«Հայաստանին երախտապարտ եմ, բայց…»

Յունաստանի մէջ կեցութեան իրաւունքը վերացած Սեւան Նշանեան 10 Յունուարին յաջորդող 15 օրուայ մէջ պէտք է լքէ երկիրը։ Անուանի լեզուաբանի հետ զրուցեցինք ապագայի ծրագիրներու մասին։

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Ե.Տ.- Նախ յա­ջողու­թիւն կը մաղ­թեմ։ Յու­նաստան ար­դեօք երտքայլ մը կ՚ընէ՞ այս որո­շու­մէն։

Ս.Ն.- Քաֆ­կա­յական տա­րօրի­նակու­թիւններ կ՚ապ­րիմ։ Նախ Մի­տիլ­լիի ապա­հովու­թեան Բարձրաս­տի­ճան Ատեան­նե­րու մօտ պի­տի քննար­կո­ւի ար­տաքսման որո­շու­մը վե­րաց­նե­լու դի­մումս։ Ապա Սի­րոսի դա­տարա­նը որոշում պի­տի կա­յաց­նէ սեւ ցու­ցա­կէն անու­նիս ջնջո­ւելու մա­սին։ Միւս կող­մէն Աթեն­քի մէջ տա­կաւին չէ աւար­տած երեք տա­րիէ ի վեր ձգձգո­ւած քա­ղաքա­ցիական դի­մու­մը։ Փաս­տա­բան­նե­րը ամէն օր 12 ժամ այս նիւ­թով կ՚աշ­խա­տին։

Ե.Տ.- Հա­ւանա­կան է նաեւ Հա­յաս­տան հաս­տա­տուիլ։ Այդ մա­սին հե­ռան­կար մը ու­նի՞ք, թէ ոչ կա­նուխ է այս հար­ցումին հա­մար։

Ս.Ն.- Ճիշդ է Հա­յաս­տա­նը տրա­մաբա­նական այ­լընտրանք մըն է։ Երախ­տա­պարտ եմ այդ փոքր ու առան­ձին երկրին։ Բայց պի­տի դժո­ւարա­նամ այս տա­րիքէս վերջ նոր կեանք մը ձե­ւաւո­րելու։ Մնաց որ ես եր­բեք չեմ հե­տեւած տրա­մաբա­նական ճամ­բուն։

Ե.Դ.- Իսկ այս ար­տաքսման որո­շու­մին ետին ի՞նչ կայ։

Ս.Ն.- Եթէ Քա­զան­ճա­քիսի վէ­պերը կար­դա­ցած էք գի­տէք այս սի­րուն կղզիի գիւ­ղե­րուն մէջ բամ­բա­սանքնե­րուն ներ­քուստ ծա­ծուկ կեր­պով աճե­լով յան­կարծ ինչպի­սի փո­թորի­կի մը վե­րածո­ւիլը։ Ին­ծի հա­մար ալ նոյ­նը պա­տահե­ցաւ։ Նախ «Թուրք մը եկեր է գիւ­ղին տու­նե­րը կը գնէ» ըսե­լով առաս­պել մը տա­րածուեցաւ։ Յե­տոյ բամ­բա­սանքներ ալ տա­րածուեցան «Ասոնք մզկիթ ալ կը կա­ռու­ցեն»։ Եւ այսպէս իրեն զբա­ղում փնտռող գիւ­ղի ազ­գայնա­կան շրջա­նակ­ներն ալ ալաւե­լի հրահ­րե­ցին եւ տա­րօրի­նակ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուեցաւ։ Աթեն­քի իշ­խա­նաւոր­նե­րը այս բո­լորէն որ­քա­նով տե­ղեակ են ան­շուշտ չեմ կրնար գիտ­նալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ