։ Այս նիւ­­թի շուրջ յանձնա­­խումբի նա­­խագահ Խա­­չիկ Ճա­­նէլ եւ իրա­­ւաբա­­նական են­­թա­­­յանձնա­­խումբի ան­­դամ Արէն Տա­­տըրօղլու «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­տուն այ­­ցե­­­լելով բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւին ցարդ կա­­տարո­­ւած աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ Խա­­չիկ Ճա­­նէլ պատ­­մեց թէ յանձնա­­խումբը կը գոր­­ծէ 45 կա­­մաւոր երի­­տասարդնե­­րու ջան­­քե­­­րով, որոնցմէ 12-ը ընդմիշտ յա­­րաբե­­րու­­թեան մէջ են կա­­րիքա­­ւոր ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու հետ։ Յանձնա­­խումբը մին­­չեւ օրս սննդամ­­թերքի եւ կեն­­ցա­­­ղային նիւ­­թե­­­րու օգ­­նութիւն տրա­­մադ­­րած է 700 ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու։

Օգուտ ստա­­ցող­­նե­­­րը դա­­սաւո­­րուած են երեք մա­­սի, որոնցմէ առա­­ջին խումբին պատ­­կա­­­նող­­նե­­­րը կը հա­­մարո­­ւին ընդմիշտ օգ­­նութեան կա­­րօտ։ Երկրորդ խումբին մաս կազ­­մողնե­­րը ժա­­մանա­­կաւոր կեր­­պով օգ­­նութեան կը կա­­րօտին եւ ու­­նին այս դժո­­ւար ըն­­թացքէն դուրս գա­­լու որոշ լծակ­­ներ։ Եր­­րորդ խումբը յատ­­կա­­­պէս պսա­­կաձեւ ժահ­­րի հա­­մավա­­րակի հե­­տեւան­­քով օգ­­նութեան կա­­րօտ դար­­ձած են։

«Աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու հա­­մար հա­­մագոր­­ծակցե­­ցանք թա­­ղային խոր­­հուրդնե­­րու կող­­քին գոր­­ծող աղ­­քա­­­տախ­­նամնե­­րու հետ։ Զա­­նազան հան­­դի­­­պումնե­­րով նախ ու­­նե­­­ցանք իրենց մօտ գրան­­ցո­­­ւած օգ­­նութեան կա­­րօտ մարդկանց տո­­ւեալ­­նե­­­րը եւ ապա մենք նոր հե­­տազօ­­տու­­թիւնով մը ճշդե­­ցինք նոր անուններ։ Ապա ուղղա­­կիօրէն կապ հաս­­տա­­­տեցինք իրենց հետ եւ ու­­զե­­­ցինք ան­­մի­­­ջակա­­նօրէն լսել իրենց կա­­րիք­­նե­­­րը» ըսաւ Խա­­չիկ Ճա­­նէլ։ Ապա Արէն Տա­­տըրօղլու բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ իրա­­ւաբա­­նական նիւ­­թե­­­րով կա­­տարո­­ւած օժան­­դա­­­կու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ Այդ օժան­­դա­­­կու­­թիւննե­­րը աւե­­լի շատ խորհրդա­­տուա­­կան բնոյթ ու­­նին եւ մարդկանց ցոյց կու տան իրենց քա­­ղաքա­­ցիական իրա­­ւունքնե­­րը։

Մեր հիւ­­րե­­­րը պատ­­մե­­­ցին թէ նման նա­­խաձեռ­­նութեան մը մեկ­­նա­­­կէտը թէեւ հա­­մավա­­րակն էր, բայց շու­­տով պար­­զուեցաւ նաեւ թէ հա­­մավա­­րակի պատ­­ճա­­­ռած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րէն ան­­դին ար­­դէն առ­­կայ է տնտե­­սակն որոշ դժո­­ւարու­­թիւններ, որոնց յաղ­­թա­­­հար­­ման հա­­մար անհրա­­ժեշտ էր նման կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն մը ու­­նե­­­նալ։ Այս գի­­տակ­­ցութիւ­­նով անոնք որո­­շեցին յանձնա­­խումբի գոր­­ծունէու­­թիւնը շա­­րու­­նա­­­կել նոյ­­նիսկ հա­­մավա­­րակի ան­­հե­­­տացու­­մէն ետք ալ։ Կը գոր­­ծեն Պատ­­րիար­­քա­­­րանի հա­­մալի­­րէն ներս իրենց տրա­­մադ­­րո­­­ւած սրա­­հի մը մէջ։ Յանձնա­­խու­­մը ու­­նե­­­ցաւ 1,6 մի­­լիոն ԹԼ-ի հաս­­նող պիւտճէ մը։ Այդ պիւտճէով կ՚ապա­­հովո­­ւի սննդամ­­թերքի կամ կեն­­ցա­­­ղային նիւ­­թե­­­րու գնումնե­­րը եւ կա­­րիքա­­ւոր­­նե­­­րուն բաշ­­խո­­­ւած առեւ­­տուրի քար­­տե­­­րը։

Յանձնա­­խումբը օգ­­նութեան կը փու­­թայ նաեւ ժա­­մանա­­կաւո­­րապէս Թուրքիա ապաս­­տա­­­նած հայ գաղ­­թա­­­կան ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ