Յուան Յոսէ Սաէր-ի «Անտէր»ը

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԻՄԱՐ

kurtulus@gmail.com

«... Հետզհե­տէ ծա­նօթա­նալով այլ հո­գեւո­րական­նե­րու հետ, հա­մոզո­ւեցայ թէ անոնցմէ շա­տերու հայ­րախնամ, խղճա­միտ ժպի­տի ետին թաք­նո­ւած է իր լիազօ­րու­թիւննե­րէ օգ­տո­ւելով ծանր յան­ցանքներ գոր­ծե­լու կա­րող կամք մը։Տգէտ, խայ­տա­ռակ, հնա­զան­դող, խա­փեփայ ու ան­տաշ ըլ­լալնուն Տէր Քո­ւեսա­տա իր ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը կը խոր­տա­կէր զի­րենք սի­րաշա­հելու հա­մար»։

Նա­խորդ շա­բաթ երբ կը շրջէի Էս­քի­շեհի­րի գրա­խանութնե­րէն մէ­կուն մէջ, պա­տահա­կանօ­րէն նկա­տեցի սու­րիացի գաղ­թա­կան մը ըլ­լա­լով Ար­կենդի­նա ծնած եւ ամ­բողջ Հա­րաւա­յին Ամե­րիկա­յի տա­րած­քին համ­բա­ւի տի­րացած գրո­ղի մը՝ Յո­ւան Յո­սէ Սաէր-ի «Ան­տէր» անուն գիր­քը։

Փոք­րա­ծաւալ գիր­քը ու­նի շատ հա­ղոր­դա­կան պատ­մե­լաոճ, որու շնոր­հիւ կա­րելի է կար­դալ մէկ շունչով իսկ։ Սա­կայն խոս­տո­վանիմ թէ ըն­թերցե­լէ ետք Ան­տէր-ը կը պար­տադրէ կրկին ու կրկին թղթա­տել եւ որոշ նիւ­թե­րը իւ­րացնել։

Վէ­պի մուտքին հե­ղինա­կը կը բնու­թագրէ նա­ւու մը դէ­պի Հնդկա­կան կղզի­ներ նա­ւար­կե­լը։ Ան­ծայրա­ծիր ծո­վեր անցնե­լէ ետք սա­կայն, նա­ւուն հա­սած ծո­վափը բա­ւակա­նին հե­ռու է հնդկա­կան կղզի­ներէ։ Այդ եր­կար նա­ւար­կութեան ըն­թացքին նա­ւաս­տի­ները եւ ու­ղե­ւոր­ներ կը հար­կադրո­ւին կեան­քի ու ար­ժա­նապա­տուու­թեան մի­ջեւ ընտրու­թիւն ընե­լու։ Վեր­ջա­պէս պա­տիւը կը զո­հուի կեան­քը շա­րու­նա­կելու հա­մար։

Երբ նա­ւը կը մօ­տենայ ցա­մաք, նա­ւաս­տի­ներ ու ճամ­բորդներ իս­կոյն կը շրջա­փակո­ւին վայ­րե­նինե­րու կող­մէ։ Եր­կա­րահա­սակ ու սե­ւամորթ վայ­րե­նինե­րու խօ­սած լե­զուն օտար է բո­լորին հա­մար։ Վայ­րե­նինե­րը բա­ցի նա­ւու սպա­սար­կո­ղէն, կը սպան­նեն բո­լորը։ Դիերը կը փո­խադ­րո­ւին ծո­վափէն հե­ռու ան­տա­րածածկ տա­րածք մը ու կը դի­զուին իրա­րու վրայ։

Բա­րոյա­կան ոչ մէկ կարգ գո­յու­թիւն ու­նի իրենց մօտ։ Հա­մատա­րած երե­ւոյթ է ըն­տա­նիքէ ներս սե­ռային յա­րաբե­րու­թիւնը։ Տե­սած­նե­րով մո­լորած երի­տասարդ սպա­սար­կուն յան­կարծա­կի կը մատ­նուի նոր փոր­ձութեան մը։ Յա­տուկ արա­րողա­կարգ մը կը տի­րէ եւ զինք շա­լակե­լով, հա­մաչափ քայ­լե­րով կ՛սկսին եր­կար ճամ­բորդու­թեան։ Ժա­մեր կ՛անցնի եւ յոգ­նութեան ոչ մէկ նշան...Սպա­սար­կուն թէ վախ ու թո­ղի մատ­նո­ւած է, եւ թէ զո­ւար­ճա­լի է պատ­կե­րը։ Ան­պա­տաս­խան հար­ցումներ կան մտքին մէջ։ «Տաս­նեակ­նե­րով մարդ սպան­նե­լէ ետք ին­չո՞ւ զիս ողջ պա­հեցին»։

Ու­սամբարձ ճամ­բորդու­թեան աւար­տին երի­տասարդ սպա­սար­կո­ղը փա­կեցին խրճի­թի մը մէջ։ Սկսած է արա­րողա­կար­գիէ պատ­րաստու­թիւնը։ Եր­կու ճիւ­ղեր իրար շփե­լով կը ծա­գի նախ փոքր կրակ մը, որով կը բռնկեց­նեն խա­րոյկնե­րը։ Սպա­նուած­նե­րուն դիերը կը դրո­ւին կրա­կին վրայ։ Նախ կը բարձրա­նայ ան­տա­նելի, քար­շե­լի հոտ մը, որ հետզհե­տէ մարդկա­յին ճեր­պի կրա­կին վրայ հաս­նե­լով կը վե­րածո­ւի ախոր­ժա­բեր բուրմունքի։

Վէ­պի հե­րոսը զար­հուրան­քով կը դի­տէ իր շուրջ կա­տարո­ւած­նե­րը։ Վայ­րե­նիներ մեծ ախոր­ժա­կով կ՛ու­տեն մարդկանց խո­րոուած մար­միննե­րը։ Քա­նի կը յա­գենան, այնքան կը կա­տաղին ու մարդկա­յին բա­րոյա­կան բո­լոր սկզբունքնե­րը ոտ­նա­կոխող յա­րաբե­րու­թիւններ կ՛սկսին իրենց մի­ջեւ։

Ի վեր­ջոյ ան կը յա­ջողի մա­կոյ­կով մը փախ­չիլ կղզիէն, բայց տա­ռապան­քը կը շա­րու­նա­կուի։ Զինք գտած են մար­դիկ, որոնք կը խօ­սին նա­խապէս իրեն ալ ծա­նօթ լե­զուով, բայց ինք ապ­րածնե­րուն բե­րու­մով մո­ռացած է իր գիտ­ցած լեզուն ալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ