Պետութիւնը ինչո՞ւ այսքան անտարբեր է

Ժողովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան Կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան Խորհրդա­­րանի մէջ երբ կը քննար­­կո­­­ւէր 2023 թո­­ւի նա­­խագա­­հական պիւտճէն, դի­­մելով նա­­խագա­­հի օգ­­նա­­­կան Ֆո­­ւաթ Օք­­թա­­­յին հար­­ցուց թէ իրեն ու­­ղո­­­ւած սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու դէմ ին­­չո՞ւ հա­­մար պե­­տական ոչ մէկ հա­­ստա­­տու­­թիւն շարժման կ՚անցնի։ «Պե­­տական կա­­ռոյցնե­­րը միայն ձե­­զի՞ ու­­ղո­­­ւած սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րը կը հե­­տապնդեն»։

Կա­­րօ Փայ­­լան այս նիւ­­թի շուրջ ըսած է հե­­տեւեալը. «Պնդումնե­­րու հա­­մաձայն բա­­նակէ ներս յան­­ցա­­­գործնե­­րու կազմ մը գո­­յաց­­նող Լե­­ւենթ Կէօք­­թաշ սպա­­նած է Հապ­­լե­­­միթօղ­­լուն։ Թէ ին­­չո՞ւ իբ­­րեւ թէ եր­­կուքն ել Ազ­­գա­­­յին Լրա­­քաղու­­թեան Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան (MİT)ի նա­­խագահ ըլ­­լալ ու­­զած են։ Ես կը հարցնեմ ձեզ, ան­­հատներ բա­­նակի մէջ ինչպէ՞ս կրնան նման կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու ձեռ­­նարկել։

Նոյն յան­­ցա­­­գործ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը 2016-ին ալ Խորհրդա­­րանի մէջ ին­­ծի դէմ մա­­հափորձ ծրագ­­րեր է։ Այդ ծրա­­գիրը իրենք հրա­­պարա­­կեցին։ Այս մա­­սին Խորհրդա­­րանի նա­­խագա­­հին դի­­մեցի։ Զա­­նազան կա­­ռոյցնե­­րուն գրա­­ւոր դի­­մում կա­­տարե­­ցի։ Երեք ամիս անց պե­­տու­­թեան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րէն ոչ մէ­­կը շարժման ան­­ցած է։ Երկրի մէջ միայն մէկ հայ երես­­փո­­­խակ կայ եւ անոր դէմ ալ մա­­հափորձ կը ծրագ­­րո­­­ւի։ Ես այս պա­­հուն պարզ ու յստակ հար­­ցում մը կ՚ուղղեմ ձեզ։ Այս պե­­տու­­թեան կա­­ռոյցնե­­րը միայն ձեր, միայն իշ­­խա­­­նու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րու անվտան­­գութեան պա­­րագա­­յի՞ն շարժման կ՚անցնին։ Եթէ խնդրոյ արար­­կան ընդդի­­մադիր պատ­­գա­­­մաւոր մըն է, քիւրտ կամ հայ գոր­­ծիչ մըն է սո­­վորա­­բար կոյր, խուլ եւ հա՞մր կը դառ­­նան»։

Սոյն տա­­րուայ Օքոս­­տոս ամ­­սուն Նե­­ճիպ Հապ­­լե­­­միթօղ­­լո­­­ւի սպա­­նու­­թեան փա­­խուստեալ մե­­ղադ­­րեալ Լե­­ւնդ Կէօք­­թա­­­շի հետ առնչո­­ւած նոր պնդում մը օրա­­կար­­գի եկած էր։ Յան­­ցա­­­գործ աշ­­խարհի կա­­րեւոր դէմ­­քե­­­րէն Ալա­­հատ­­տին Չա­­քըճըի նախ­­կին փաս­­տա­­­բան Մեհ­­մետ Սի­­նան Ին­­ճէ սոցցան­­ցե­­­րու վրայ գրա­­ռու­­մով մը նշած էր որ Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի դէմ մա­­հափորձ ծրագ­­րո­­­ւած էր, բայց վեր­­ջին պա­­հուն այդ ծրա­­գիրէն հրա­­ժարե­­ցան։

Փայ­­լան այս լսումնե­­րու վրայ դա­­տական մար­­միննե­­րուն դի­­մում կա­­տարած էր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ