Ցեղային զտումը, իբրեւ ցեղասպանութեան տարբերակը

«Ակօս»ի վաս­տա­կաւոր լու­սանկա­րիչ Պերճ Արա­պեանի հետ որո­շեցինք այ­ցե­լել Հա­յաս­տան եւ ուղղա­կի զրոյցնե­րով լսել ար­ցա­խահա­յու­թեան ներ­կան եւ ապա­գայի հան­դէպ ըն­կա­լումնե­րը եւ սպա­սումնե­րը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Հա­յոց պատ­մութեան ցա­ւալի դէպ­քե­րու օրա­ցու­ցա­կին, իր տե­ղը ու­նե­ցաւ նաեւ 19 Սեպ­տեմբեր 2023 թո­ւակա­նը, իբ­րեւ խորհրդան­շան Ար­ցա­խի հա­յաթափ­ման։ Այդ օր սկսաւ պատ­մա­կան աղ­բիւրնե­րու նշու­մով աւե­լի քան 3 հա­զար տա­րինե­րու ան­ցեալ ու­նե­ցող հայ­րե­նի երկրի Ար­ցա­խի հա­տուա­ծի կո­րուստին տա­նող տխուր գոր­ծընթա­ցը։ Հա­յաթա­փու­մը տե­ւեց երեք օրեր, որու աւար­տին աւե­լի քան 100 հա­զար ար­ցա­խահա­յեր անցնե­լով Հա­կարիի կա­մուրջէն, ապաս­տա­նեցան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան տար­բեր շրջան­ներ։

Եղե­լու­թիւնը բնա­կանա­բար շատ ծանր ցնցում յա­ռաջա­ցուց ամ­բողջ հա­յաշ­խարհի, Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռքի հա­յու­թեան մօտ։ Ար­ցա­խի հա­յաթա­փու­մով կոտ­րո­ւեցան նաեւ բազ­մա­թիւ կարծրա­տիպ­եր, որոնք բոյն դրած էին մեր մտա­ծողու­թեան, հայ­կա­կան հա­մընդհա­նուր հա­մոզումնե­րուն առանցքը կազ­մե­լով։ Նա­խորդ դա­րաս­կիզբին դառն փոր­ձով տե­սանք որ ան­հիմն է Քրիս­տո­նեայ գեր­տէ­րու­թիւննե­րու խնամ­քին ապա­ւինե­լու յոյ­սը։ Այս ան­գամ ալ տե­սանք թէ միջ­պե­տական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ու­ղին ու ըն­թացքը ճշդո­ղը տո­ւեալ պա­հի շահն է, այդ շա­հի թե­լադ­րանքնե­րը, այլ ոչ պատ­մա­կան դա­շինքնե­րը կամ խոս­տումնե­րը։

Աւե­լի քան 100 հա­զար ար­ցա­խահա­յերու Հա­յաս­տան ապաս­տա­նելէն ետք մեր ըն­թերցող­նե­րը յու­զող խնդիր­նե­րու կա­րեւո­րագոյնն էր իմա­նալ իր բե­կոր­նե­րու հո­գեվի­ճակը եւ ապա­գայի մա­սին տես­լա­կանը։ Այդ նաեւ առնչո­ւած էր Հա­յաս­տա­նի ան­սա­սանու­թեան խնդրին հետ։

Այսպէս «Ակօս»ի վաս­տա­կաւոր լու­սանկա­րիչ Պերճ Արա­պեանի հետ որո­շեցինք այ­ցե­լել Հա­յաս­տան եւ ուղղա­կի զրոյցնե­րով լսել ար­ցա­խահա­յու­թեան ներ­կան եւ ապա­գայի հան­դէպ ըն­կա­լումնե­րը եւ սպա­սումնե­րը։ Այդ հանգրուանին «Ֆրիտ­րիխ Էպէրթ» հիմ­նարկի հետ ապա­հովեցինք թէ այս աշ­խա­տան­քի են­թա­հողը եւ թէ աշ­խա­տան­քա­յին շա­բաթի պա­հան­ջած զա­նազան ման­րա­մաս­նութիւններ։ Ամե­նակա­րեւո­րը՝ ապա­հովեց մեր տե­սակ­ցութիւննե­րու որոշ մէկ մա­սը ար­դէն, որու հի­ման վրայ տա­րինք մեր աշ­խա­տան­քը։

16 Հոկ­տեմբեր Եր­կուշաբ­թի իրի­կուն ինքնա­թիռը 45 վայրկեանի ու­շա­ցու­մով մը չո­ւեց, պար­զա­պէս Սա­պիհա Կէօք­չէն օդա­կայա­նի վազ­քուղիի ծան­րա­բեռ­նո­ւածու­թեան պատ­ճա­ռաւ։ Երբ դուրս կու գա­յինք Զո­ւարթնոց օդա­կայա­նէն, ել­քի պա­հուն ձե­ռին «Ակօս» գրած թուղթով մեզ դի­մաւո­րեց ապա­հովո­ւած յա­տուկ ինքնա­շար­ժի վա­րոր­դը պա­րոն Սու­րէն, որ աշ­խա­տան­քա­յին բո­լոր օրե­րուն լա­ւագոյն կեր­պով ապա­հովեցին մեր ու­ղե­ւորու­թիւնը։

Ի տար­բե­րու­թիւն օդա­յին ճամ­բով կա­տարած մեր նա­խորդ ու­ղե­ւորու­թիւննե­րէ, ու­շագրաւ էր ճամ­բորդնե­րու կեր­պա­րան­քի բազ­մա­զանու­թիւնը։ Նա­խապէս դէ­պի Հա­յաս­տան թռիչքնե­րու ճամ­բորդնե­րը կ՛ըլ­լան մե­ծաւ մա­սամբ հա­յաս­տանցի առեւտրա­կան­ներ, աւե­լի փոքր թի­ւով ալ իս­թանպու­լա­հայեր։ Այս ան­գամ կեդ­րո­նական ասիացի­ներ, եւ­րո­պացի­ներ, ռու­սեր կամ ուկրաինա­ցիներ բա­ւական մեծ թիւ կը կազ­մէին ինքնա­թիռի մէջ։ Ան­շուշտ հա­ճելի անակնկալ մըն էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի բռնցքա­մար­տի հա­ւաքա­կանի հետ ճամ­բորդել, քա­նի անոնք Մոն­թե­նեկ­րո­յէն տուն կը վե­րադառ­նա­յին նո­ւաճե­լով Եւ­րո­պայի բա­ժակի պա­տուա­ւոր եր­րորդու­թեան պրոնզ մե­տալը։

Նա­խատե­սուած առա­ջին հան­դի­պու­մը կա­յացաւ մեր Երե­ւան հաս­նե­լէն քէ­նի մը ժամ յե­տոյ, Հա­յաս­տա­նի հան­րա­ծանօթ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րէն մէ­կուն գրա­սենեակը։

Այստեղ նախ բո­վան­դա­կալից տե­ղեկու­թիւններ ստա­ցանք իրենց ծա­ւալած գոր­ծունու­թեան մա­սին։ Պատ­մե­ցին թէ հայ- թրքա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման գոր­ծընթա­ցի մէջ ան­ցեալին ինչպի­սի աշ­խա­տու­թիւններ կա­տարած են, թուրքիացի ՀԿ-նե­րու հետ գոր­ծակցե­լով։ Այդ աշ­խա­տանքնե­րը ներ­կայ թեժ պայ­մաննե­րու բեր­մամբ հա­մարեա դադ­րած են, մտնե­լով սպաս­ման, անո­րոշու­թիւննե­րը ու­սումնա­սիրե­լու ու պար­զե­լու շրջա­նի մը։ Բնա­կան էր այս երե­ւոյ­թը, քա­նի որ Ռու­բէն Ռու­բի­նեան եւ Սեր­տար Քը­լըճ, իբ­րեւ հա­կադ­րո­ւած ու ան­հա­ղորդ եր­կու պե­տու­թիւննե­րու լիազօ­րած բա­նագ­նացներ, եւս կը բո­լորեն սպաս­ման ու անո­րոշու­թեան նման շրջան մը։

Պերճ Արա­պեան այս հան­դիպման ըն­թացքին ապ­րե­ցաւ առա­ջին հիաս­թա­փու­թիւնը, քա­նի մեր խօ­սակից­նե­րը կը խրտչէին լու­սանկա­րուե­լէ, թէ որ­պէս ան­հատ եւ թէ իրենց ղե­կավա­րած կազ­մա­կեր­պութեան անուննե­րուն յի­շատա­կու­մէն։ Երկրոր­դը հա­մեմա­տաբար հեշտ էր, քա­նի ես կրնա­յի առանց անուններ նշե­լու փո­խան­ցել կա­տարո­ւածը կամ պատ­մո­ւածը, բայց Պեր­ճը նման վե­րապա­հու­թեան դի­մաց ճա­րահատ էր իր գոր­ծի բեր­մամբ։ Եթէ խօ­սակից­ներս խու­սա­փին նկա­րուե­լէ, ան ինչպէ՞ս պի­տի ար­դա­րաց­նէր իր աշ­խա­տան­քը։

Բա­րեբախ­տա­բար այդ գրա­սենեակին մէջ ծա­նօթա­ցանք Ար­ցա­խէն եկած երի­տասարդ լրագ­րո­ղի հետ, որ կը յօ­ժարէր նկա­րուե­լու, եւ թէ ան­պա­տեհու­թիւն չէր տես­ներ իր անու­նը հրա­պարա­կելէ։ «Չեմ գի­տեր թէ ի՞նչ դրդու­մով, գա­ցի քա­ղաքի գե­րեզ­մա­նոցը։ Այդտեղ տե­սայ ան­հա­մար փո­սեր, թաղ­ման սպա­սող ան­շունչ մար­միններ եւ որո­շեցի քա­ղաքէն հե­ռանալ»։ Այս տո­ղերով նկա­րագ­րեց իր ապ­րումնե­րը ար­ցա­խահայ ազատ լրագ­րող Մա­րուտ Վա­նեան։ Ան աշ­խա­տակ­ցած է տար­բեր եր­կիրնե­րու լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րուն, ակա­նատե­սի վկա­յու­թիւննե­րով փո­խան­ցած Ար­ցա­խի իրո­ղու­թիւննե­րը։ Այժմ չէ կրցած յստա­կաց­նել իր կեան­քի յա­ջորդ հանգրո­ւան­նե­րը։ Հա­զիւ որոշ ժա­մանա­կէ ետք է որ պի­տի կա­րենայ դուրս գալ քաօսա­յին իրա­վիճա­կէն եւ ապա ճշդէ իր ու­ղին։ «Ինչպէս բո­լորին, լրագ­րողնե­րուն ալ հիմ­նա­կան խնդի­րը բնա­կարանն է։ Մար­դիկ նստեր են մե­քենայ ու ճամ­բայ ելեր, հա­սեր են Հա­յաս­տան։ Չեն գի­տեր թէ ուր պի­տի մնան։ Ես ալ այդ ան­յայտու­թիւննե­րով ճամ­բայ ելայ։ Գրե­ցի դի­մատետ­րին որ եր­թալ կ՚ու­զեմ։ Մի ըն­կեր զան­գա­հարեց ու ըսաւ որ մի հո­գիանոց տեղ կայ մե­քենա­յի մէջ, այդպէս եկած եմ»։ Այսպէս էր Մա­րուտ Վա­նեանի յի­շատա­կու­մը հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութեան Երե­ւանի գրա­սենեակին մէջ։

Յա­ջորդ օրո­ւայ ուղղու­թիւնն էր Կո­րիս, բռնի տե­ղահա­նուած­նե­րու առա­ջին հանգրո­ւանը Հա­յաս­տա­նի հո­ղին վրայ։ Առա­ւօտո­ւայ կա­նուխ ժա­մերուն ճամ­բայ ելանք, շուրջ չորս ժամ տե­ւողու­թեամբ ճամ­բան կտրե­լու հա­մար։ Այստեղ մեր առա­ջին կա­յարա­նը հան­դի­սացաւ «Կո­րիսի մա­մու­լի ակումբ»ը։ Ակումբի տնօ­րէն տի­կին Սու­զաննա Շահ­նա­զարեան նախ բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ 23 տա­րուայ ան­ցեալ ու­նե­ցող ակումբին հիմ­նա­կան ծա­ռայու­թեան եւ ապա բռնի տե­ղահա­նուած մարդկանց խնդիր­նե­րու լուծման հա­մար կա­տարո­ւած աշ­խա­տու­թիւննե­րուն մա­սին։ Լսե­ցինք 1934 թո­ւակա­նէն հրա­տարա­կուող «Զան­գե­զուր» թեր­թի թո­ւայ­նացման աշ­խա­տանքնե­րը։ Աւե­լի քան 70 հա­զար էջա­նոց այդ ար­խի­ւը ինքնին հսկայ պա­շար մըն է տա­րածաշրջա­նի պատ­մութեան ծա­նօթա­նալու առու­մով։ Թո­ւայ­նացման գոր­ծո­ղու­թիւնով թեր­թի մօտ 80 տա­րինե­րու հա­ւաքա­ծոն հա­սանե­լի պի­տի դառ­նայ բո­լոր հե­տազօ­տող­նե­րուն կամ պրպտող­նե­րուն։

Կո­րիսի մա­մու­լի ակումբը կը գոր­ծէ 12 հո­գինե­րէ բաղ­կա­ցած աշ­խա­տակազ­մով։ Հա­մացան­ցի վրայ ու­նի mediapoint.am կայ­քէ­ջը, որուն հա­մակար­գողն է տի­կին Ան­նա։ Իր ու­ղեկցու­թեամբ այ­ցե­լեցինք մօ­տակայ «Մի­նա» հիւ­րա­նոցը, ուր ապաս­տա­նած են խումբ մը գաղ­թա­կան­ներ։ Հոն եւս յայտնո­ւեցաւ լու­սանկա­րուե­լէ խու­սա­փելու խնդի­րը։ Հա­յաս­տան հա­սած ըլ­լա­լով հան­դերձ մար­դիկ կը շա­րու­նա­կէին խրտչիլ Հա­կարիի ան­ցա­կէտի ստուգման գոր­ծո­ղու­թե­նէն։ Հա­զիւ թէ սկսած էինք խօ­սելու, յան­կարծա­կի իրա­րան­ցում մը գո­յացաւ։ Պատ­ճա­ռը պար­զո­ւեցաւ շու­տով, երե­խաներ պի­տի եր­թա­յին նկար­չութեան դա­սըն­թա­ցի։ 7 կամ 8 երա­խաներ տե­ղաւո­րուե­ցան եր­կու ինքնա­շարժնե­րու մէջ եւ մեկ­նե­ցան դէ­պի նկար­չութեան դա­սըն­թացք։ Իմաս­տա­լից է այս ջան­քը, քա­նի որ մեր այդ կարճ հան­դիպման ըն­թացքին ծա­նօթա­ցած էինք եօթ­նա­մեայ պա­տանիի մը հետ, որ Ար­ցա­խէն դուրս գա­լու ճա­նապար­հին, երբ ինքնա­շարժնե­րը խցա­նու­մի հե­տեւան­քով կանգ կ՚առ­նէին, ան վար իջ­նե­լով հան­դի­պած քա­րին վրայ խնամ­քով կը գրէր. «Ես հոս ապ­րած եմ»։

Այն ինչ որ տե­սանք հոս, նոյ­նը նկա­տեցինք նաեւ մեր յա­ջորդ հան­դիպման վայ­րե­րուն։ Յա­տուկ ու­շադրու­թիւն կ՚ըն­ծա­յուէր մա­նուկնե­րու դաս­տիարա­կու­թեան խնդրին։ Դպրո­ցական­նե­րու ուսման ան­խա­փան յա­րատե­ւու­թիւնը գլխա­ւոր նա­խադ­րեալ­նե­րէն մէ­կը հա­մարո­ւած ու մեծ մա­սամբ ալ լու­ծո­ւած էր։ Ինչ ալ ըլ­լար տի­րող զրկանքնե­րը, ոչ ոք անօ­թեւան, անսնունդ չէր մնա­ցած։ Չկար դպրո­ցազուրկ երե­խայ եւ հո­գեբոյժներ, ման­կա­վարժներ գոր­ծի լծո­ւած էին իրենց մաս­նա­գիտու­թեամբ առ­կայ խնդիր­նե­րը յաղ­թա­հարե­լու հա­մար։

Ար­ցա­խահայ գաղ­թա­կան­ներ, իւ­րա­քան­չիւրը թէեւ իրեն յա­տուկ խնդիր­նե­րով կը տա­ռապէր, բայց հիմ­նա­կանին կը բաժ­նէին եր­կու հա­սարակ յայ­տա­րար, բնա­կարա­նի խնդիր եւ պե­տու­թեան կազ­մա­կեր­պեալ խնամ­քին հան­դէպ երախ­տիք։ Դժո­ւարու­թիւննե­րը տե­սանե­լի էին ամե­նու­րէք։ Հայ­րե­նիքի կո­րուստը հա­մատա­րած հոգ­սե­րու գլխա­ւորն էր։ Ար­ցա­խը հա­յաթափ եղած էր եւ ետ­դարձի յոյս մըն ալ գո­յու­թիւն չու­նէր։ Ար­ցա­խահա­յոց հա­զարու­մէկ ջան­քե­րով կա­ռու­ցո­ւած տու­նե­րը լքո­ւած էին։ Ոմանք տան բա­նալին գրպա­նը դնե­լով հե­ռացած էր տու­նէն, ոմանք ալ դու­ռը բաց թող­նե­լով։ «Գո­նէ կղպան­քը չկոտ­րեն, գո­նէ տան դու­ռը չի ջար­դեն» ըսող­նե­րու հան­դի­պեցանք մեր զրոյցնե­րու ըն­թացքին։ «Տան մէջ ինչ որ կար դրան առ­ջեւ կրա­կի տո­ւի» կը պատ­մէր մէ­կը, ես այդ պա­հուն կը մտա­բերէի Հրանդ Տին­քի պատ­մածնե­րէն դրո­ւագ մը, որ կը փո­խան­ցո­ւէր 108 տա­րուայ ան­ցեալէ մը։ 1915 թիւն է եւ աք­սո­րի կա­րաւան­նե­րէն մէ­կը եւս կը պատ­րաստո­ւի իր բնօր­րա­նը լքե­լով տա­րագ­րութեան ցու­պը վերցնե­լու։ Հրանդ պատ­մած էր ըն­տա­նիքի երէ­ցին մին­չեւ վեր­ջին պա­հը մա­ճը նո­րոգե­լու ջան­քը։ Երբ որ­դին կը շտա­պէր եւ հայ­րը հա­մոզել կը ջա­նար ըսե­լով թէ այդ մա­ճը հե­տեր­նին պի­տի չտա­նին, ուստի անի­մաստ է զայն նո­րոգել, ծե­րու­նին կը պա­տաս­խա­նէր հա­յու յա­տուկ մտա­ծելա­կեր­պով։ «Մենք ար­տը ցա­նեցինք, բայց մէ­կը պի­տի գայ զայն հնձե­լու, թող մա­ճը կոտ­րո­ւած չգտնէ»։ Մա­ճը ի՞նչ է որ, եթէ յի­շենք հա­յու ձեռ­քով, ձիր­քով ու ճակ­տի քրտին­քով կա­ռու­ցած ու ապա լքե­լու հար­կադրո­ւած քա­ղաք­նե­րը...

Վե­րադար­ձի ճա­նապար­հի աւար­տին ար­դէն 2 ժա­մով գե­րազան­ցած էինք օրա­կան 12 ժա­մերու աշ­խա­տան­քա­յին ծրա­գիրը։

Յա­ջորդ որ պի­տի այ­ցե­լէինք Ար­տա­շատ, որ հա­մեմա­տաբար շատ աւե­լի կարճ ճամ­բորդու­թիւն պի­տի պա­հան­ջեր, հե­տեւա­բար հա­մաձայ­նե­ցանք գո­նէ մէկ ժամ աւե­լի ուշ ճամ­բայ ել­լել։

Ան­կախ ստանձնած պար­տա­կանու­թե­նէ, պար­տա­ւոր ենք նաեւ որոշ ժա­մանակ տրա­մադ­րել բա­րեկամ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան։ Հե­տեւա­բար գո­յացած իւ­րա­քան­չիւր ազատ պահ, առիթ մըն է նաեւ այդ պար­տա­կանու­թիւններն ալ կա­տարե­լու հա­մար։

Առա­ջին եր­կու օրե­րուն, Ար­ցա­խէն բռնի տե­ղահա­նուած­նե­րու հետ շփումնե­րը կա­յացան հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու միջ­նորդու­թեամբ, եր­րորդին հա­մար օգ­նութեան կը հաս­ներ պե­տական կա­ռոյց մը՝ Ար­տա­շատի հա­մայնքա­պետարանը։

(Շարունակելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ