Խաչատուրեան Դպրաց Դասու տարեդարձը

ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թե­մի Խա­չատու­րեան Դպրաց Դաս Երգչա­խումբի հիմ­նադրու­թեան 44րդ տա­րեդար­ձը Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Յով­նան Ար­քեպս. Տէր­տէ­րեանի նա­խագա­հու­թեամբ նշո­ւեցաւ 4 Դեկ­տեմբեր 2022, Կի­րակի առա­ւօտ Ս. Ղե­ւոն­դեանց Մայր Տա­ճարի մէջ։ Ս. Պա­տարա­գը մա­տոյց Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյս միաբան­նե­րէն Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեան։ Արա­րողու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Գերշ. Տ. Պար­գեւ Ար­քեպս. Մար­տի­րոսեան, ինչպէս նաեւ Ատե­նապետ Սա­րօ Մա­րու­քեանի գլխա­ւորու­թեամբ Խա­չատու­րեան Դպրաց Դա­սու վա­րիչ­ներ։

Եր­գե­ցողու­թիւննե­րը կա­տարո­ւեցան Խա­չատու­րեան Դպրաց Դաս Երգչա­խումբի կող­մէ, առաջ­նորդու­թեամբ՝ Դպրա­պետ Բրշ. Ստե­փան Սրկ. Կէօզիւ­մեանի։

Նախ քան Տէ­րու­նա­կան Աղօթ­քը, Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը, ող­ջոյնի խօսք մը ար­տա­սանեց եւ ներ­կա­յացուց պա­տարա­գիչ Հայր Սուրբը։

Հայր Սուրբը անդրա­դար­ձաւ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր օրհնու­թեան խօս­քին։ Հայր Սուրբը քա­րոզեց «Երա­նելի սուրբ առա­քեալք, սպա­սաւորք եւ բա­րեկամք եւ վկայք Աս­տո­ւածորդւոյն» բնա­բանով։ Յի­շեցուց որ առա­քելա­կան հա­ւատք ու­նե­նալ կը նշա­նակէ, նախ եւ առաջ իրենց փո­խան­ցո­ւած հա­ւատ­քին հե­տեւիլ։ Սա­կայն նաեւ առա­քելա­կան կը նշա­նակէ առա­քելու­թեան նո­ւիրո­ւիլ եւ սպա­սաւոր­ներ ու վկա­ներ ըլ­լալ Քրիս­տո­սի։

Ս. Պա­տարա­գի աւար­տին Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր նա­խագա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հո­գեհանգստեան Պաշ­տօն, որով յի­շատա­կուե­ցան Գա­րեգին Ա., Շնորհք, Գա­րեգին Բ. եւ Մես­րոպ Պատ­րիարքնե­րը, ինչպէս նաեւ վախ­ճա­նեալ հիմ­նա­դիր­ներն ու ան­դամնե­րը։

Ս. Պա­տարա­գէ յե­տոյ, Առաջ­նորդ Սրբա­զանը, իր կող­քին ու­նե­նալով Հայր Սուրբը, Առաջ­նորդա­րանի դահ­լի­ճին մէջ հան­դի­պեցաւ Խա­չատու­րեան Դպրաց Դա­սու ան­դամնե­րու հետ։

Հայր Սուրբը եւս սրտի խօսք մը ար­տա­սանեց ու շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Սրբա­զան Հօր հրա­ւէրին հա­մար։ Իր խօս­քին մէջ նաեւ անդրա­դար­ձաւ, որ Խա­չատու­րեան Երգչա­խումբը թէեւ Պո­լիսէ հե­ռու հիմ­նո­ւած է, սա­կայն իր յա­ջողու­թիւննե­րը ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռած է Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քութե­նէ ներս։ Այս առու­մով յի­շեցուց, որ Ամե­նապա­տիւ Սրբա­զան Պատ­րիարք Հայ­րը Խա­չատու­րեան Երգչա­խումբին կը մաղ­թէ ամե­նայն բարիք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ