Տարօն Աճեմօղլու չէ յուսալքուած

Հանրա­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թիւնը 3 Դեկ­­տեմբե­­րին կա­­յացած ժո­­ղովով մը յայ­­տա­­­րարեց իշխա­­նու­­թիւնը նո­­ւաճէ ետք իր ծրագ­­րած աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րու նա­­խագի­­ծը։ «Երկրորդ հա­­րիւ­­րա­­­մեակի տես­­լա­­­կանը» խո­­րագ­­րեալ այս ժո­­ղովի մէջ զա­­նազան մաս­­նա­­­գէտ­­ներ իրենց մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րը բե­­րին Թուրքիոյ զար­­գացման հա­­մար անհրա­­ժեշտ նկա­­տած խնդիր­­նե­­­րու մա­­սին։ Անոնց մէջ յա­­տուկ ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նացաւ նախ­­կին պոլ­­սա­­­հայ աշ­­խարհի առա­­ջատար տնտե­­սագէտ­­նե­­­րէն Տա­­րօն Աճե­­մօղ­­լո­­­ւի ելոյ­­թը։ Աճե­­մօղ­­լու յոյս յայտնեց առ­­կայ տնտե­­սական խնդիր­­նե­­­րու յաղ­­թա­­­հար­­ման մա­­սին ընդգծե­­լով նման ար­­դիւնքի մը հա­­մար ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը։ Յա­­ջորդ օր իշ­­խա­­­նամէտ մա­­մու­­լի էջե­­րուն վրայ յայտնո­­ւեցան կարգ մը սիւ­­նա­­­կագիր­­ներ, որոնք ընդդի­­մադիր Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թիւնը կը մե­­ղադ­­րէին երկրի խնդիր­­նե­­­րու լուծման հա­­մար հա­­յու մը ցուցմունքնե­­րուն ապա­­ւինե­­լով։ Սա­­կայն շատ մեծ եղաւ այս մտայ­­նութեան դէմ հա­­կադար­­ձը, ուր մա­­նաւանդ ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու վրայ մար­­դիկ կը փա­­ռաբա­­նէին հա­­յազ­­գի տնտե­­սագէ­­տի կա­­րողու­­թիւնը, որ ըն­­դունո­­ւած է հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սարա­­կու­­թեան կող­­մէ ալ։

Տա­­րօն Աճե­­մօղ­­լու որ­­դին էր Իս­­թանպու­­լի Հա­­մալ­­սա­­­րանի իրա­­ւաբա­­նական բաժ­­նի դա­­սախօս, իրա­­ւագէտ Գէորգ Աճե­­մօղ­­լո­­­ւի եւ վաս­­տա­­­կաւոր ման­­կա­­­վարժ, Արա­­մեան Վար­­ժա­­­րանի նախ­­կին տնօ­­րէնու­­հի եւ բա­­նաս­­տեղծ Իր­­մա Աճե­­մօղ­­լո­­­ւի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ