Ես եւ հայրս` շուկայի ճամբուն

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

Տարբերակ21

Ճիշդ հի­­մա սու­­փըրմար­­քէ­­­թի դու­­ռին առ­­ջեւն եմ։ Ծանր քայ­­լե­­­րով կ՛ուղղուիմ դէ­­պի մեծ եր­­կա­­­թէ սայլ մը։ Գրպա­­նէս կը հա­­նեմ պճլիկ փլաս­­թի­­­քէ կտոր մը ու կ՛ազա­­տեմ զայն իր շղթա­­ներէն։ Տա­­րօրի­­նակ ելեկտրո­­նային զէնք մը կը քա­­շեմ պա­­տէն՝ գնումներս կա­­տարե­­լու նպա­­տակով։ Բո­­լորս՝ ես, զրա­­հապատ սայ­­լը եւ ելեկտրո­­նային զէն­­քը կը քա­­լենք դէ­­պի սու­­բըրմար­­քէ­­­թի կա­­նաչե­­ղէնի սրա­­հը։ Յա­­տակը կը փայ­­լի, այնքան փայ­­լուն, որ երե­­ւակա­­յու­­թիւնս զիս կը տե­­ղափո­­խէ Հա­­լէպ՝ «Սը­­րիան ատի­­մէ»ի կա­­նաչե­­ղէնի շու­­կան։ Ես եւ հայ­­րիկս ենք եւ քիւրտ Ամ­­մօ Հա­­մոն։«Չաուա­­յէ Հա­­մօ», կ՛ըսէ հայ­­րիկս ժպտուն դէմ­­քով ու բարձր ձայ­­նով։

«Պա­­շա», կը պա­­տաս­­խա­­­նէ Հա­­մոն՝ աւե­­լի բարձր ձայ­­նով ու կ՛աւելցնէ. «Այ­­սօր ամէն ինչ թա­­զա է, կա­­լակ պա­­շա։ Ի՞նչ լեց­­նեմ։»

...

Սայ­­լովս ու զէն­­քովս հա­­սայ լո­­լիկ­­նե­­­րուն քով. յի­­սուն հա­­զար տե­­սակ կայ, բայց բո­­լորն ալ աչ­­քիս նոյն լո­­լիկը կ՛երե­­ւին։ Ին­­ծի ըն­­դա­­­մէնը պէտք է եր­­կու հա­­տիկ. կ՛ընտրեմ, զէնքս կը մօ­­տեց­­նեմ եւ «թիթ-թիթ»՝ գնե­­ցի։ Դա­­սական երաժշտու­­թիւնը կը շա­­րու­­նա­­­կէ հնչել սրա­­հին մէջ. ճիշդ կար­­ծես թէ օփե­­րայի մը մէջ ենք...։

Հա­­մոն ետ կը յայտնո­­ւի երե­­ւակա­­յու­­թեանս մէջ։ «Պաշ մու­­հանտէս, լո­­լիկ­­նե­­­րը լաւ են, ինչքա՞ն լեց­­նեմ»։ Հայ­­րիկս, վստա­­հելով Հա­­մոյի ճա­­շակին, կը պա­­տաս­­խա­­­նէ. «Ատ սնտու­­կը տուր»։ Ան­­շուշտ այդ սնտուկ կո­­չուա­­ծը մօ­­տաւո­­րապէս հինգ քի­­լօ է։ Հա, ի մի­­ջի այ­­լոց ըսեմ, որ Հա­­մոն մե­­զի քրտա­­կան սեւ, քաղցր թէ­­յը հրամ­­ցուց քիչ առաջ։ Ու ես հի­­մա ան­­կիւնը՝ կարճ պայ­­տէ աթո­­ռին վրայ նստած կը վա­­յելեմ թէյս ու կը հե­­տեւիմ պա­­պայիս եւ Հա­­մոյին բարձրա­­ձայն քրտե­­րէնով զրոյ­­ցին, որ ամէն ին­­չի մա­­սին է բա­­ցի լո­­լիկէն ու կա­­նաչե­­ղէնէն...։ Եր­­կու լո­­լիկ­­նե­­­րը գնե­­լէս վերջ, ես, սայ­­լակս ու զէնքս հան­­գիստ քայ­­լե­­­րով կ՛ուղղուինք դէ­­պի խա­­սի բա­­ժինը։ Երեք հատ խա­­սիկ, պճլիկ, կո­­կիկ, հա­­ւասար դրո­­ւած են փլաս­­թի­­­քէ տու­­փի մը մէջ, կար­­ծես Պար­­պիին հա­­մար պատ­­րաստո­­ւած ըլ­­լան. Առի մէկ տուփ, զէնքս մօ­­տեցու­­ցի եւ «թիթ-թիթ»՝ գնե­­ցի...։

Հայ­­րիկս դեռ կը շա­­րու­­նա­­­կէ զրոյ­­ցը։ Յան­­կարծ ու­­շադրու­­թիւնը կը գրա­­ւէ մեծ, թա­­փան­­ցիկ տոպ­­րակ մը, լե­­ցուն՝ թոն­­թոշ խա­­սերով։ «Հա­­մօ՛, խա­­սերդ լա՞ւ են։» Հա­­մոն կը պա­­տաս­­խա­­­նէ. «Ան­­շուշտ, պաշ մու­­հանտէս։ Քա­­նի՞ հատ կ՛ու­­զես։» «Տուր ատ տոպ­­րա­­­կը։» Թէյս կը շա­­րու­­նա­­­կեմ խմել ու տոպ­­րա­­­կին չա­­փը տես­­նե­­­լով՝ կը պատ­­կե­­­րաց­­նեմ մա­­մայիս առա­­ջին հա­­յեաց­­քը, զար­­մանքը, պո­­ռալը ու յե­­տոյ սու­­սիկ-փու­­սիկ մաք­­րե­­­լը...։ Մնաց պան­­ճա­­­նը, կամ պատրճա­­նը, կամ սմբու­­կը՝ ինչպէս սիր­­տերնիդ ու­­զէ։ Հե­­ռուէն կը տես­­նեմ եր­­կու հա­­տիկ պատրճան՝ փլաս­­թի­­­քէ փայ­­լուն թուղթով փաթ­­թո­­­ւած. ճիշդ կար­­ծես տա­­րեդար­­ձի փար­­թիի գրա­­ւիչ նո­­ւէր ըլ­­լայ։ Կը մօ­­տենամ, կ՛առ­­նեմ եւ «թիթ-թիթ»՝ գնե­­ցի...։ Հա­­մոն ներ­­սէն կը պո­­ռայ. «Պաշ Մու­­հանտէս, քե­­պապ պան­­ճա­­­նի աղո­­ւոր պան­­ճան ու­­նիմ։ Դնե՞մ քիչ մը։» Պա­­պաս նոյն վստա­­հու­­թեամբ կը պա­­տաս­­խա­­­նէ. «Դիր նա­­յինք, եր­­կու-երեք քի­­լօ»։ Զրոյ­­ցը կը շա­­րու­­նա­­­կուի, աղ­­մուկը նոյնպէս։ Հա­­մոյին գոր­­ծա­­­ւորը սնտուկնե­­րը եւ տու­­փե­­­րը կը տե­­ղափո­­խէ մեր օթո­­յին մէջ։ Ես ալ, թէյս վեր­­ջացնե­­լով, կը պատ­­րաստո­­ւիմ մօ­­տենալ հօրս։ «Ինչքա՞ն եղաւ հա­­շիւը», պա­­պաս կը հարցնէ։ Հա­­մոն ժպտա­­լով ու խան­­դա­­­վառու­­թեամբ կլոր թիւ մը կ՛ըսէ, առանց ման­­րա­­­մաս­­նե­­­լու։ Հայ­­րիկս կը վճա­­րէ գու­­մա­­­րը ու կ՛աւար­­տէ ամէն ան­­գա­­­մուան նա­­խադա­­սու­­թեամբ. «Մնա­­ցածը տուր չո­­ճու­­խին։...»

Ես ալ աւար­­տե­­­ցի գնումներս՝ եր­­կու հա­­տիկ լո­­լիկ, երեք հա­­տիկ Պար­­պիի հա­­մար յատ­­կա­­­ցուած խաս ու եր­­կու հա­­տիկ տա­­րեդար­­ձի նո­­ւէրի մը նման զար­­դա­­­րուած պան­­ճան։ Պա­­տին կը մօ­­տենամ, զէն­­քը կը վե­­րադարձնեմ իր տե­­ղը, փլաս­­թիք քար­­տը կը դնեմ գոր­­ծի­­­քին մէջ, թի­­ւեր, քո­­տեր, հա­­շիւ­­ներ... ու բա­­րակ, եր­­կա­­­րաւուն թուղթ մը դուրս կու գայ միւս կող­­մէն, որ­­պէս փաստ վճա­­րու­­միս։ Սու­­սիկ-փու­­սիկ, առանց մէ­­կու մը հետ զրու­­ցե­­­լու կամ խօ­­սելու, քլա­­սիք երաժշտու­­թեան ներ­­քոյ, դան­­դաղ կը մօ­­տենամ ապա­­կիէ դու­­ռին։ Այդ անի­­մաստ թուղթը աջ կող­­մը դրո­­ւած գոր­­ծի­­­քին կը մօ­­տեց­­նեմ, ու նոյն լռու­­թեամբ դու­­ռը կը բա­­ցուի։ Դուրս կ՛ել­­լեմ ու մտա­­պատ­­կե­­­րիս մէջ հայ­­րիկս, Հա­­մոն, աղ­­մուկը, Հա­­լէպի շու­­կա­­­յի թաշ­­խա­­­լան դեռ կը շա­­րու­­նա­­­կուի։

Ի միջ ի այ­­լոց ըսեմ, որ այս տո­­ղերը եր­­բեք լա­­ւի ու վա­­տի հա­­մեմա­­տու­­թիւն չեն, այլ ըն­­դա­­­մէնը ապ­­սիւրտ տե­­սարան­­ներ ծայ­­րա­­­յեղ քոնթրաս­­թի մը, որ իմ սե­­րունդս ապ­­րե­­­ցաւ ու դեռ կ՚ապ­րի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ