Յիշատակում նկարիչ Եավուզ Քըլըչէրի

Նկարիչ Եավուզ Քը­լըչէր մա­հուան երկրորդ տա­րելի­ցին աթիւ կը յի­շատա­կուի իր գոր­ծե­րէն բաղ­կա­ցող ցու­ցա­հան­դէ­սով մը։ 14 Յու­նո­ւար 2021-ին մա­հացած էր Կեդ­րո­նակա­նի եւ Եէշիլ­գիւղի հա­յոց վար­ժա­րանի վաս­տա­կաւոր ու­սուցիչ Եավուզ Քը­լըչէր։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ 21 Յու­նո­ւար, Գա­րագիւղ, Քուրշունլու Խա­ն գտնո­ւող Արթհան կա­լերէիի մէջ։ Կը ցու­ցադրո­ւին Եագուշ Քը­լըչէ­րի տար­բեր շրջան­նե­րուն նկա­րած գոր­ծե­րէն նմոյշներ։

Քը­լըչէր ծնած էր 1959 թո­ւին Սե­բաս­տիոյ Քան­կալ գա­ւառի Գա­րակիւ­ճիւք գիւ­ղը։ 1979-ին Մուտք գոր­ծած էր Իս­թանպու­լի Գե­ղարո­ւես­տա­կան Ինստու­տուտի նկար­չութեան բա­ժինը։ 1991-ին նկար­չութեան ու­սուցիչ ըլ­լա­լով պաշ­տօ­նի կո­չուե­ցաւ Կեդրնա­կան վար­ժա­րանէ ներս։ Պաշ­տօ­նավա­րեց նաեւ Պա­քըր­գիւղի Տա­տեան, Եէշիլ­գիւղի եւ Սա­մաթիոյ Անա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րան­նե­րուն։

Շնորհք Գա­լուստեանի Պատ­րիար­քութեան շրջա­նին ան վե­րանո­րոգեց Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ, Պէ­շիկ­թա­շի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին, Պէ­յօղ­լո­ւի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն, Գար­թա­լի Սուրբ Նշան եւ Գա­տըգիւ­ղի Սուրբ Թա­գաւոր Եկե­ղեցի­ներուն սրբան­կարնե­րը։

Եավուզ Քը­լըչէր իր ու­սուցչու­թեան շրջա­նին մեծ հա­մակ­րանք կը վա­յելէր թէ աշա­կերտնե­րէ եւ թէ պաշ­տօ­նակից­նե­րէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ