Ողջոյնի խօսք «Սերտեսթան»ի հեղինակին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

2008-ի Յու­նո­ւար ամիսն էր։ 19 Յու­նուարին նա­խոր­դող օրե­րուն եր­կու երի­տասարդ կի­ներ ձեռ­քերնին մե­ծածա­ւալ կտա­ւով մը այ­ցե­լեցին «Ակօս»ի խմբագ­րա­տու­նը։ Հա­յերէն էջե­րու աւագ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեան զի­րենք առաջ­նորդեց դէ­պի հա­յերէն էջե­րու գրա­սենեակ։ Շու­տով պար­զո­ւեցաւ թէ անոնք քոյ­րերն էին ցկեանս ազա­տազրկման դա­տապար­տո­ւած քաղ­բանտար­կեալ Ճեն­կիզ Սի­նան Չե­լիքի։ Ինք էր նաեւ այդ կտա­ւի հե­ղինակ գե­ղան­կա­րիչը, որ պաս­տա­ռի վրայ քո­լաժի դրու­թեամբ նկա­րած էր Հրանդ Տին­քը եւ անոր դա­ժան սպանու­թիւնը ցո­լաց­նող նիւ­թեր։ Այդ նկա­րը մին­չեւ խմբագ­րա­տան նոր շէնք փո­խադ­րո­ւիլը եր­կար տա­րիներ մնաց մեր սե­նեակի պա­տին վրայ։ Նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին քոյ­րե­րը կրկին յայտնուեցան, այս ան­գամ հե­ռաձայ­նով եւ, պար­զե­ցին թէ մե­զի յանձնել կ՚ու­զեն իրենց եղ­բօր նոր լոյս տե­սած բա­նաս­տեղծա­կան հա­ւաքա­ծոն՝ «Սեր­տեսթան»ը։ Այս նոր հան­դի­պու­մով ան­գամ մը եւս յի­շեցի «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու աւագ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեանը, որ խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լող­նե­րուն ոգե­ւորու­թեամբ եւ յու­զումով կը ծա­նօթաց­նէր այդ գոր­ծը ու անոր հե­ղինա­կը։

Թղթա­տելով «Սեր­տեսթան»ը կը տես­նենք թէ Ճեն­կիզ Սի­նան Չե­լիք բնու­թեան եւ ըն­կե­րային կեան­քէ քա­ղած նիւ­թե­րը բա­նաս­տեղծու­թեան վե­րածած է յա­ճախ օգ­տո­ւելով Տեր­սի­մի դի­ցաբա­նու­թե­նէն։ Այդ ոճը պա­հան­ջած է թէ հրա­տարա­կիչ­նե­րը բա­ցատ­րա­կան յա­ւելո­ւած մը տե­ղադ­րեն որ­պէսզի ըն­թերցո­ղը իրա­զեկեն բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու մէջ յա­ճախ նշո­ւած զա­զայե­րէն բա­ռամ­թերքին։

Գիր­քը թղթա­տելով կը հաս­նիմ բա­նաս­տեղծա­կան վեր­ջին նմոյ­շին, որ կը կրէ «Ձնծա­ղիկը Կօշ­կիս Տակ» խո­րագի­րը, որուն տակ իբ­րեւ ձօն նշո­ւած է «Աղ­բեր Հրան­դին»։

Գի­տեմ որ դա­ժան գործ է բա­նաս­տեղծու­թեան թարգմա­նու­թիւնը, բայց պար­տա­ւոր կը զգամ «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րու փո­խան­ցել այս սրտցաւ բա­նաս­տեղծի տո­ղերը։

Վի­րան լեռ­նե­րուս սար­սա­փը չէ սիրտս ճզմող ցա­ւը

Կու­տա­կուած աղա­ղակ մը, աչ­քե­րէս կ՚իջ­նեն դար­դիչնե­րուս

Ե՞րբ կը լռէ անէծքնե­րուս ար­ձա­գան­գը

Ներ­քուստ աղաւ­նիի երկչո­տու­թիւնը փե­փիւք

Խիղ­ճը կորցրած երեք պղնձեայ թե­ւեր էին

Արիւ­նե­ցին մարմնիս երեք ակե­րը

Մերկ լե­րան մը գա­գաթն եմ մինչդեռ

Վար­դա­վառէն այս կողմ

Պախ­րա­ներուն հետ գո­վեր­գե­ցի իմ մէջ պա­հած լռու­թիւնը

Աղա­ղակիս աղաւ­նու երկչոտու­թիւնը փե­փիւք

Ախ՜ եթէ աղա­ղակէք

Ախ՜ եթէ աղա­ղակէի պի­տի ճա­թէր ան­դունդը

Երկնա­կամա­րը պի­տի թա­փէր աչ­քե­րէս

Ցուրտ էր ին­կած հողս

Ցուրտ է մե­նու­թեանս, վէր­քե­րուս փե­փիւք

Կօ­շիկիս տա­կը ձնծա­ղիկ էր ծաղ­կած։

Հրան­դի երես­նի­վար փռո­ւած հսկայ մարմնին տակ արար աշ­խարհ տե­սաւ մա­շած կօ­շիկ­նե­րու ճեղ­քը։ Ահա­գին թա­նաք սպա­ռեցաւ այդ ճեղ­քե­րու մեկ­նա­բանու­թիւնով։ Իսկ բան­տարկեալ բա­նաս­տեղծը այդ ճեղ­քե­րը ահա կը տես­նէր իբ­րեւ ձնծա­ղիկ, որ կու գար Հրան­դի ազ­նիւ միտ­քը, կուռ պայ­քա­րը պսա­կելու։

Ինչպէս բազ­մա­թիւ բան­տարկեալ­ներ Ճեն­կիզ Սի­նան Չե­լիք ալ «Ակօս»ի Հրան­դէն ժա­ռան­գած ուխտին հա­մաձայն կը ստա­նայ «Ակօս»ի տպա­գիր օրի­նակ­նե­րը, իբ­րեւ անվճար բա­ժանոր­դագրու­թիւն։ Ափ­սոս որ բան­տի իշ­խա­նու­թիւննե­րը կ՚ան­ջա­տեն թեր­թի հա­յերէն էջե­րը պատ­ճա­ռաբա­նելով թէ գրաքննու­թեան պա­հուն չեն կրնար ստու­գել թէ այդ էջե­րուն վրայ ան­պա­տեհ նիւ­թեր կա՞ն, թէ ոչ։

Այս տո­ղերը ող­ջոյնի խօսք է իր արուես­տա­գէտի ոգիին եւ գրա­կան վաս­տա­կին հան­դէպ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ