«Մարդու տառապանքի մարդկութեան գանձը կը վերածուի մարդու հարստութեան»

ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ 

Վստահ չեմ այս վեր­­նա­­­գիրին տակ ինչ կա­­րելի է գրել, երբ մեր շուրջ պա­­տերազմ ու աւեր է. բայց կրնամ ըսել, որ շա­­բաթ մը առաջ, երբ կը փոր­­ձէի յաղ­­թա­­­հարել յու­­սա­­­հատու­­թիւնս, ինքզինքս Սար­­գի­­­սին աշ­­խարհին մէջ գտայ։ Ի դէպ, Սար­­գի­­­սին ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կուի «Տո­­լաբ­­տե­­­րէ Ար­­թեր»-ին մէջ։ Պատ­­ճառ մը կայ Սար­­գի­­­սին գոր­­ծե­­­րուն զե­­տեղումնե­­րը (installations) «theatrum mundi» (աշ­­խարհի թատ­­րոն) կո­­չուե­­լուն։ Հսկայ ար­­խի­­­ւի տէր Սար­­գի­­­սը արո­­ւես­­տա­­­գէտ մըն է, որ իր հին եւ նոր գոր­­ծե­­­րը կը վե­­րացու­­ցադրէ գտնո­­ւած իրե­­րով, զա­­նոնք քով-քո­­վի բե­­րելով՝ կար­­ծես, թէ ապ­­րող էակ­­ներ ըլ­­լա­­­յին։ Հան­­րա­­­ծանօթ է իր զե­­տեղումնե­­րուն ընդմէ­­ջէն յի­­շողու­­թեան նիւ­­թին մէջ խո­­րանա­­լով,— Սար­­գիս ան­­յի­­­շողու­­թեան շե­­մէն կը հա­­ւաքէ մոռ­­ցուած պատ­­մութիւններ, յու­­շեր ու ցա­­ւեր եւ կը բե­­րէ ցու­­ցասրա­­հի տա­­րած­­քին մէջ։ Այս յօ­­դուա­­ծին վեր­­նա­­­գիրը կը պատ­­կա­­­նի արո­­ւես­­տի եւ մշա­­կոյ­­թի պատ­­մա­­­բան Էպի Ուար­­պուրկ-ի (Aby Warburg), որ եր­­կար ժա­­մանակ ներշնչման աղ­­բիւր եղած է Պո­­լիս ծնած ու մեծ­­ցած եւ 1964-ին Ֆրան­­սա տե­­ղափո­­խուած Սար­­գի­­­սին զե­­տեղ­­ման եղա­­նակին վրայ։ 1915-ին վե­­րապ­­րող ու Պո­­լիս հաս­­տա­­­տուած ամո­­լի թոռ­­նիկ Սար­­գի­­­սին հա­­մար տա­­ռապան­­քի երե­­ւոյ­­թին առա­­ջին մարմնա­­ցու­­մը Մունք-ին (Munch) հռչա­­կաւոր «Տը Սքրիմ»-ն էր (Ճի­­չը)։ Այս պատ­­կե­­­րը, որ պար­­բե­­­րաթեր­­թի մը մէջ տե­­սած է 15 տա­­րեկան հա­­սակին, երբ իր հօր մսա­­վաճա­­ռի խա­­նու­­թը կ՚աշ­­խա­­­տէր, զինք հրա­­ւիրած է ներ­­քին ճա­­նապար­­հորդու­­թեան մը, որուն վրայ տա­­կաւին կ՚աշ­­խա­­­տի ան. ար­­դա­­­րեւ, այս պատ­­կե­­­րին հետ մշա­­կուած իր յա­­րաբե­­րու­­թիւնը այս տա­­րի վե­­րածո­­ւեցաւ «100-րդ Մունքէն ետք» վեր­­նա­­­գիրով գիր­­քի մը։ Սար­­գիս որ­­դեգրած է Ուար­­պուրկի «Leidschatz» (տա­­ռապան­­քի գան­­ձը) փի­­լիսո­­փայու­­թիւնը եւ արո­­ւես­­տի զե­­տեղումներ կա­­տարած է՝ ման­­րա­­­մաս­­նօ­­­րէն խոհրդա­­ծելով, թէ ինչպէ՛ս տա­­ռապան­­քը կրնայ ծա­­ռայել կեան­­քին։ Տա­­ռապան­­քը ինչպէ՞ս գան­­ձի կը վե­­րածո­­ւի։ Կը կար­­ծեմ, որ ասոր պա­­տաս­­խա­­­նը կրնայ ըլ­­լալ, Սար­­գի­­­սին ըրա­­ծին նման, մեր անձնա­­կան եւ հա­­ւաքա­­կան յի­­շողու­­թիւննե­­րը տան­­ջող պատ­­կերնե­­րը տե­­սանե­­լի եւ շատ աւե­­լի մար­­դոց հա­­սանե­­լի դարձնե­­լով։ Ան­­կա­­­րելի է չմտա­­ծել, թէ ար­­դեօք ի՞նչ կրնար ըլ­­լալ, եթէ Սար­­գի­­­սը Մունքին գոր­­ծե­­­րուն հան­­դի­­­պած չըլ­­լար։

«Ար­­թեր»-ի մէջ, 4 Մա­­յիս 2023-էն 4 Փետ­­րո­­­ւար 2024 տե­­ւող Սար­­գի­­­սին ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին խո­­րագի­­րը «Ան­­վերջ» է։ Անոր ստեղ­­ծած աշ­­խարհին մէջ ճե­­մելով, առի­­թը ու­­նե­­­ցայ ըն­­կա­­­լելու, թէ ի՛նչ կը նշա­­նակէ դի­­մադ­­րել յու­­սա­­­հատու­­թիւնը՝ մխրճո­­ւելով մեր հո­­գինե­­րը հան­­դարտեց­­նող ձայ­­նի, լոյ­­սի եւ ձե­­ւի միաձուլման մէջ։ Կար­­ծես Սար­­գիս մարդկա­­յին տա­­ռապան­­քին կը նա­­յի ան­­վերջու­­թեան նստա­­վայ­­րէն եւ դի­­տողը կը հրա­­ւիրէ ժա­­մանա­­կի մը հա­­մար այդ աթո­­ռին նստե­­լու։ Ցու­­ցասրա­­հին մէջ, այ­­ցե­­­լուն կը դի­­մաւո­­րուի փե­­տուրնե­­րով ծած­­կո­­­ւած հաշ­­մանդա­­մի աթո­­ռով եւ սեւ մատ­­նա­­­հետ­­քե­­­րով, որոնք կը տե­­ղափո­­խուին հա­­յելիի մը վրայ։ Մինչ աթո­­ռը կը խորհրդան­­շէ նե­­ղու­­թիւնը, վրա­­յի փե­­տուրնե­­րը կու գան հանգստաց­­նող տարր մը աւելցնե­­լու այդ փոր­­ձութեան վրայ։ Հա­­յելիի վրա­­յի սեւ մատ­­նա­­­հետ­­քե­­­րը սոյն ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին պատ­­րաստու­­թեան մաս­­նա­­­կից մարդկանց մատ­­նա­­­հետ­­քերն են։ Այս գոր­­ծը, որ կա­­րելի է տես­­նել իբր զօ­­րակ­­ցութեան ար­­տա­­­յայ­­տութիւն, նաե՛ւ կը նշէ իւ­­րա­­­քան­­չիւր մար­­դու իւ­­րա­­­յատ­­կութիւ­­նը։ Ցու­­ցասրա­­հին աջ կող­­մը կը տես­­նենք «Էլ Տանս (1990)» (Ան կը պա­­րէ (1990)) գոր­­ծը, որ հսկայ հրեշ­­տա­­­կի մը կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ՝ դի­­տողը քնա­­ծելով ծի­­րանի գօ­­տիի գոյ­­նե­­­րով ծած­­կո­­­ւած կտաւ­­նե­­­րով։ Բարձր առաս­­տա­­­ղէ կա­­խուած այս հա­­գուստը դի­­տողին հա­­յեաց­­քը դէ­­պի վեր կը թե­­քէ։ Այն փաս­­տը, որ զե­­տեղումնե­­րը սո­­վորա­­կան տա­­րածու­­թեան մար­­տահրա­­ւէր կը նե­­տեն, առիթ կու տայ դի­­տողին ան­­վերջու­­թեան աթո­­ռին վրայ նստե­­լու եւ մեր ըն­­կա­­­լած ժա­­մանա­­կին կող­­մէ բե­­րուած սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րէն ան­­դին նա­­յելու։

2015 թո­­ւակա­­նին Վե­­նետի­­կի մեծ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին (Venice Biennale) ցու­­ցադրուած «Ռես­­բի­­­րօ» զե­­տեղու­­մը սոյն ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին կեդ­­րո­­­նը կը գտնէ ինքզինք։ Սար­­գի­­­սը հար­­ցազրոյցնե­­րէն մէ­­կուն ըն­­թացքին կը նշէ, որ եր­­կար մտա­­ծած է նա­­խքան այս գոր­­ծին ձեռ­­նարկե­­լը եւ որո­­շած է այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին հա­­մար հո­­ղին մէջ սէր ցա­­նել. կ՚աւելցնէ, որ իր թե­­ւերը պէտք է կրցա­­ծին չափ լայ­­նօ­­­րէն բա­­նայ։ Յա­­ւեր­­ժութե­­նէն մին­­չեւ օրս, ան­­ցեալին եւ ապա­­գային բա­­ցուող թե­­ւեր կու գան մար­­դուս աչ­­քի առաջ։ «Ռես­­բի­­­րօ»-ին մէջ, նէոնէ պատ­­րաստո­­ւած ծիածա­­նի 7 գոյ­­նե­­­րը իրենց թրթռա­­ցումնե­­րը կը շո­­ղար­­ձա­­­կեն։ Ծիածա­­նի 7 գոյ­­նե­­­րուն կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցին 7 նօ­­թանե­­րով մշա­­կուած երաժշտու­­թիւն՝ Ժա­­քոպօ Պա­­պոնի-Շի­­լին­­կի կող­­մէն յա­­տուկ այս գոր­­ծին հա­­մար ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծո­­­ւած։ Գոր­­ծին վեր­­նա­­­գիրը՝ «Ռես­­բի­­­րօ», որ լա­­տինե­­րէն շնչել կամ փչել կը նշա­­նակէ, 2015-էն ի վեր առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով այս սրա­­հին այլ գոր­­ծե­­­րու հետ երկխօ­­սու­­թեան մէջ մտնե­­լով նոր իմաստ կը գտնէ։ Հա­­յելի­­ները, որոնց վրայ այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին հա­­մար քով-քո­­վի եկած են 7 մա­­նուկներ ու իրենց գու­­նա­­­ւոր մատ­­նա­­­հետ­­քե­­­րը ձգած են, եւս Ար­­թեր տե­­ղափո­­խուած են։ Դէմ առ դէմ կանգնած եւ ան­­վերջու­­թեան ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը բազ­­մա­­­պատ­­կած հա­­յելի­­ները մեզ կը յի­­շեց­­նեն ապա­­գայ սե­­րունդին ապա­­քին­­ման կա­­րելիու­­թիւններ փո­­խան­­ցե­­­լու արո­­ւես­­տա­­­գէտին պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թի­­­նը։ Մխրճո­­ւած Սար­­գի­­­սին աշ­­խարհին մէջ, մէջս շրջա­­նառու­­թեան մէջ մտած եւ ոչ մէկ իմաստ գտած բա­­ցասա­­կան միտ­­քե­­­րը կը հան­­դի­­­պին Պա­­խին, Շոս­­տա­­­կովի­­չին եւ Պա­­պոնի-Շի­­լին­­կին թրթռոց­­նե­­­րուն։ Կարճ ժա­­մանա­­կի մը հա­­մար ապ­­րած ամ­­բողջու­­թեան զգա­­ցումս կը սկսի վե­­րանալ, երբ կը հե­­ռանամ ցու­­ցասրա­­հէն։ Բռնի տե­­ղահա­­նու­­թիւնը, աւե­­րը, ան­­յայտա­­ցումնե­­րը, որոնց ակա­­նատես կ՚ըլ­­լանք այս օրե­­րուն, դժո­­ւար թէ մէկ բա­­ռով ներ­­կա­­­յացո­­ւին՝ «տա­­ռապանք»։ Ինչ որ մարդկա­­յին ար­­ժա­­­նապա­­տուութին կը կո­­չուի միայն ընտրեալ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան կը վե­­րագ­­րո­­­ւի։ Մունքին՝ յու­­սա­­­հատու­­թեան հետ միացած բար­­կութեան լուռ ճի­­չը կը հա­­լածէ զիս։

Թարգմա­­նեց՝ Արազ Գոճայեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ