Տարբեր Փորձառութեամբ Յիշատակել Ներսէս Պատրիարքը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երբ ամէն տա­­րի կը հաս­­նի Ղա­­լաթիոյ Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ Եկե­­ղեց­­ւոյ եւ Ազ­­գա­­­յին Կեդ­­րո­­­նական Վար­­ժա­­­րանի տա­­րեկան տօ­­նախմբու­­թիւնը, Գումգա­­բուի Աթո­­ռանիստ Մայր Տա­­ճարը, յա­­տուկ հո­­գեհանգստեան արա­­րողու­­թեան հիւ­­րը­­­նակա­­լը կը դառ­­նայ, նկա­­տի ու­­նե­­­նալով, որ տա­­ճարի գաւ­­թի աջա­­կող­­մեան ան­­կիւնը կը գտնո­­ւի Կ.Պոլ­­սոյ Երա­­նաշորհ Ներ­­սէս Պատ­­րիարք Վար­­ժա­­­պետեանի շիր­­մա­­­քարը։ Շատ ան­­գամ այ­­ցե­­­լու­­ներ այս շիր­­մա­­­քարին ճար­­տա­­­րապե­­տական գե­­ղեց­­կութեամբ կը տա­­րուին առանց գիտ­­նա­­­լու, թէ՝ որո՞ւն կը պատ­­կա­­­նի այս կո­­թողա­­յին ճար­­տա­­­րը։

Ոմանք եր­­բեմն առա­­ւել եւս ու­­շադրու­­թեամբ կ՚ըն­­թերցեն, Բազ­­մարդիւն Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս՝ Ազ­­գա­­­սէր Ներ­­սէս Պատ­­րիարք Վար­­ժա­­­պետեանի մա­­սին եւ կը մտա­­ծեն, թէ՝ այսքան կո­­թողա­­յին շիր­­մա­­­քարը պէտք է պատ­­կա­­­նէր նո­­ւիրեալ ու մեծ հո­­գեւո­­րակա­­նի մը, քա­­նի Աթո­­ռանիստ Մայր Տա­­ճարի մէջ կը գտնուէր անոր աճիւննե­­րը։ Իսկ, այս շիր­­մա­­­քարը, Ազ­­գա­­­յին Կեդ­­րո­­­նական Վար­­ժա­­­րանի օդը շնչած, դռնէն մուտք գոր­­ծած, ան­­ցեալով ներշնչո­­ւած, եւ յատ­­կա­­­պէս սա­­նը դար­­ձած ան­­ձե­­­րուն մտա­­ծումնե­­րը, կա­­մայ եւ ակա­­մայ Ազ­­գա­­­յին Կեդ­­րո­­­նական Վար­­ժա­­­րանի հիմ­­նարկէ­­քին, ծրագ­­րին եւ իտէալին ուղղե­­լու զօ­­րու­­թիւնը ու­­նի։ Այլ խօս­­քով, Ազ­­գա­­­յին Կեդ­­րո­­­նական Վար­­ժա­­­րանը, ապ­­րող երկրոր­­դա­­­կան շիր­­մա­­­քարն է Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քին, որուն մէջ ճիշդ է թէ՝ աճիւննե­­րը չեն հանգչիր իմաս­­տուն Պատ­­րիար­­քին, սա­­կայն հո­­գին կը սա­­ւառ­­նի առ հա­­սարակ ու տե­­ւական կը հնչէ. «Ես դպրոց­­նե­­­րէն կը սպա­­սեմ ազ­­գին փրկու­­թիւնը»։ Յե­­տոյ կը շա­­րու­­նա­­­կէ հնչիւ­­նը զօ­­րական. ծա­­ռայա­­սիրու­­թիւն, եւ ալ աւե­­լին՝ գի­­տակից ծա­­ռայա­­սիրու­­թիւն վասն փրկու­­թեան ազ­­գի։

Ան­­ցեալ տա­­րի, հա­­մավա­­րակի սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րուն շու­­քին տակ, յի­­շատա­­կուած էր վերստին Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քը, իր գլուխ գոր­­ծոց ծրա­­գիրը հան­­դի­­­սացող՝ Ազ­­գա­­­յին Կեդ­­րո­­­նական Վար­­ժա­­­րանի գծով։ Այս յի­­շատա­­կու­­թիւնը տար­­բեր էր բաղ­­դատմամբ ան­­ցեալի փա­­ռաւոր արա­­րողու­­թիւննե­­րէն, նկա­­տի ու­­նե­­­նալով, թէ՝ հսկայ տա­­ճարը հա­­մավա­­րակի պատ­­ճա­­­ռաւ սա­­կաւ թի­­ւով ներ­­կա­­­ներով լե­­ցուած էր։ Հան­­դի­­­սաւոր տա­­րեկան տօ­­նախմբու­­թեան յա­­ջոր­­դող պա­­հերուն քիչ մը օրուան ան­­ցուդար­­ձե­­­րուն մա­­սին մտա­­ծեցի եւ տե­­սայ՝ Իր նա­­խոր­­դին յի­­շատա­­կին առ­­ջեւ ամե­­նայն պար­­տա­­­ճանա­­չու­­թեամբ հանգստեան աղօթք ար­­տա­­­սանող Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, որ­­պէս պա­­տարա­­գիչ խո­­նար­­հա­­­բար աղօ­­թակ­­ցութիւնս Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տին եւ շիր­­մա­­­քարին շուրջը հա­­մախմբո­­ւած կրթա­­կան մշակ­­ներն ու վա­­րիչ­­նե­­­րը։ Խորհրդա­­ւոր այս մթնո­­լոր­­տին մէջ ու­­շադրու­­թիւնս գրա­­ւած էր Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քին գե­­ղաշէն շիր­­մա­­­քարին նկա­­րը հա­­մացան­­ցի մէջ եւ ըն­­դունե­­լով այս պա­­հը որ­­պէս ներշնչա­­րան՝ փա­­փաքած էի երկտո­­ղով միանալ օրո­­ւայ խոր­­հուրդին։ Այ­­լա­­­պէս ի խո­­րոց սրտի գրի առած էի «ՆԵՐ­­ՍԷՍ» խո­­րագ­­րեալ կարճ երկտո­­ղը։

Ներ­­սէս Պատ­­րիարք Պոլ­­սե­­­ցի Վար­­ժա­­­պետեան,

Երկնա­­տուր պար­­գե­­­ւօք հարստա­­ցեալ թան­­գա­­­րան,

Րա­­բու­­նի րա­­բու­­նեաց շա­­ռաւիղ իմաս­­տութեան,

Սրտով կեր­­տեց գի­­տու­­թեան բարձր օր­­րան, որ է Կեդ­­րո­­­նական։

Էական բա­­ռով պա­­տուեց ու զայն կո­­չեց՝ Ազ­­գա­­­յին Վար­­ժա­­­րան

Սա եղի­­ցի մեզ աղ­­բիւր խե­­լահա­­սու­­թեան եւ դարբնոց հա­­սու­­նութեան։

Ուստի, տար­­բեր փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն մըն էր 2020-ի տօ­­նախմբու­­թիւնը, որուն մէջ ողո­­ղուած յու­­շե­­­րը տա­­կաւին մին­­չեւ այ­­սօր կը յի­­շատա­­կեմ եւ կը մաղ­­թեմ, որ Երա­­նաշ­­նորհ Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քի բո­­ցակի­­զող հո­­գին թող իյ­­նայ հու­­րի այնքան կա­­րօտ սիր­­տե­­­րուն, որոնք կո­­չուած են աշա­­կեր­­տութեան ի Կեդ­­րո­­­նական եւ ծա­­ռայու­­թեան վասն ժո­­ղովրդեան։

Եւ ահա, ար­­դէն իսկ այդ օրէն մին­­չեւ այ­­սօր ան­­ցած է տա­­րի մը եւ հա­­սած ենք 2021ի տօ­­նակա­­տարու­­թեան։ Այս առա­­ւօտ, Ամե­­նապա­­տիւ Սա­­հակ Բ. Սրբա­­զան Պատ­­րիարք Հօր բարձր նա­­խագա­­հու­­թեամբ մա­­տու­­ցո­­­ւեցաւ Գո­­հաբա­­նական Ս. Պա­­տարագ Աթո­­ռանիստ Մայր Տա­­ճարին մէջ եւ Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քի շիր­­մա­­­քարը ան­­գամ մը եւս վե­­րածո­­ւեցաւ ուխտա­­վայ­­րի, որուն առ­­ջեւ հա­­ւաքո­­ւած հո­­գեւո­­րական­­ներ եւ աշ­­խարհա­­կան­­ներ աղօթք բարձրա­­ցու­­ցին վասն պայ­­ծա­­­ռու­­թեան Պոլ­­սոյ կրթա­­կան առա­­քելու­­թեան եւ ի մաս­­նա­­­ւորի Ազ­­գա­­­յին Կեդ­­րո­­­նական վար­­ժա­­­րանի ան­­սա­­­սանու­­թեան։ Ան­­ցեալ տա­­րուան նման այս տա­­րի եւս սո­­վորա­­կան չէ եւ երկտո­­ղով կ՚ու­­զեմ ըն­­դարձա­­կել տար­­բե­­­րու­­թեան խոր­­հուրդն ու յատ­­կանշա­­նակու­­թիւնը, երբ տար­­բեր փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ կը խո­­նար­­հիմ Երա­­նաշ­­նորհ Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քի յի­­շատա­­կին առ­­ջեւ։

Այս տա­­րին տար­­բեր է Կեդ­­րո­­­նական Ազ­­գա­­­յին Վար­­ժա­­­րանէ սնած նո­­ւաս­­տիս, քա­­նի Պո­­լիսէն այնքան հե­­ռու, բայց հա­­րազա­­տու­­թեամբ այնքան մօ­­տիկ Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­միած­­նի եր­­դի­­­քին ներ­­քեւ կը միանամ Պոլ­­սոյ տօ­­նախմբու­­թեան, մօտս ու­­նե­­­նալով վար­­ժա­­­րանա­­կից երէց եղ­­բայս՝ Հոգշ. Տ. Զա­­տիկ Վրդ. Պա­­պիկեանը։ Տար­­բեր փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն մըն էր այս մէ­­կը, քա­­նի Արժ. Տ. Գրի­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­մատեանի գրի առած «Քայ­­լեր դէ­­պի Կեդ­­րո­­­նական Ազգ. Վար­­ժա­­­րան» գիր­­քը թղթա­­տելու, վար­­ժա­­­րանիս հիմ­­նա­­­դիր Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քի հա­­նուր կեան­­քի մա­­սին հա­­կիր­­ճօ­­­րէն վերստին իմա­­նալու առի­­թը ու­­նե­­­ցայ։ Բա­­նիմաց հո­­գեւո­­րակա­­նին կեան­­քի մէջ Ս. Էջ­­միածի­­նը եւս ու­­նե­­­ցած էր մնա­­յուն դրոշմ, որուն բա­­րոյա­­կան ներ­­կա­­­յու­­թեան առ­­ջեւ խո­­նար­­հե­­­լով Իջ­­ման Ս. Սե­­ղանի մեր­­ձա­­­ւոր այս վայ­­րին մէջ կ՚աղօ­­թեմ առ բարձրեալն Աս­­տո­­­ւած, վասն հոգ­­ւոյ խա­­ղաղու­­թեան Կ.Պոլ­­սոյ Տ. Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քին։

Մօ­­տաւո­­րապէս 150 տա­­րիներ առաջ Ներ­­սէս Եպիս­­կո­­­պոս, իր երի­­տասարդ տա­­րիքին 17 Մա­­յիս 1872-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­միած­­նի մէջ Իջ­­ման Ս. Սե­­ղանին առ­­ջեւ կա­­տարած էր հա­­ւատար­­մութեան ուխտը։ Իսկ եր­­կու տա­­րիներ յե­­տոյ ընտրո­­ւած էր Պատ­­րիարք Հա­­յոց Կ.Պոլ­­սոյ։ Տաս­­նա­­­մեայ իր գոր­­ծունէու­­թիւնը այնքան ար­­դիւնա­­ւոր դար­­ձած էր, որ նաեւ ըն­­դունե­­լու­­թիւնը վա­­յելած էր Հայ­­րա­­­պետու­­թեան եւ իր վեր­­ջա­­­լոյ­­սին ընտրո­­ւած էր որ­­պէս Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոս, սա­­կայն եւ այնպէս իր առող­­ջա­­­կան վի­­ճակը ծանր ըլ­­լա­­­լուն, ինք հրա­­ժարած էր այս վե­­հախոր­­հուրդ կո­­չու­­մէն առանց Կա­­թողի­­կոսա­­կան օծ­­ման ար­­ժա­­­նանա­­լու։ Այ­­լա­­­պէս, որ­­քա՜ն պեր­­ճա­­­խօս էր այ­­սօր Ս. Էջ­­միած­­նի մթնո­­լոր­­տը, որուն մէջ առ­­նո­­­ւազն մե­­զի՝ Կեդ­­րո­­­նական­­ցի­­­ներուս առա­­ւել եւս տար­­բեր փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն մը վա­­յելե­­լու ար­­ժա­­­նացուց։ Այս այն Ս. Էջ­­միածինն է, որուն ճա­­նապար­­հէն ան­­ցեր է Ներ­­սէ­­­սեան Իտէալին առա­­ջին պտուղնե­­րէն Հրա­­չեայ Աճա­­ռեանը, դառ­­նա­­­լով հան­­րա­­­ծանօթ լե­­զուա­­բան։ Այս այն Ս. Էջ­­միածինն է, որ Կու­­տի­­­նացի Սո­­ղոմո­­նը այ­­լա­­­կեր­­պե­­­լով Պո­­լիս ու­­ղարկած է որ­­պէս հան­­ճա­­­րեղ՝ Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետ ու ան յա­­տուկ ձե­­ւով երգչախմբա­­յին աշ­­խա­­­տու­­թիւն տա­­րած՝ Կեդ­­րո­­­նական Ազ­­գա­­­յին Վար­­ժա­­­րանի մէջ։ Հե­­տեւա­­բար, այ­­սօր այս սրբա­­վայ­­րին մէջ կա­­տարուած աղօթ­­քին, մաղ­­թանքին կը խառ­­նո­­­ւի բազ­­մա­­­շատ յի­­շատակ­­ներ, որոնք թէ՛ կը պան­­ծացնեն Երա­­նաշ­­նորհ Պատ­­րիար­­քը եւ թէ՛ կը ցնծաց­­նեն իր գե­­րագոյն ծրա­­գիրը՝ Կեդ­­րո­­­նակա­­նը։

Իսկ, այս մէ­­կը առիթ կ՚ըլ­­լայ որ յի­­շատա­­կեմ, տա­­կաւին իր առա­­ջին խօս­­քե­­­րուն մէջ շեշ­­տո­­­ւած հա­­յեցի դաս­­տիարա­­կու­­թեան կա­­րեւո­­րու­­թեան տո­­ղերը, որ տեղ գտած են Տէր Հօր գիր­­քին մէջ. «…Դաս­­տիարա­­կենք մեր ման­­կունքն եւ ջա­­նանք, որ մեր ազ­­գա­­­յին հին համ­­բաւն անա­­ղարտ մնայ, բարձրաց­­նեն ազ­­գա­­­յին բա­­րոյա­­կանու­­թիւնը, որով միայն կա­­րող կ՚ըլ­­լանք Տէ­­րու­­թեան եւ օտա­­րաց հա­­մարումն գրա­­ւել։…կրթենք մեր զա­­ւակ­­նե­­­րը Աս­­տո­­­ւած­­պաշտու­­թեան ու ուսմանց մէջ… թող զրկո­­ւի ամէն իրա­­ւունքնե­­րէ այն մար­­դը՝ որ զա­­ւակ­­ներ ու­­նի եւ զա­­նոնք դպրոց չի ղրկեր, դպրոց ու­­նի եւ հոգ չի տա­­նիր անոր, եկե­­ղեցի ու­­նի եւ ան­­հա­­­ւատա­­րիմ է անոր»։

«…մեր բա­­րոյա­­կան մտա­­ւորա­­կան եւ նիւ­­թա­­­կան վի­­ճակաց բար­­ւո­­­քումն ան­­բաւ զո­­հողու­­թեանց պէտք ու­­նի։ Մենք եկե­­ղեցի­­ներ, դպրոց­­ներ եւ հի­­ւան­­դա­­­նոց­­ներ ու­­նիմք, սա­­կայն մեր այս ազ­­գա­­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւնք՝ մե­­ծամեծ բա­­րեկար­­գութեանց եւ անոնց ապա­­հովու­­թիւնքն՝ մեծ ջա­­նից կա­­րօտ են։ Ու­­սումը տա­­րածե­­լու մե­­ծամեծ ջան­­քեր ընե­­լու եմք. Զի տա­­կաւին տգի­­տու­­թիւնը իւր ան­­բա­­­ժանե­­լի ըն­­կեր թշո­­ւառու­­թեամբ մե­­ծամեծ նախ­­ճիրներ կը գոր­­ծէ շատ տե­­ղեր եւ գրե­­թէ ամէն տեղ։…»

Տար­­բեր փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն մը ահա, Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քի յի­­շատա­­կին ընդմէ­­ջէն մտա­­ծել իր այնքան այժմէական խոր­­հուրդնե­­րուն մա­­սին, որոնք ըստ երե­­ւոյ­­թի այ­­սօր եւս ի զօ­­րու են։ Հե­­տեւա­­բար, տար­­բեր փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն մըն է այ­­սօր, քա­­նի կ՚աղօ­­թեմ առ բարձրեալն Աս­­տո­­­ւած բա­­րեխօ­­սու­­թեանը դի­­մելով հո­­գինե­­րու լու­­սա­­­ւորիչ Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւոր­­չին, որ­­պէսզի Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քի հո­­գին ներշնչէ բո­­լորիս կեան­­քե­­­րէն ներս ու դառ­­նանք ար­­ժա­­­նաւոր ջա­­հակիր­­նե­­­րը մեր նախ­­նեաց։

Այ­­լա­­­պէս, ազ­­գա­­­սէր Պատ­­րիար­­քի «Ազ­­գա­­­սէր» ածա­­կանին մօտ հա­­մախմբուինք այ­­սօր եւ ազ­­գա­­­սիրու­­թեան լաւ մե­­թոտը տես­­նենք Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քի գա­­ղափար­­նե­­­րուն, իտէալին եւ հա­­ւատ­­քին մէջ։ Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քը գի­­տէ՞ր, թէ՝ իր խօս­­քե­­­րը, ան­­շի­­­ջանե­­լի կամ­­քը տա­­րիներ յե­­տոյ այժմէակա­­նօրէն առաջ­­նորդ պի­­տի դառ­­նար շա­­տերուն։ Չեմ գի­­տեր, բայց վստահ եմ, թէ՝ ինչ որ գու­­շա­­­կեց ու ար­­տա­­­սանեց, վստահ ըլ­­լա­­­լու էր, թէ՝ ապա­­գային ու­­րիշ ան­­ձե­­­րու առ­­ջեւ պի­­տի մնար ուղղիչ, երբ անոնք կա­­րիքը ու­­նէին բա­­րոյա­­կան օժան­­դա­­­կու­­թեան։

Եւ ահա, երբ առի­­թը ու­­նե­­­ցայ հանգստա­­վայ­­րիս մէջ Պոլ­­սոյ մէջ մա­­տու­­ցո­­­ւած Ս. Պա­­տարա­­գին հե­­տեւե­­լու հա­­մացան­­ցի ճամ­­բով, Պատ­­րիարք Հայ­­րը եւս կ՚ար­­դա­­­րաց­­նէր Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քի տաս­­նեակ տա­­րիներ առաջ ար­­տա­­­սանած խօս­­քե­­­րը եւ ինք եւս կը շեշ­­տադրէր իմաս­­տութեան կա­­րեւո­­րու­­թիւնը հա­­մայնքա­­յին կեան­­քէն ներս, որուն մէջ շա­­ղախո­­ւած կը մնար գի­­տու­­թիւնը կեան­­քի վե­­րածե­­լու վար­­պե­­­տու­­թիւնը։ Հե­­տեւա­­բար կը միանամ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տին աղօ­­թախառն մաղ­­թանքին եւ կ՚աղօ­­թեմ որ, այս պատ­­գամնե­­րը չմնան սոսկ գե­­ղահիւս նա­­խադա­­սու­­թիւն, այլ դառ­­նան՝ ցնցող եւ ուղղող զօ­­րու­­թիւն վասն բա­­րօրու­­թեան հա­­մայնքին։

Հուսկ ահա կը կրկնեմ, հե­­տեւի՛նք այ­­սօ­­­րուան տար­­բեր փոր­­ձա­­­ռու­­թեան շունչէն դուրս եկած Ներ­­սէ­­­սաշունչ պատ­­գամնե­­րուն։ Կեց­­ցէ՛ Կեդ­­րո­­­նակա­­նը եւ կեց­­ցէ՛ Կեդ­­րո­­­նակա­­նին ծնունդ տո­­ւող Ներ­­սէս Պատ­­րիար­­քին սրբա­­զան իտէալը։

28 Նո­­յեմ­­բեր 2021, Կի­­րակի

Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­միածին

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ