Նոր ժամանակներու թելադրանքը

Հայաս­տա­նի Ան­վա­տան­գութեան Ծա­ռայու­թիւննե­րու լու­սա­բանու­թեան բա­ժինը վեր­ջերս յայ­տա­րարած է Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիու­թեան հա­մար կա­տարուած վի­ճակագ­րա­կան դի­մումնե­րու ցու­ցա­կը։

1 Յու­նո­ւար 2022-էն մին­չեւ 27 Հեկ­տեմբեր 2022 Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիու­թիւն ստա­նալու հա­մար կա­տարո­ւած է 19,630 դի­մումներ, որոնց ջախ­ջա­խիչ մե­ծամաս­նութիւ­նը, այ­սինքն 19,000 հա­յեր են։ Տո­ւեալ­նե­րու ու­սումնա­սիրու­թիւնը կը պար­զէ թէ Ռու­սիա-Ուկրաինա պա­տերազ­մի սկսե­լէն ան­մի­ջապէս ետք դի­մումնե­րու մէջ մեծ ոս­տում ար­ձա­նագ­րո­ւած է։

Այս տա­րի Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիու­թիւն ստա­նալու հա­մար Ռու­սաստա­նէն 14,661, Վրաս­տա­նէն 1715, Լի­բանա­նէն 1045, Սու­րիայէն 528, Իրա­նէն 456, ԱՄՆ-էն 220 եւ Ուկրաինա­յէն 225 ան­ձեր դիմում կատարած են։

Հե­տաքրքա­կան է այս վի­ճակագ­րութեան պար­զած պատ­կե­րը, ան­ցեալին աւե­լի հան­գիստ պայ­մաննե­րու տի­րանա­լու հա­մար Ռու­սիա կամ Ուկրաինա գաղ­թած հա­յերը այժմ անվտան­գութեան հո­գերով կ՚ու­զեն վե­րատի­րանալ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիին ար­ժա­նացած փառ­քե­րուն։

Յի­շենք որ հա­մավա­րակով կանգ առած ալ ըլ­լայ մօտ ան­ցա­լին Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցի բազ­մա­թիւ հա­յեր եւս դի­մած էին նոյն ճա­նապար­հին եւ ապա­հոված էին Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան քա­ղաքա­ցիի իրա­վիճակը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ