Աֆէյեաններու ներդրումը արցախահայութեան

«Օրօրա­յի» հա­մահիմ­նա­դիր Նու­պար Աֆէ­յեանը եւ անոնց ըն­տա­նեկան հիմ­նադրա­մը 2 մի­լիոն ԱՄՆ տո­լար կը յատ­կացնեն Ար­ցա­խէն տե­ղահա­նուած­նե­րուն օգ­նե­լու հա­մար։

Աջակ­ցութիւն կը ստա­նայ աւե­լի քան 100.000 բռնի տե­ղահա­նուած ար­ցախցի, որոնք այժմ կ՚ապ­րին Հա­յաս­տան։

Նո­ւիրա­տուու­թիւնը կը տրա­մադ­րէ «Աֆէ­յեան» հիմ­նադրա­մը, որ ան­ցեալին եւս, միաւո­րելով ջան­քե­րը «Օրօ­րայի» հետ եւ աջակ­ցած ար­ցախցի­ներուն 2020 թո­ւակա­նի պա­տերազ­մէն ետք։ Այս վեր­ջին ֆի­նան­սա­կան աջակ­ցութիւ­նը ուղղո­ւած է քա­նի մը ոլորտնե­րու, այդ թո­ւին՝ առաջ­նա­յին կա­րիք­նե­րու բա­ւարա­րում, բժշկա­կան եւ սո­ցիալ-հո­գեբա­նական աջակ­ցութիւն, ինչպէս նաեւ եր­կա­րաժամ­կէտ կրթա­կան հնա­րաւո­րու­թիւննե­րու ստեղ­ծում։

«Իւ­րա­քան­չիւր փախստա­կան ար­ժա­նի է ար­ժա­նապա­տիւ վե­րաբ­նա­կեց­ման Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Քա­նի որ կը մօ­տենայ ձմե­ռը, հի­մա է գոր­ծե­լու ժա­մանա­կը։ Մենք շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնենք անոնց, որոնք ար­դէն քայ­լեր ձեռ­նարկած են եւ կը դի­մենք հա­մաշ­խարհա­յին հան­րութեան՝ հա­մախմբո­ւելու եւ ցու­ցա­բերե­լու անհրա­ժեշտ օժան­դա­կու­թիւն մար­դա­սիրա­կան այս ճգնա­ժամը յաղ­թա­հարե­լու հա­մար»։

2020 թո­ւակա­նի Սեպ­տեմբե­րին՝ Ար­ցա­խի դէմ ծա­ւալո­ւած պա­տերազ­մէն ետք, «Օրօ­րա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը իրա­կանա­ցուց «Օրօ­րան՝ Ար­ցա­խին» ծրա­գիրը՝ աջակ­ցե­լով մար­դա­սիրա­կան լուրջ ճգնա­ժամի առաջ կանգնած տե­ղի բնակ­չութեան։ Տե­ղահա­նուած մարդկանց տրա­մադ­րո­ւած է սնունդ, կա­ցարան եւ հա­գուստ, ինչպէս նաեւ առա­ջին անհրա­ժեշ­տութեան պա­րագա­ներ ու կեն­սա­կան նշա­նակու­թեան դե­ղորայք։ Ծրագ­րի ըն­թացքին՝ մին­չեւ 2023 թ. Յու­նիս, «Օրօ­րա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը յատ­կա­ցու­ցած է 2.2 մի­լիոն ԱՄՆ տո­լար՝ աջակ­ցե­լով տե­ղի եւ մի­ջազ­գա­յին 70 գոր­ծընկեր­նե­րու կող­մէ իրա­գոր­ծո­ւող 93 նա­խագ­ծե­րու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ