Անյագ է գայլերու ախորժակը

44օրեայ պա­տերազ­մի Հա­յաս­տա­նի բա­ցայայտ պար­տութիւ­նը յայ­տա­րարող հա­մաձայ­նագրի առա­ջին տա­րելի­ցին առ­թիւ ընդդի­մադիր ջո­կատը հան­րա­հաւաք կազ­մա­կեր­պեց Ազա­տու­թեան Հրա­պարա­կին վրայ։ Միւս կող­մէ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը յայ­տա­րարու­թիւն մը հրա­պարա­կեց պա­տերազ­մի տա­րելի­ցին առ­թիւ։ Յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշո­ւած է Ատրպէյ­ճա­նին պա­տերազ­մէն վերջ ալ մար­դա­սիրա­կան կամ մի­ջազ­գա­յին օրէնքնե­րու կո­պիտ խախ­տումնե­րը։ Հա­կառակ եռա­կողմ հա­մաձա­նագ­րի մէջ նշո­ւած կող­մե­րու զբա­ղեցու­ցած դիր­քե­րուն վրայ մնա­լու յանձնա­րու­թեան Ատրպէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը զի­նադա­դարէն ամիս մը ետք ներ­խուժած են Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան Հատ­րութի շրջա­նի Խծա­բերդ եւ Հին Թա­ղեր գիւ­ղե­րը, սպան­նե­լով կամ գե­րեվա­րելով հայ զի­նուոր­ներ։ Եւ տա­կաւին աւե­լին Ատրպէյ­ճան ներ­թա­փան­ցած է Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս։

Բո­լոր այս ոտնձգու­թիւննե­րուն դի­մաց հայ­կա­կան կող­մը զգու­շա­ցած է զի­նադա­դարը խա­փանող որե­ւէ մի­ջադէ­պի առիթ ստեղ­ծե­լէ։

Ան­դին կը շա­րու­նա­կուի նաեւ ար­ցա­խեան խնդրի լուծման հե­ռան­կա­րով տար­բեր քա­ղաքա­կան ռազ­մա­վարու­թիւններ։ Հա­յաս­տան լուծման հա­մար դար­ձեալ կ՚ապա­ւինի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբա­կի գոր­ծունէու­թեան։ Իսկ Ատրպէյ­ճան եւ Թուրքիա կ՚առա­ջար­կեն երեք առա­ւել երեք լուծման ձե­ւաչա­փը, ուր դե­րակա­տարու­թիւն պի­տի ու­նե­նան Հա­յաս­տան, Ատրպէյ­ճան, Թուրքիա, Ռու­սիոյ Դաշ­նութիւ­նը, Վրաս­տան եւ Իրան։

Այս թո­հու­բո­հի մէջ թէ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Թուրքիոյ նա­խագահ­նե­րը յա­ճախ կը խօ­սին հաշ­տութեան եւ հա­մերաշ­խութեան նոր շրջա­նի մը մա­սին։ Սա­կայն խա­բու­սիկ են այդ կո­չերը, քա­նի որ անոնց ան­մի­ջապէս կը յա­ջոր­դեն նա­խա­պայ­մաններ, որոնք նաեւ կը սպառ­նան Հա­յաս­տա­նի հո­ղային տա­րած­քին։

Որ­պէս պե­տու­թիւն Թուրքիա յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խացու­մէն ետք յա­րատե­ւօրէն կը խօ­սի Զան­գե­զու­րի տա­րած­քէն Ատրպէյ­ճան կա­պուե­լու նպա­տակի մը մա­սին։ Զի­նադա­դարի պայ­մաննե­րուն մէջ ընդգծո­ւած ցա­մաքա­յին ճամ­բու եւ եր­կաթգծի առ­կա­յու­թեան նիւ­թը, որ իբ­րեւ թէ պի­տի ծա­ռայէ տա­րած­քաշրջա­նի բար­գա­ւաճ­ման, ընդմիշտ կը շա­հագոր­ծո­ւի թրքա­կան կող­մէ։

Բնա­կանա­բար այս պայ­մաննե­րը բա­ւական ծանր լուծ մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանան Փա­շինեանի կա­ռավա­րու­թեան դի­մաց եւ գե­տին կը պատ­րաստեն ընդդի­մադիր շրջա­նակ­նե­րու կամ աւե­լի յստակ խօս­քով նախ­կիննե­րու կոր­ծա­նիչ քա­րոզ­չութեան։

Այսպէս 9 Մար­տին կա­յացած հան­րա­հաւաքն ալ իր պատ­գամնե­րով կը կրկնէր պա­տերազ­մին յա­ջոր­դող օրե­րուն բռնկած ազ­գա­դաւ մեր­ձե­ցումնե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ