Ծեծկրտուկ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ

Թուրքիոյ Խորհրդա­­րանի մէջ, երբ կը քննար­­կո­­­ւէր կա­­ռավա­­րու­­թեան պիւտճէի ծրա­­գիր­­նե­­­րը, կու­­սակցու­­թիւննե­­րու մի­­ջեւ ծա­­գող բա­­նավէ­­ճը շու­­տով վե­­րածո­­ւեցաւ ծեծկրտու­­կի ու կռի­­ւի։ Երբ ծեծկրտուկ ծա­­գեցաւ իշ­­խա­­­նու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու եւ Իյի Կու­­սակցու­­թեան երես­­փո­­­խան­­նե­­­րու մի­­ջեւ, այս կու­­սակցու­­թեան Տրա­­պիզո­­նի երես­­փո­­­խան Հիւ­­սէ­­­յին Էօրս փոր­­ձեց կող­­մե­­­րը հան­­դարտեց­­նել։ Բայց այդ պա­­հուն իշ­­խող Ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ Զանրգա­­ցում Կու­­սակցու­­թեան Պրու­­սա­­­յի պատ­­գա­­­մաւոր Զա­­ֆեր Ըշըք ուժգին հա­­րուած մը իջե­­ցուց Էօր­­սի գլխուն։ Ու­­շա­­­կորոյս կեր­­պով գե­­տին տա­­պալող ընդդի­­մադիր պատ­­գա­­­մաւո­­րի բժշկա­­կան առա­­ջին մի­­ջամ­­տութիւ­­նը կա­­յացաւ Խորհրդա­­րանի բուժկէ­­տը։ Այստեղ կա­­ցու­­թեան ծան­­րութիւ­­նը գնա­­հատող բժիշկնե­­րու յանձնա­­րարու­­թեամբ Էօրս տե­­ղափո­­խադ­­րո­­­ւեցաւ մօ­­տակայ հի­­ւան­­դա­­­նոց մը, ուր իս­­կոյն առ­­նո­­­ւեցաւ խտա­­ցեալ դար­­մա­­­նու­­մի։ Դէպ­­քէն ետք պար­­զուեցաւ որ ընդդի­­մադիր երես­­փո­­­խանը կարճ ժա­­մանակ առաջ սրտի բա­­բախ­­ման ան­­կա­­­նոնու­­թեան պատ­­ճա­­­ռաւ գոր­­ծո­­­ղու­­թեան են­­թարկո­­ւած էր եւ բա­­բախու­­մը կա­­նոնա­­ւորե­­լու հա­­մար յա­­տուկ սարք մը տե­­ղադ­­րո­­­ւած էր կրծքա­­վան­­դա­­­կին մէջ։ Կռո­­ւի ըն­­թացքին այդ սարքն է որ խան­­գա­­­րուե­­ցաւ եւ զգետ­­նեց Էօր­­սը։

Այս պա­­հուն բժիշկներ կը յայտնեն թէ եթէ ու­­շա­­­ցուէր հի­­ւան­­դա­­­նոց հաս­­նե­­­լու հա­­մար, շատ աւե­­լի լուրջ հե­­տեւանքներ կրնա­­յին գո­­յանալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ