Արարատի դաշտի որդան կարմիրը

ԻՐԱ ՑՈՐՈՒ

Հին առասպելներու մէջ կը պատմուի Նոյ նահապետի թոռներուն կողմէ օգտագործուած կարմիր ներկի մը մասին, որ կը մշակուի որդէ մը։ Հին դարերուն Արարատի դաշտի բուսականութեան մէջ աճող փոքրիկ միջատ մըն է այդ որ­դը, որ հայ գիւ­ղա­ցիներ կը հա­ւաքեն ու մշա­կելով մուգ կար­միր ներկ մը կը պատ­րաստեն։ Այս բնա­կան ներ­կը դա­րեր շա­րու­նակ հա­յոց պար­ծանք պատ­ճա­ռած է։ Նոյ­նիսկ հին մա­տեան­նե­րու մէջ հե­ռու եր­կիրնե­րու բնա­կիչ­նե­րը «Հա­յոց եր­կիր» ըսե­լու փո­խարէն գոր­ծա­ծած են «Որ­դան եր­կիր» ասու­թիւնը։

Հա­յաշ­խարհը այդ ներ­կը անո­ւանեց որ­դան կար­միր։ Հին ձե­ռագիր մա­տեան­նե­րու մէջ այս գոյ­նը հա­յոց թա­գաւո­րու­թեան մե­նաշ­նորհը դար­ձած էր։ Այս որ­դի տե­սակը աշ­խարհի վրայ ու­նի երեք տե­սակա­ն է, որոնք կ՚անո­ւանո­ւին իրենց գտնո­ւած աշ­խարհագ­րա­կան դիր­քե­րով՝ հայ­կա­կան, մեք­սի­քական եւ լե­հական։ Որ­դի մշա­կու­մով պատ­րաստո­ւած ներ­կը կունենար վառվռուն դեղ­նէն դէ­պի կար­միր եւ մա­նիշա­կագոյն եր­կա­րող զա­նազան երանգներ։ Գիտ­նա­կան­նե­րը կը յայտնեն թէ հին դա­րերուն մա­նիշա­կագոյն գոյ­նը միայն ու միայն Արա­րատի դաշ­տի որ­դով կ՚ապա­հովո­ւէր եւ կ՚օգ­տա­գոր­ծո­ւէր հայ ման­րանկար­չութեան մէջ։ Թէ Վա­ղար­շա­պատի պատ­մութեան եւ ազ­գագրա­կան թան­գա­րան­նե­րու ար­խիւնե­րը եւ թէ Մաշ­տո­ցի անո­ւան Մա­տենա­դարա­նի մէջ պա­հուած ձե­ռագիր մա­տեան­նե­րը այս հնա­գոյն ներ­կի վառ օրի­նակ­նե­րը կը ցո­լաց­նեն։

Արար­տի որ­դի մա­սին առա­ջին գրա­ւոր փաս­տա­թուղթը Ե. դա­րու պատ­միչ Ղա­զար Փար­պե­ցիի գրա­ռումնե­րուն մէջ կը յայտնուի։ Այս դժո­ւար գտա­նելի որ­դին կա­րելի է հան­դի­պիլ Հա­յաս­տա­նի, Պարսկաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ արե­ւելեան շրջան­նե­րու մէջ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ ան յա­ճախ կը յայտնա­բերո­ւէր Արա­րատի դաշ­տը։ Պար­սիկ պատ­մա­բան Ահ­մատ իպն Եահեա ալ-Պա­լատ­հուրի «Թիւ­թուհուլ-Պուլտան» անուն գոր­ծին մէջ պատ­մա­կան Ար­տա­շատ բնա­կավայ­րը կը բնու­թագրէ Ալ-Քիր­միզ ածա­կանով։ Կը պատ­մէ թէ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը կար­միր ներկ ար­տադրե­լով կը զբա­ղուէին։ Միջ­նա­դարեան բա­զում արաբ պատ­միչներ կը յի­շեն որ­դան կար­մի­րը թէ բուրդէ հիւ­սո­ւած­նե­րու ներկման եւ թէ ձե­ռագիր մա­տեան­նե­րու նկա­րազարդման մէջ գոր­ծա­ծու­թեան մա­սին։ Միջ­նա­դարեան արաբ պատ­միչնե­րէն Ալ-Մու­քատտե­սի այս որ­դը կը նշէ հե­տեւեալ կեր­պով. «Այնտեղ, Հա­յաս­տան քիր­միզ կայ, այդ հո­ղերու վրայ ծնած որդ մըն է։ Կա­նայք անոնք զգու­շօ­րէն կը հա­ւաքեն աման­նե­րու մէջ, ապա կը տե­ղադ­րեն հա­ցափու­ռե­րը»։ Առա­ջին դա­րու հռո­մէացի գրող Կա­յուս Բլին­յուս Սե­քունտուս «Բնու­թեան պատ­մութիւ­նը» անուն գոր­ծին մէջ որ­դան կար­մի­րը կը բնու­թագրէ Հա­յաս­տա­նին արեւ­մեան շու­կայ ար­տա­ծած գլխա­ւոր նիւ­թը ըլ­լա­լով։

Պատ­մութեան ըն­թացքին թա­գաւոր­ներ իրենց դաշ­նա­կից­նե­րուն որ­դան կար­մի­րով ներ­կո­ւած հիւսքեր եւ գոր­գեր նո­ւիրած են։ Գրա­կանու­թեան ան­ցած օրի­նակ մը ըլ­լա­լով կա­րելի է նշել պար­սից ար­քայ Ար­սա­ճեսին Հռո­մի կայսր Մար­քուս Օրե­լիու­սին կար­միր գոյ­նով կեր­պաս մը նո­ւիրե­լը։ Այս կտա­ւը Հռո­մի մայ­րա­քաղա­քի խորհրդան­շա­նը կը դառ­նայ։ Կայ­սե­րական պա­լատին մէջ ցու­ցադրո­ւած կտա­ւի կար­միր ներ­կը բո­լոր տես­նողնե­րուն հիացու­մին կ՚ար­ժա­նանայ։ Հետզհե­տէ կը տա­րածո­ւի զրոյցներ հե­ռաւոր Հա­յաս­տա­նի մէջ մշա­կուած որ­դան կար­մի­րի մա­սին։

Սի­պիրի մէջ Ե. դա­րու շի­րիմի մը պե­ղումնե­րով յայտնա­բերո­ւած են այժմ Սան Փե­թերսպուրկի էր­մի­թաժ թան­գա­րանին մէջ ցու­ցադրո­ւած պա­զիրիկ գոր­գը այս ներ­կին դա­րերու դի­մադ­րութեան փաստն է։ Այնքան վառ է անոր գոյ­նը որ դժո­ւար է հա­ւատալ թէ ան 1500 տա­րուայ ան­ցեալ մը ու­նե­նայ։ Ն.Ք.-ի Ե. դա­րուն ապ­րած պատ­միչ Հե­րոդո­տոս Կով­կա­սեան ժո­ղովուրդին գոյ­նը միշտ վառ մնա­ցող կտաւ­ներ հաք­նելնուն մա­սին կը պատ­մէ։

Որ­դան կար­մի­րի մա­սին բո­վան­դա­կալից տե­ղեկու­թիւններ կը փո­խան­ցէ նաեւ ԺԵ. դա­րու հայ բժշկա­գիտու­թեան եւ դե­ղագոր­ծութեան մեծ վար­պետ Ամիտտով­լաթ Ամա­սեացին։

Հայր Ղե­ւոնդ Ալի­շան ալ 1890-ին գրի առած «Այ­րա­րատ» գրքին մէջ որ­դի նկար մը կը ներ­կա­յաց­նէ, որ ոչ թէ Արա­րատի Դաշ­տի որ­դան կար­միրն է, այլ ան­կէ բա­ւական տար­բեր տեսք մը ու­նե­ցող Մեք­սիսքա­կան տար­բե­րակը։

Որ­դան կար­մի­րի համ­բա­ւը բա­ցի վառ փայ­լուն գոյ­նէն, նաեւ անոր լոյ­սի ճա­ռագայթնե­րուն, ժա­մանա­կի մա­շեց­նող ազ­դե­ցու­թիւննե­րուն, ջեր­մութեան փո­փոխու­թիւննե­րուն եւ խո­նաւու­թեան դի­մաց ան­հա­ւատա­լի դի­մադ­րութե­նէն կու գայ։ Այդ պատ­ճա­ռաւ որ­դէն ար­տադրո­ւած ներ­կով ման­րանկար­նե­րը եւ կտաւ­նե­րը մին­չեւ օրս կը պա­հեն իրենց զար­մա­նալի տես­քը։ Քո­բայ­րի ԺԲ. դա­րէն մնա­ցած վան­քի որ­մանկար­նե­րը հա­կառակ արե­ւու շո­ղերուն, անձրե­ւին ու քա­միին, այս ներ­կի շնոր­հիւ հաասած են մեր օրե­րուն։ Նո­րավան­քի ԺԳ. դա­րուն կա­ռու­ցո­ւած Սուրբ Գրի­գոր մատ­րան առաս­տա­ղի յար­դա­րան­քը եւ Գե­ղար­դի ԺԲ. դա­րէն մնա­ցած խաչ­քա­րերը նոյն վկա­յու­թիւնը կը բե­րեն։

Մեր պա­պերուն աւե­լի քան եր­կու հա­զարա­մեակ­նե­րէ ի վեր պա­հած ու սե­րունդէ սե­րունդ փո­խան­ցած այս ներ­կի գաղտնի­քը միայն հայ վար­պետնե­րուն ծա­նօթ էր։ Արա­րատի դաշ­տի որ­դան կար­մի­րը բա­ցի միջ­նա­դարեան հայ ման­րանկար­նե­րէ, եկե­ղեցի­ներու եւ վան­քե­րու որ­մանկար­նե­րէ, օգ­տա­գոր­ծո­ւած է նաեւ օծա­նելիք­նե­րու եւ բու­ժիչ դե­ղերու պատ­րաստու­թեան մէջ եւս։ Ան ու­նէր մարմնի ջեր­մութիւ­նը հա­ւասա­րակշռող հա­կանե­խիչ ազ­դե­ցու­թիւն։ Միջ­նա­դարեան թա­գաւո­րական եւ ազ­նո­ւական դա­սակար­գի կա­նայք միայն ու միայն որ­դան կար­մի­րով պատ­րաստո­ւած իւ­ղեր եւ քսուկներ գոր­ծա­ծեցին։ Այդ օծա­նելիք­նե­րը մոր­թի չո­րու­թիւնը վե­րաց­նող եւ մաշ­կը վե­րանո­րոգող յատ­կութիւններ ու­նէին։ Թա­գաւոր­նե­րու եւ իշ­խաննե­րու հա­մար կը պատ­րաստուէր բա­լասան­ներ, որոնք եր­կա­րակեացու­թիւն, երի­տասար­դութիւն եւ մտա­յին ու մարմնա­կան ուժ կ՚ապա­հովէին։ Բա­ցի այս բո­լորէն որ­դան կար­մի­րը օգ­տա­գոր­ծո­ւած է նաեւ թա­նաք ըլ­լա­լով։ Հնա­դարեան ու միջ­նա­դարեան թա­գաւոր­ներ եւ հո­գեւո­րական­ներ իրենց գրու­թիւննե­րուն հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծէին այդ թա­նաքը։ Վե­րած­նունդի շրջա­նի անո­ւանի արո­ւես­տա­գէտ­ներ Լեոնար­տո Տա Վին­չի, Ռամպ­ռանթ եւ Մի­քելան­ճե­լօ որ­դան կար­մի­րը օգ­տա­գոր­ծած են։

Հա­յաս­տա­նի պե­տակա­նու­թեան ան­կումէն ետք հա­մեմա­տաբար նո­ւազե­ցաւ որ­դան կար­մի­րի ար­տադրու­թիւնը։ ԺԷ. դա­րու սկիզբնե­րուն ան հա­մարեա վե­րացած էր։ Անոր փո­խարի­նեցին Մեք­սիսքա­կան ու լե­հական որ­դե­րը։ Թէեւ այս վեր­ջիննե­րուն որա­կը աւե­լի ցածր էր, բայց մեք­սի­քական տար­բե­րակը մէկ տա­րուայ ըն­թացքին հինգ սե­րունդ աճե­լու յատ­կութիւ­նով կու գար շու­կա­յի պա­հան­ջարկը շատ աւե­լի մատ­չե­լի գի­ներով գո­հաց­նե­լու։ ԺԹ. դա­րուն ար­հեստա­կան երանգնե­րու գիւ­տով ար­դէն յաղ­թա­հարո­ւած էր հա­յոց աւան­դա­կան գի­տելի­քը։ Սա­կայն փոր­ձե­րը փաս­տե­ցին թէ ար­հեստա­կան ներ­կե­րը բաղ­դատմամբ բնա­կան­նե­րուն թէ շատ աւե­լի կար­ճա­տեւ են եւ թէ մար­դու առող­ջութեան հա­մար սպառ­նա­լիք­ներ կը պա­րու­նա­կեն։

1930-ական­նե­րուն Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը աշ­խա­տան­քի լծո­ւեցան որ­դան կար­մի­րի ար­տադրու­թեան հա­մար։ Այդ աշ­խա­տան­քը Բ. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի պայ­մաննե­րուն մէջ ընդհա­տուե­ցաւ։ Նա­խագի­ծը 1971-ին ան­գամ մը եւս մեկ­նարկեց, բայց ճար­տա­րագի­տական ար­տադրու­թեան մը ծա­ւալը չու­նե­ցաւ։ 1987-ին Ար­մա­ւիրի մէջ որ­դան կար­մի­րի պե­տական ար­հեստ մը հիմ­նո­ւեցաւ, բայց այս վեր­ջինն ալ ապա­գայ չու­նե­ցաւ։

Աւա­զոտ հո­ղերու շա­հագործման հե­տեւան­քով որ­դան կար­մի­րի տա­րածու­մը նո­ւազած է։ Պահ­պանման նպա­տակով եւ ար­հեստա­կան պայ­մաննե­րու մէջ այս որ­դին բազ­մա­նալուն ուղղեալ աշ­խա­տու­թիւննե­րը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուին Ար­մա­ւիրի մէջ։ Երե­ւանի մէջ եւս աշ­խա­տանոց մը կը շա­րու­նա­կէ որ­դան կար­մի­րի գո­յու­թիւնը պա­հելու։ Այս աշ­խա­տանո­ցի անձնա­կազ­մէն Նո­րա Մկրտի­չեան Արա­րատի դաշ­տի այս եզա­կի հրաշ­քին մա­սին ժա­մեր շա­րու­նակ կրնայ պատ­մել։

Երկրա­գունդի վրայ մի­ջատ­նե­րու բազ­մա­թիւ տե­սակ­ներ ոչնչաց­ման վտան­գի հետ դէմ առ դէմ են։ Որ­դան կիր­միրն ալ հե­ռանա­լու վտան­գին տակ գտնո­ւող մի­ջատ մը ըլ­լա­լով նշո­ւած է այդ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րուն տե­ղադ­րո­ւած կար­միր գիր­քին մէջ։ Արա­րատի որ­դին գի­տական անունն է Porphyrophora hamelii, Armenian cochineal եւ Ararat scale, որոնց մի­ջոցաւ կա­րելի է հա­մացան­ցի վրայ որոնել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ