Արդարութեան պարգեւատուութիւն

Ֆրանսա­կան լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւննե­րը 9 Յու­նո­ւարին յայ­տա­րարե­ցին Շո­ւէտի նախ­կին վար­չա­պետ Օլոֆ Փալ­մէի անու­նով հաս­տա­տուած պար­գե­ւի այս տա­րուայ դափ­նե­կիր­նե­րը։ 2023-ի դափ­նե­կիր­ներն են մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան, իրա­ւաբան Էրեն Քես­քին, Ուկրաինա­յէն՝ հո­գեբան եւ «Կնոջ տե­սան­կիւն» հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութեան հիմ­նա­դիր Մար­թա Չու­մա­լօ եւ պար­սիկ լրագ­րող Նար­կիս Մո­համա­տի։

Շո­ւէտի նախ­կին վար­չա­պետ Օլոֆ Փալ­մէ քա­ղաքա­կան պատ­մութեան մէջ կը յի­շուի հա­մաշ­խարհա­յին ապա­զին­ման հա­մար տա­րած պայ­քա­րով։ Ան 28 Փետ­րուար 1986-ին իր որդւոյն եւ տիկ­նոջ հետ շար­ժանկա­րէն տուն վե­րադար­ձի պա­հուն սպան­նո­ւած էր խիստ խորհրդա­ւոր պայ­մաննե­րու մէջ։ Ան սո­վորա­բար չէր ու­զեր իր կող­քին թիկ­նա­պահ­ներ ու­նե­նալ։

Իրա­ւաբան Էրեն Քես­քին «Ակօս»ին յայտնեց թէ մեծ պա­տիւ կը հա­մարէ Օլոֆ Փալ­մէի նման հա­մաշ­խարհա­յին խա­ղաղու­թեան հա­մար աշ­խա­տող քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չի մը անու­նով յի­շուած մրցա­նակին ար­ժա­նանա­լուն հա­մար։ «Տար­բեր դա­տավա­րու­թիւննե­րով իմ դէմ վճռո­ւած է 26 տա­րի 9 ամիս բան­տարկու­թեան պա­տիւժ։ Ամէն օր բանտ դրո­ւելու սպառ­նա­լիքին դէմ կը գտնո­ւիմ։ Այս պայ­մաննե­րուն տակ խիստ խրա­խու­սիչ է այս պար­գե­ւը» ըսած է Էրեն Քես­քին։

Նշենք որ Քես­քին 2017 թո­ւակա­նին ալ ար­ժա­նացած էր Հրանդ Տին­քի անո­ւան մրցա­նակին, իր ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու, միասե­ռական­նե­րու եւ գաղ­թա­կան­նե­րու ի նպաստ տա­րած աշ­խա­տու­թիւննե­րուն հա­մար։

Էրեն Քես­քին Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան Իս­թանպու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի հա­մանա­խագահն է եւ յօ­դուած­ներ կը ստո­րագ­րէ «Եէնի Եաշամ» թեր­թի մէջ։

Ուկրաինա­ցի Մար­թա Չու­մա­լօ յատ­կա­պէս կը զօ­րակ­ցէր Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան այս երկրէ ներս գոր­ծած ծա­ւալա­պաշտ պա­տերազ­մէն տու­ժած կի­ներուն։

Իրա­նէն այս մրցա­նակը նո­ւաճող Նար­կիս Մու­հա­մատի բա­ւական սուղ հա­տու­ցած է Իրա­նի կրօ­նական բռնա­տիրու­թեան դէմ իր տա­րած աշ­խա­տան­քը։ Ան 1998-ին, 2019-ին եւ 2021-ին բան­տարկո­ւած է Թեհ­րա­նի մէջ։

Օլոֆ Փալ­մէի պար­գե­ւեալ­նե­րուն կը շնոր­հո­ւի 100 հա­զար ԱՄՆ տոլար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ