Նախարարական գրաքննութիւն արուեստի հանդէպ

Մշակոյ­թի Նա­խարա­րու­թիւնը ան­նա­խադէպ որո­շում մը կա­յաց­նե­լով ետ պա­հան­ջեց Էմին Ալ­­փե­­­րի «Ցամ­­քած Օրեր» ժա­­պաւէ­­նին հա­­մար կա­­տարած աջակ­­ցութեան գու­­մա­­­րը։

Էմին Ալ­­փե­­­րի ֆիլ­­մը ազ­­գա­­­յին եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին զա­­նազան փա­­ռատօ­­ներու մաս­­նակցե­­լով ինը մրցա­­նակ­­ներ նո­­ւաճած էր։

Նա­­խարա­­րու­­թեան այս որո­­շու­­մին ետին կա­­րելի է տես­­նել աջա­­կող­­մեան մա­­մու­­լի հա­­լածանքնե­­րը։

Իշ­­խա­­­նամէտ մա­­մու­­լը զա­­նազան մե­­ղադ­­րանքներ տե­­ղացու­­ցած էր այս ֆիլ­­մին եւ պնդած էր որ Նա­­խարա­­րու­­թիւնը խրա­­խու­­սած է իշ­­խա­­­նու­­թեան դէմ քա­­րոզ­­չութիւն ընե­­լով։ Նոյն մա­­մու­­լը ֆիլ­­մը քննա­­դատած էր նաեւ միասե­­ռական­­նե­­­րու նիւ­­թե­­­րով զբա­­ղելուն հա­­մար։

Բե­­մադ­­րիչ Էմին Ալ­­փեր այս մա­­սին ըն­­կե­­­րային ցան­­ցի իր հա­­շիւ­­նե­­­րէն կա­­տարած բա­­ցատ­­րութիւննե­­րուն մէջ նշեց որ դէպ­­քը ան­­նա­­­խըն­­թաց է, քա­­նի որ առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով եր­­կա­­­րամեթ­­րաժ ֆիլ­­մի մը հա­­մար խրա­­խուսման գու­­մա­­­րը ետ կը պա­­հան­­ջո­­­ւի։ «Սա անուղղա­­կի գրաքննու­­թիւն մըն է եւ շատ վտան­­գա­­­ւոր։ Բո­­լոր բե­­մադ­­րիչնե­­րը մտա­­հոգ են Նա­­խարա­­րու­­թեան այս որո­­շու­­մէն» ըսած է Էմին Ալ­­փեր։

Այս հանգրո­­ւանին կ՚ար­­ժէ յի­­շել բե­­մադ­­րիչ Էմին Ալ­­փե­­­րի Ան­­թա­­­լիոյ փա­­ռատօ­­նին մրցա­­նակ ստա­­նալէն ետք կա­­տարած ելոյ­­թը։ Ան այդ պա­­հուն յի­­շած էր այս ֆիլ­­մի ար­­տադրիչ­­նե­­­րէն եւ «Կե­­զի» զբօ­­սայ­­գիի դէպ­­քե­­­րու մե­­ղադ­­րանքով 18 տա­­րուայ ազա­­տազրկման դա­­տապար­­տո­­­ւած Չիղ­­տեմ Մա­­թերը։ «Ան այս պա­­հուն մե­­զի հետ չէ, որով­­հե­­­տեւ ծի­­ծաղե­­լի դա­­տավա­­րու­­թեան մը հե­­տեւան­­քով բան­­տարկո­­ւած է։ Որ­­քան ալ այստեղ չըլ­­լայ մեր միտքն ու սիր­­տը իր հետ է» ըսած էր Ալ­­փեր։

Նա­­խարա­­րու­­թիւնը խրա­­խուսման գու­­մա­­­րը ետ պա­­հան­­ջե­­­լու հա­­մար պատ­­ճա­­­ռաանած է սցե­­նարի մէջ տեղ ու­­նե­­­ցած փո­­փոխու­­թիւննե­­րը։

Բե­­մադ­­րիչ Ալ­­փեր այս մա­­սին ալ «Ճումհու­­րի­­­յեթ» թերթի թղթա­­կից Էմ­­րահ Քո­­լու­­քը­­­սայի հետ ու­­նե­­­ցած զրոյ­­ցի ըն­­թացքին յայտնած է թէ Մշա­­կոյ­­թի Նա­­խարա­­րու­­թեան շար­­ժանկա­­րի զօ­­րակ­­ցե­­­լու ֆո­­նը են­­թարկո­­ւածու­­թեան փո­­խարէն շնոր­­հո­­­ւած ողոր­­մութիւն մը չէ, այլ շար­­ժանկա­­րի դի­­տող­­նե­­­րու գնած տոմ­­սակնե­­րէն վար դրո­­ւան բա­­ժին­­նե­­­րով կազ­­մուած ֆոն մը։ «Նման ֆո­­նի նպա­­տակը երկրի շար­­ժանկա­­րի արո­­ւես­­տը մի­­ջազ­­գա­­­յին հար­­թակնե­­րու վրայ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու կա­­րող որա­­կաւոր ար­­տադրու­­թիւննե­­րը խրա­­խու­­սելն է։ «Ցամ­­քած Օրեր»ը այս սահ­­մա­­­նու­­մը կա­­տարեալ կեր­­պով ար­­դա­­­րացու­­ցած է։ Ան 2022-ի ըն­­թացքին 3 մի­­ջազ­­գա­­­յին փա­­ռատօ­­ներուն Թուրքիան ներ­­կա­­­յաց­­նող միակ ֆիլ­­մը եղած էր»։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ