Ընտրութիւն՝ սատանայական խորամանկութիւններով

Նախորդ կի­­րակի կա­­յացող տա­­սը թա­­ղերու թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րու ընտրու­­թիւնով պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքը ար­­դէն կա­­տարած եղաւ իր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րէն 27-ին ընտրու­­թիւննե­­րը։ Այս ընտրու­­թիւննե­­րէն մէկ մա­­սը միացանկ էին եւ հե­­տեւա­­բար անոնց հա­­շուոյն ընտրու­­թե­­­նէ աւե­­լի վա­­ւերա­­ցում եզ­­րը կը պատ­­շա­­­ճի կա­­տարո­­ւած գոր­­ծո­­­ղու­­թեան։ Իսկ որոշ թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րու հա­­մար մղո­­ւեցաւ բուռն մրցակ­­ցութիւն մը եւ ար­­դիւնքնե­­րը ճշդո­­ւեցան հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­կումնե­­րուն հա­­մապա­­տաս­­խան ձե­­ւով։

Այժմ մեր առ­­ջեւ կայ մրցակ­­ցութիւննե­­րու նոր շրջան մը, քա­­նի որ ընտրու­­թիւննե­­րը աւար­­տին պի­­տի հաս­­նին 11, 17, 18 եւ 25 Դեկ­­տեմբե­­րին կա­­յանա­­լիք քո­­ւէար­­կութիւննե­­րով։

Այս պա­­հուն պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կու­­թեան ու­­շադրու­­թեան կի­­զակէ­­տին են Պիւ­­յիւքտե­­րէի Սուրբ Հռիփ­­սի­­­մեանց եկե­­ղեց­­ւոյ եւ Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղակա­­նու­­թեան ընտրու­­թիւննե­­րը։ Այս եր­­կու հա­­ստա­­տու­­թիւննե­­րէ ներս ալ կը տի­­րէ խար­­դա­­­խու­­թեան զա­­նազան եղա­­նակ­­նե­­­րով ընտրու­­թիւնը անե­­լի մատ­­նե­­­լու ջան­­քեր։ Եր­­կու թա­­ղակա­­նու­­թիւններն ալ նախ ան­­տե­­­սեցին տա­­րածաշրջա­­նի հրա­­մայա­­կանը եւ փոր­­ձե­­­ցին ընտրու­­թիւնը սահ­­մա­­­նափա­­կել իրենց եկե­­ղեց­­ւոյ տա­­րած­­քին մէջ։

Այդ որո­­շու­­մին դէմ թէ հա­­սարա­­կու­­թիւնը, թէ հայ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու հիմ­­նարկնե­­րու միաս­­նա­­­կան հար­­թակ հան­­դի­­­սացող ԷՐ­­ՎԱՊ եւ թէ Պատ­­րիար­­քա­­­րանը առար­­կութիւններ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով բո­­ղոքե­­ցին Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Ընդհա­­նուր Տնօ­­րէնու­­թեան։ Այս վեր­­ջի­­­նը բո­­ղոք­­նե­­­րը նկա­­տի ու­­նե­­­նալով եր­­կու թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րուն ալ պար­­տադրեց մէ­­կէ աւե­­լի վայ­­րե­­­րու մէջ ընտրու­­թիւն կա­­յաց­­նել։

Եր­­կու չա­­րահամ­­բաւ վար­­չութիւններն ալ այս հրա­­մայա­­կանն ալ չէ­­զոքաց­­նե­­­լու հա­­մար դի­­մեցին սա­­տանա­­յական խո­­րաման­­կութիւննե­­րու եւ որո­­շեցին ընտրու­­թեան սնտուկնե­­րը տե­­ղադ­­րել նո­­ւազ բնակ­­չութիւ­­նով եւ հե­­ռաւոր թա­­ղերու եկե­­ղեցի­­ներուն շրջա­­փակը։ Պարզ է որ անոնք կը փոր­­ձեն ժո­­ղովուրդի մե­­ծամաս­­նութեան մաս­­նակցու­­թիւնը խա­­փանել եւ իրենց ար­­դէն պատ­­րաստի ու­­ժե­­­րով ար­­դիւնքի հաս­­նիլ։

Սուրբ Եր­­րորդու­­թեան պա­­րագա­­յին կայ եւս խո­­չըն­­դոտ մը, ըստ որու իշ­­խող վար­­չութեան փո­­խարի­­նելու հա­­մար ան­­հա­­­տական դի­­մում կա­­տարած են 91 ան­­ձեր։ Այս դրու­­թեան հա­­մաձայն ընտրող­­նե­­­րէն պի­­տի պա­­հան­­ջո­­­ւի 91 անուններ պա­­րու­­նա­­­կող ցան­­կին մէջ թա­­ղական խոր­­հուրդի ինը անուննե­­րը եւ պա­­հես­­տի հինգ անուննե­­րը նշա­­նակել։ Թա­­ղակա­­նու­­թիւնը այս եղա­­նակին դի­­մելով կը նա­­խատե­­սէ ընտրու­­թեան պա­­հը եր­­կա­­­րել եւ հե­­տեւա­­բար ընտրու­­թեան մաս­­նակցու­­թիւնը նո­­ւազեց­­նել։ Նոյնքան եւ նոյ­­նիսկ աւե­­լի լուրջ խո­­չըն­­դոտ պի­­տի յա­­ռաջա­­նայ ձայ­­նե­­­րու հա­­շուարկման պա­­հուն։ Այժմ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ կը տի­­րէ այս խո­­չըն­­դոտնե­­րը յաղ­­թա­­­հարե­­լու հա­­մար մի­­ջոց­­նե­­­րու որո­­նու­­մի ջան­­քե­­­րը։

Հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ընտրու­­թեան խնդի­­րը կա­­տարեալ փոր­­ձա­­­դաշտ մը եղած է բո­­լորին հա­­մար։ Ժո­­ղովուրդի հետ խօ­­սելու պա­­հուն իրենց առա­­քելու­­թիւնը մեծ զո­­հողու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով ներ­­կա­­­յաց­­նողնե­­րը իրենց ներ­­կայ վար­­քով կ՚ապա­­ցու­­ցեն թէ որ­­քան մեծ եռան­­դով կը պայ­­քա­­­րին այդ զո­­հողու­­թեան հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ