Սեւան Նշանեան պիտի արտաքսուի, բայց ո՞ւր

Հանրածա­նօթ մտա­ւորա­կան Սե­ւան Նշա­նեան այս ան­գամ ալ փոր­ձանք դար­ձած է Յու­նաստա­նի կա­ռավա­րու­թեան հա­մար։ Նշա­նեան Թուրքիոյ բան­տե­րէն խոյս տա­լով ապաս­տա­նած էր Յու­նաստան եւ իս­կոյն դի­մած էր իշ­խա­նու­թիւննե­րուն քա­ղաքա­ցիու­թիւն ստա­նալու հա­մար։ Մինչ այդ ամուսնա­ցած էր յու­նա­հայ տի­կին Իրա Զօ­րուի հետ եւ այս մի­ջոցով ալ ինքնա­բերա­բար իրա­ւունք ապա­հոված էր քա­ղաքա­ցի դառ­նա­լու հա­մար։ Սա­կայն Նշա­նեանի փաս­տա­թուղթե­րը շա­րու­նա­կեցին գոր­ծարկի մէջ մնալ եւ վեր­ջա­պէս ալ մեր­ժո­ւեցան յու­նա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ։

Ան­դին Սե­ւան Նշա­նեան իր հա­րազատ­նե­րուն հետ կա­րօտ յա­գեց­նե­լու հա­մար որո­շեց եր­թալ Մոն­թե­նեկ­րօ, քա­նի որ այս եր­կրի ճամ­բորդե­լու հա­մար վի­զայի պայ­մաննե­րը շատ հեշտ էին ու աժան։ Վե­րադար­ձին սահ­մա­նագ­ծին վրայ զինք տե­ղեակ պա­հեցին թէ ան մատ­նո­ւած է ան­բաղձա­լի ան­ձի, մի­ջաց­գա­յին դի­ւանա­գիտա­կան եզ­րով persona non grata-ի դիր­քին։ Այսպէս որոշ ժա­մանակ հա­րեւան երկրի օդա­կայա­նը մնա­լէ ետք հա­զիւ ար­տօ­նուե­ցաւ իր բնա­կած Սա­մոս կղզին վե­րադառ­նալ տնա­յին կա­լան­քի պայ­մա­նով։

Նշա­նեանի Յու­նաստա­նէն ար­տաքսուելու խնդի­րը դա­տական վճի­ռի կը կա­րօտի։ Հա­ւանա­կան է որ դա­տարա­նը որո­շէ զինք վե­րադարձնել իր եկած եր­կի­րը՝ Թուրքիա, ուր դա­տապար­տուած էր 13 տա­րուայ ազա­տազրկման։

Սե­ւան Նշա­նեան 2019 թո­ւակա­նին յա­ջողած էր ստա­նալ նաեւ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիու­թիւն։ Հե­տեւա­բար Թուրքիոյ վե­րադար­ձո­ւելու ան­պա­տեհ հա­ւանա­կանու­թեան դէմ Աթեն­քի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նատու­նը սկսած է մի­ջոց­ներ որո­նելու, որ­պէսզի ար­տաքսման պա­րագա­յին Նշա­նեան յանձնո­ւի ոչ թէ Թուրքիոյ այլ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան։

Յու­նաստա­նի կա­ռավա­րու­թեան այս տա­րօրի­նակ որո­շու­մը խոր ընդվզում յա­ռաջա­ցու­ցած է մտա­ւորա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ, ուր զա­նազան­ներ ան­հա­ւատա­լի կը գտնեն Յու­նաստա­նի կա­ռավա­րու­թեան այս որո­շու­մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ