«3+3»ի հանդիպումը Թեհրանի մէջ

Թեհ­­րա­­­նի մէջ, 23 Հոկ­­տեմբե­­րին տե­­ղի ու­­նե­­­ցած «3+3» տա­­­րածաշրջա­­­նային հար­­­թա­­­­­­­կի հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մէն ետքմ մաս­­­նակցող 5 եր­­­կիրնե­­­րու ար­­­տա­­­­­­­քին գոր­­­ծոց նա­­­խարար­­­նե­­­­­­­րը հրա­­­պարա­­­կեցին միացեալ հա­­­ղոր­­­դագրու­­­թիւն, որուն մէջ կը շեշ­­­տո­­­­­­­ւին ինը կէ­­­տերը.

1. Նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով եր­­­կիրնե­­­րու մի­­­ջեւ փո­­­խադարձ շա­­­հերու եւ բա­­­րի դրա­­­ցիու­­­թեան վրայ հիմ­­­նո­­­­­­­ւած յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու զար­­­գացման կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը՝ անոնք ընդգծե­­­ցին այդ առու­­­մով վէ­­­ճերու խա­­­ղաղ կար­­­գա­­­­­­­ւոր­­­ման, ինքնիշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան յարգման, քա­­­ղաքա­­­կան ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թեան, տա­­­րած­­­քա­­­­­­­յին ամ­­­բողջա­­­կանու­­­թեան, մի­­­ջազ­­­գայնօ­­­րէն ճանչցո­­­ւած սահ­­­մաննե­­­րու ան­­­խախտե­­­լիու­­­թեան, ներ­­­քին գոր­­­ծե­­­­­­­րու չմի­­­ջամ­­­տե­­­­­­­լու, սպառ­­­նա­­­­­­­լիքի կամ ու­­­ժի կի­­­րարկման ար­­­գելքի եւ մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու յարգման կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը՝ ՄԱԿ-ի կա­­­նոնադ­­­րութեան բո­­­լոր սկզբունքնե­­­րուն հի­­­ման վրայ։

2. Քննար­­­կո­­­­­­­ւեցան մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին զա­­­նազան հար­­­ցեր եւ ընդգծո­­­ւեցաւ խորհրդա­­­տուա­­­կան «3+3է հար­­­թա­­­­­­­կի կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը՝ կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ղական եր­­­կխօ­­­սու­­­թեան կա­­­րելիու­­­թիւննե­­­րը ապա­­­հովե­­­լու եւ փոխ­­­շա­­­­­­­հաւէտ հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թիւն հաս­­­տա­­­­­­­տելու այն եր­­­կիրնե­­­րուն մի­­­ջեւ, որոնք առաջ­­­նա­­­­­­­յին դեր ու­­­նին այդ առու­­­մով։

3. Կա­­­րեւոր նկա­­­տուե­­­ցան տնտե­­­սական հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեան դրա­­­կան ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը փո­­­խադարձ վստա­­­հու­­­թեան ամ­­­րապնդման, ազ­­­գե­­­­­­­րու բա­­­րեկե­­­ցու­­­թեան եւ տա­­­րածաշրջա­­­նի կա­­­յու­­­նութեան վրայ։

4. Անոնք ընդգծե­­­ցին մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեան, մար­­­դոց մի­­­ջեւ շփումնե­­­րու եւ կրթա­­­կան, գի­­­տական, զբօ­­­սաշրջու­­­թեան, մշա­­­կոյ­­­թի եւ մարմնակրթու­­­թեան բնա­­­գաւա­­­ռին մէջ միացեալ նա­­­խագի­­­ծերու կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը։

5. Յա­­­րատեւ խա­­­ղաղու­­­թեան եւ տնտե­­­սական զար­­­գացման խթան­­­ման հա­­­մար, անոնք պէտք է ամ­­­րապնդեն եր­­­կկողմ եւ բազ­­­մա­­­­­­­կողմ խորհրդակ­­­ցութիւննե­­­րը եւ փոխ­­­գործակ­­­ցութիւ­­­նը։

6. Անոնք ող­­­ջունե­­­ցին տա­­­րածաշրջա­­­նի բո­­­լոր եր­­­կիրնե­­­րուն մի­­­ջեւ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու կար­­­գա­­­­­­­ւոր­­­ման եւ զար­­­գացման վե­­­րաբե­­­րող գոր­­­ծընթաց­­­նե­­­­­­­րը։

7. Դրա­­­կան գնա­­­հատե­­­լով այս հան­­­դիպման ար­­­դիւնքնե­­­րը՝ անոնք վե­­­րահաս­­­տա­­­­­­­տեցին, որ այս հար­­­թա­­­­­­­կը բաց է Վրաս­­­տա­­­­­­­նի հա­­­ւասար մաս­­­նակցու­­­թեան հա­­­մար։

8. Նա­­­խարար­­­նե­­­­­­­րը նաեւ միտ­­­քեր փո­­­խանա­­­կեցին Կա­­­զայի իրա­­­վիճա­­­կին վե­­­րաբե­­­րեալ։ Անոնք ընդգծե­­­ցին ան­­­մեղ քա­­­ղաքաց­­­ներ թի­­­րախ դարձնե­­­լը ան­­­յա­­­­­­­պաղ դադ­­­րեցնե­­­լու անհրա­­­ժեշ­­­տութիւ­­­նը։

9. Մաս­­­նա­­­­­­­կից պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու ար­­­տա­­­­­­­քին գոր­­­ծոց նա­­­խարար­­­նե­­­­­­­րը շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն յայտնե­­­ցին Իրա­­­նի Իս­­­լա­­­­­­­մական Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան ար­­­տա­­­­­­­քին գոր­­­ծոց նա­­­խարա­­­րին՝ լաւ ըն­­­դունե­­­լու­­­թեան եւ այս հան­­­դիպման բա­­­րեյա­­­ջող իրա­­­կանաց­­­ման հա­­մար։

Նա­­խարար­­նե­­­րը հա­­մաձայ­­նե­­­ցան, որ յա­­ջորդ հան­­դի­­­պու­­մը կա­­յանայ Թուրքիոյ մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ