Ոգեկոչում Թահիր Էլչիի

28Նո­յեմ­բեր եր­կուշաբ­թի օր Տի­յապե­քիրի Փաս­տա­բան­նե­րու Կա­ճառի նախ­կին նա­խագահ Թա­հիր Էլ­չի մա­հուան Է. տա­րելի­ցի առ­թիւ յի­­շատա­­կուե­­ցաւ նոյն սպան­­նո­­­ւած վայ­­րի վրայ։ Այս առ­­թիւ նախ հան­­րա­­­հաւաք մը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ Տի­­յար­­պե­­­քիրի Ար­­դա­­­րադա­­տական շէն­­քի առ­­ջեւ եւ ապա երթ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ դէ­­պի Չորս Ոտ­­քով Մի­­նարէ, որուն ներ­­քեւ սպան­­նո­­­ւած էր Թա­­հիր Էլ­­չի։ Այստեղ Էր­­չիի Այ­­րին Թիւրքան Էլ­­չի ըն­­թերցեց ամուսնոյն ուղղեալ նա­­մակը։

«Աշուն է կրկին, Նո­­յեմ­­բեր դար­­ձեալ։ Հա­­րիւ­­րա­­­ւոր ձեռ­­քե­­­րով մե­­խակ­­ներ կը թո­­ղունք այս սեւ քա­­րերուն վրայ։ Տա­­րուէ տա­­րի կը շատ­­նան մե­­խակ­­նե­­­րը։ -Զէնք, բա­­խում, կռիւ չենք ու­­զեր- կան­­չող ձայ­­նիդ դպչած սեւ քա­­րերուն վրայ այս տա­­րի ալ աւե­­լի շատ են մե­­խակ­­նե­­­րը։ Տի­­րող զու­­լումէն հաւ­­քե­­­րը ան­­գամ հե­­ռացան այս երկնա­­կամա­­րէն։ Լռե­­ցու­­ցին -մարդկու­­թիւն- աղա­­ղակող մեր ճի­­չերը։ Քա­­րին ին­­կանք, կո­­տորո­­ւեցաւ փո­­ղոցը, փուլ եկաւ թա­­ղամա­­սը։ Սպա­­ռեցան յոյ­­սե­­­րը։ Երե­­խէքը խա­­ւաքար­­տէ տու­­փե­­­րու մէջ յանձնե­­ցին ծնող­­նե­­­րուն։ Բայց կամ­­քը հզօր է։ -Զէնք, կռիւ, բա­­խում չենք ու­­զեր- ըսող ձայնդ դեռ կը հնչէ մեր ականջնե­­րուն մէջ …»։

Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան Կու­­սակցու­­թիւնն ալ Թա­­հիր Էլ­­չիի սպան­­նութեան առ­­թիւ յա­­տուկ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը ըրաւ։ «Թա­­հիր Էլ­­չիի սպա­­նու­­թիւնը մեկ­­նա­­­կէտը եղաւ նաեւ խա­­ւար ու քաոսա­­յին շրջա­­նի մը։ Էլ­­չին սպան­­նողնե­­րը եւ այդ ոճ­­րա­­­գործնե­­րուն թեւ-թի­­կունք կանգնող քա­­ղաքա­­կան կամ­­քը եւ դա­­տական հա­­մակար­­գը այ­­սօր ալ իբ­­րեւ չա­­րիքի հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւն կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր գո­­յու­­թիւնը։ Յար­­գանքով կը յի­­շենք Թա­­հիր Էլ­­չին։ Ան իր ամ­­բողջ կեան­­քը նո­­ւիրած էր ար­­դա­­­րու­­թեան եւ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պայ­­քա­­­րին։ Մենք այդ պայ­­քա­­­րը նոյն հա­­ւատար­­մութեամբ շա­­րու­­նա­­­կելու ուխտած ենք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ