Հայաստան զէնք կը ստանայ Ֆրանսայէն

Հայաստան եւ Ֆրանսա 23 Հոկ­տեմբե­րին ստո­րագ­րե­ցին ռազ­մա­կան ոլոր­տի մէջ հա­մագոր­ծակցու­թեան հա­մաձայ­նա­գիր­ներ։ Այս հա­մաձայ­նութեամբ ֆրան­սա օդա­յին եւ ցա­մաքա­յին ռազ­մա­կան սար­քեր պի­տի տրա­մադ­րէ Հա­յաս­տա­նին։ Պի­տի մա­տակա­րարէ 3 GM200 ռա­տար­ներ եւ Mistral հրթիռ­ներ, ինչպէս նաեւ պի­տի օգ­նէ ու­սումնա­սիրե­լու եւ հասկնա­լու` թէ որո՛նք են Հա­յաս­տա­նի հա­կաօդա­յին պաշտպա­նու­թեան խո­ցելի կէ­տերը։

Այս հա­մաձայ­նա­գիրը առա­ջինն էր, զոր Հա­յաս­տան կնքեց ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ արեւմտեան երկրի մը հետ։

Պա­քու խստօ­րէն քննա­դատեց Հա­յաս­տան-Ֆրան­սա այս գոր­ծարքը եւ պնդեց, թէ այդպի­սով Փա­րիզ կը խախ­տէ տա­րածաշրջա­նի ռազ­մա­կան հա­ւասա­րակշռու­թիւնը։

Ծի­ծաղե­լի է Պա­քուի ռազ­մա­կան հա­ւասա­րակշռու­թեան մա­սին ար­տա­սանած խօս­քե­րը, քա­նի որ աւե­լի քան երեք տաս­նա­մեակ­ներ ինքն է, որ նաւ­թա­տոլար­նե­րով մե­ծաքա­նակ զէնք գնած է եւ խա­փանած այդ հա­ւասա­րակշռու­թիւնը։ Մինչ այդ յի­շենք նաեւ թէ Ռու­սիա մեր­ժած է դի­մագ­րա­ւել Հա­յաս­տա­նի զէն­քի պա­հան­ջը, պատ­ճա­ռաբա­նելով թէ ինք պա­տերազ­մի դրու­թեան մէջ է Ուկրա­նիոյ հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ