Շնորհանդէս Գարակէօզեանի 100-ամեակի յուշամատեանին

3Դեկ­տեմբեր շա­բաթ յետ­մի­ջօրէին Գա­րակէօզեան որ­բա­նոցի եր­դի­կին տակ կա­տարո­ւեցաւ այս հաս­տա­տու­թեան 100 ամեայ պատ­մութիւ­նը բո­վան­դա­կող երկլե­զու հա­տոր­նե­րու գի­նեձօ­նը։ Մի­ջոցառ­ման ներ­կայ էր Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ.։

Վար­ժա­րանի ու­սուցչաց կազ­մէն Մա­րի Ար­զուման նախ ող­ջունեց ներ­կա­ները եւ ապա ստանձնեց հան­դի­սավա­րի պաշ­տօ­նը ու բեմ հրա­ւիրեց Գա­րակէօզեանի տնօ­րէնու­հի Նա­րօտ Վե­րոնիք Քու­րուղօղ­լու։

Տնօ­րէնու­հին նախ դրո­ւատեց այս հաս­տա­տու­թեան պատ­մա­կան ան­ցեալը եւ ապա բո­վան­դա­կալից բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ դպրւցի այժմու բազ­մաբնոյթ ուսման ծրագ­րին մա­սին։ Ան նշեց թէ Գա­րակէօզեանը հիմ­նադրու­թեան տա­րինե­րու պա­հան­ջին հա­մապա­տաս­խան կեր­պով նախ ձե­ւաւո­րուած է իբ­րեւ որ­բա­նոց։ Տա­րեթիւն է 1912։ Թէ Հա­միտեան ջո­կատ­նե­րու կո­տորած­նե­րը, թէ Ատա­նայի ջար­դե­րը հայ ժո­ղովուրդի օրա­կար­գին բե­րին որ­բե­րու շատ լուրջ խնդիր մը։ Ան­տէ­րու­թեան վտան­գին հետ դէմ առ դէմ մնա­ցած երա­խանե­րուն հա­մար անհրա­ժեշտ էր նոր մի­ջոնե­րու ապա­հովու­մը, որուն հա­մար մեծ նո­ւիրու­մով աշ­խա­տան­քի լծո­ւեցաւ Գա­րակէօզեան ըն­տա­նիքը։ Վար­ժա­րանի այս յատ­կութիւ­նը յու­շա­մատեանի մէջ յա­տուկ ընդգծո­ւած է եր­կու ար­ժէ­քաւոր պատ­մա­բան­նե­րու՝ Սա­յիթ Չե­թինօղ­լո­ւի եւ Այ­շէ Հիւ­րի յօ­դուած­նե­րով։ Սա­յիթ Չե­թինօղ­լու վի­ճակագ­րա­կան տուեալներով ալ նկա­րագ­րած իր յօ­դուա­ծին մէջ յան­գա­մանօ­րէն կը վեր­լուծէ այս նիւ­թը, կա­տարեալ կեր­պով պար­զե­լով տո­ւեալ ժա­մանա­կի պատ­մա­քաղա­քական հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։ Իսկ Այ­շէ Հիւր յատ­կա­պէս կ՚ընդգծէ Քու­լե­լիի զօ­րանո­ցին ան­ցեալին իբ­րեւ որ­բա­նոց շա­հագործման երե­ւոյ­թը։

Տնօ­րէնու­հիի ելոյ­թէն ետք բեմ բարձրա­ցաւ այս հա­տորի խմբագ­րութիւ­նը ստանձնած պատ­մա­բան եւ հե­տազօ­տիչ Սիր­վարդ Մալ­հա­սեան։ Մալ­հա­սեան երախ­տի­քով յի­շեց այս յու­շա­մատեանին իբ­րեւ հիմք ծա­ռայող նա­խորդ աշ­խա­տասի­րու­թիւննե­րու հե­ղինակ­նե­րը՝ Թո­րոս Ազա­տեանը եւ Վա­րու­ժան Քէօսէեանը։ Ազա­տեան նա­խապէս ու­սումնա­սիրած էր Գա­րակէօզեանի 1912 թո­ւի հիմ­նարկու­թե­նէն մին­չեւ 1939 եր­կա­րող ժա­մանա­կահա­տուա­ծը։ Ապա Վա­րու­ժան Քէօսէեան այդ պատ­մութիւ­նը բե­րած էր մին­չեւ 1980-ական թո­ւական­ներ։ (Այս պա­հուն սրտի դառ­նութեամբ կը յի­շենք Վա­րու­ժան Քէօսէեանի «Ակօս»ի խմբագ­րա­տուն մա­նաւանդ ալ իր վա­ղեմի բա­րեկամ «Ակօս»ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ հա­յերէն էջե­րու եր­կա­րամեայ աւագ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեանի տո­ւած այ­ցե­լու­թիւննե­րը։ Ան այդ այ­ցե­լու­թիւննե­րու պա­հուն յա­ճախ կը յայտնէր իր այդ ու­սումնա­սիրու­թեան ան­տիպ մնա­լէն զգա­ցած դառ­նութիւ­նը։ Այ­սօր թէեւ այդ աշ­խա­տու­թիւնը աւար­տին հա­սած է, բայց եթէ Տի­կին Մալ­հա­սեան չնշէր ըն­թերցո­ղը այս հա­տորին մէջ պի­տի չհան­դի­պէր ոչ Թորս Ազա­տեանի եւ ոչ ալ Վա­րու­ժան Քէօսէեանի անուննե­րուն)։

Շնոր­հանդէ­սին առ­թիւ մե­ծարո­ւեցան նաեւ 100-ամեակի կար­գա­դիր յանձնա­խումբը, որուն կը նա­խագա­հէր պոլ­սա­հայ հա­մայնքի ար­ժան­աւոր բա­րերար­նե­րէն Հայկ Արսլա­նեան։ Խնա­մակա­լու­թեան ատե­նապե­տի շնոր­հա­կալա­կան ելոյ­թէն ետք մի­ջոցա­ռու­մը աւար­տին հա­սաւ Պատ­րիարք Սրբա­զանի ար­տա­սանած խո­րիմաց հուսկ բան­քով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ