Աթէշեան Սրբազան Այցելեց Տիգրանակերտ

Գերշ. Տ. Արամ Ար­քեպս. Աթէ­շեան 21 Հոկ­տեմբեր 2023, Շա­բաթ երե­կոյ մեկ­նե­ցաւ Տիգ­րա­նակերտ, հան­դի­սապե­տելու հա­մար տեղ­ւոյն Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ անո­ւան տօ­նախմբու­թեան։

Նոյն առ­թիւ, Տիգ­րա­նակերտ մեկ­նե­ցան նաեւ Արժ. Տ. Նա­թան Քհնյ. Արա­պեան եւ սար­կա­ւագ­ներ ու դպիր­ներ։

Կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տարա­գը մա­տոյց Արժ. Տ. Նա­թան Քհնյ. Արա­պեանը։

Ի ժամ Ս. Պա­տարա­գի Նո­րին Սրբազ­նութիւ­նը քա­րոզեց Քրիս­տո­սի «Ինչ որ կ՚ու­զես, որ ու­րիշնե­րը քեզ ընեն, նոյ­նը դուն ըրէ անոնց» բնա­բանով։ Ծան­րա­ցաւ ազ­գե­րու եւ տար­բեր կրօնքնե­րու պատ­կա­նող ան­ձե­րու իրա­րու հան­դէպ ցու­ցա­բերած վե­րաբեր­մունքի մա­սին։ Սրբա­զան Հայ­րը ըսաւ. «Այս Սուրբ Եկե­ղեցիէն ձեր բո­լորին կը յի­շեց­նենք Քրիս­տո­սի միակ պա­տուի­րանը. «Սի­րեցէք զմի­մեանս»։ Դուք ալ սի­րեցէք զի­րար, որ­պէս քոյ­րեր եւ եղ­բայրներ։ Ոխա­կալու­թե­նէն մար­դիկ միայն կը տու­ժեն, իսկ իրար սի­րելով կը զօ­րանաք ու կը հարստա­նաք»։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տարա­գի կա­տարուեցաւ պաշ­տօն ի հան­գիստ հոգ­ւոցն Տիգ­րա­նակեր­տի եկե­ղեց­ւոյ բա­րերար­նե­րուն եւ սպա­սաւոր­նե­րուն։

Ապա խումբը, գլխա­ւորու­թեամբ Նո­րին Սրբազ­նութեան, մեկ­նե­ցաւ գե­րեզ­մա­նատուն, ուր Սրբա­զան հօր քրոջ շիր­մին շուրջ կա­տարո­ւեցաւ ընդհա­նուր հո­գեհանգստեան կարգ։

24 Հոկ­տեմբեր, երեք­շաբթի օր, Սրբա­զան հայ­րը վե­րադար­ձաւ քաղաքս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ