Ներսէս Շնորհալիի 850-ամեակի առթիւ

Զանազան առիթ­­նե­­­րով յի­­շուե­­ցաւ թէ այս տա­­րի կը նշենք հայ հո­­գեւոր գրա­­կանու­­թեան մե­­ծանուն բա­­նաս­­տեղծ Սուրբ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի 850-ամեայ յո­­բելեանը։

Այդ յո­­բելեանի ծի­­րէն ներս յա­­ճախ յի­­շուե­­ցաւ նաեւ անոր հե­­ղինա­­կած «Առա­­ւօտ Լու­­սոյ» շա­­րակա­­նը։ Ան յաղ­­թա­­­հարած է բա­­զում դա­­րերու աւե­­րիչ ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը եւ յա­­ջողած է պա­­հել ամուր այժմէակա­­նու­­թիւն։ Անոր այժմէակա­­նու­­թեան մա­­սին կը յի­­շեմ ապ­­րում մը, որ փո­­խան­­ցած էր լու­­սա­­­հոգի մայրս՝ Սի­­րանոյշ Էս­­դուգեան, եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ Շնորհք Պատ­­րիարք Գա­­լուստեանի հետ կա­­տարած ուխտագ­­նա­­­ցու­­թե­­­նէ մը վե­­րադար­­ձին։ «Այդ գի­­շեր լու­­սա­­­բացէն շատ աւե­­լի կա­­նուխ դուրս եկանք հիւ­­րա­­­նոցէն եւ հան­­րա­­­շարժնե­­րով բարձրա­­ցանք լե­­րան լանջն ի վեր։ Որոշ բարձրու­­թե­­­նէ մը ետք ճամ­­բան անան­­ցա­­­նելի էր ինքնա­­շարժնե­­րուն հա­­մար։ Ուստի սկսանք ոտ­­քով մագլցիլ լե­­րան կո­­ղը։ Ի վեր­­ջոյ հա­­սանք տա­­րածք մը, ուր նշմա­­րելի էին Նեմ­­րութ լե­­րան չաս­­տո­­­ւած­­նե­­­րու հսկայ քան­­դակնե­­րը։ Առա­­ւօտո­­ւայ այդ ժա­­մուն բա­­ւակա­­նին ցուրտ էր Նեմ­­րութի գա­­գաթը։ Այդ մա­­սին նա­­խապէս զգու­­շա­­­ցուած ըլ­­լա­­­լով մեր հետ ու­­նէինք վե­­րար­­կուներ եւ անոնց փաթ­­թո­­­ւած սպա­­սեցինք լու­­սա­­­բացը։

Եր­­կար սպա­­սու­­մէ ետք, երբ յան­­կարծ նշմա­­րուե­­ցաւ արե­­ւի առա­­ջին շո­­ղերը, այդ պա­­հուն լսե­­լի դար­­ձաւ նաեւ Շնորհք Պատ­­րիար­­քի խռպոտ բայց կուր ձայ­­նը, որ կ՚աւե­­տէր «Առա­­ւօտ լու­­սոյ, արե­­գակն ար­­դար։ Առ իսկ լոյս ծա­­գեայ։» Այդ առա­­ջին տո­­ղէն ետք դպիր­­նե­­­րը եւ մենք ուխտա­­ւոր­­ներս մեր ձայ­­նե­­­րը խառ­­նե­­­ցինք Շնորհք Պատ­­րիար­­քի աղեր­­սին»։

Են­­թադրա­­բար, երե­­ւակա­­յու­­թեամբ պատ­­կե­­­րացու­­ցած էի այդ պա­­հը, եւ հա­­մոզո­­ւած թէ մար­­դու կեան­­քի ամե­­նաշեշ­­տո­­­ւած ապ­­րումնե­­րէն մէ­­կը ըլ­­լա­­­լու է ան։ Աշ­­խարհաս­­փիւռ հայ մա­­մու­­լի անուանի եւ ան­­խոնջ գրաքննա­­դատ Ար­­մե­­­նակ Եղիայեան նա­­խորդ օրե­­րուն հա­­մացան­­ցի իր հե­­տեւող­­նե­­­րուն մա­­տու­­ցեց այս շա­­րակա­­նի ամ­­բողջա­­կան պատ­­ճէ­­­նը, իր կող­­քին յա­­ւելե­­լով անոր աշ­­խարհա­­բար թարգմա­­նու­­թիւնը։ «Այս բա­­ցառիկ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւ­­նը, որ աղօթք մըն է միաժա­­մանակ, հա­­զար տա­­րի լու­­սա­­­ւորած է մեր ազ­­գին միտքն ու հո­­գին եւ ան­­սայթաք առաջ­­նորդած է մեզ։

Այ­­սօր, աւե­­լի քան եր­­բէք ազ­­գո­­­վին՝ պե­­տական այ­­րե­­­րէն մին­­չեւ յե­­տին ռա­­միկն ու շի­­նակա­­նը, ծերն ու երի­­տասար­­դը անխտիր, պէտք ու­­նինք անոր լոյ­­սին»։

Ար­­մե­­­նակ Եղիայեանի յոր­­դո­­­րը ու հաս­­տա­­­տու­­մը կը բաժ­­նենք ար­­տատպե­­լով շա­­րակա­­նի ամ­­բողջութիւնը։

ԱՌԱՒՕՏ ԼՈՒՍՈՅ

Առաւօտ լուսոյ,

Արեգակն արդար,

Առ իս լոյս ծագեա:

Լուսաւո՛ր առաւօտ,

Արդար արեգա՛կ,

Իմ վրաս լոյս ծագեցուր:

Բըղխումն ի Հօրէ,

Բըղխեա ի հոգւոյս

Բան քեզ ի հաճոյս:

Հօրմէ՛ բխած,

Բխեցուր հոգիիս մէջ

Խօսք` քեզի հաճելի:

Գանձդ ողորմութեան,

Գանձիդ ծածկելոյ

Գըտող զիս արա:

Գա՛նձդ ողորմութեան,

Ծածուկ գանձիդ

Գտնո՛ղն ըրէ զիս:

Դուռն ողորմութեան

Դաւանողիս բաց,

Դասեցո վերնոցն:

Ողորմութեան դուռը

Դաւանողիս առջեւ բա՛ց,

Դասէ՛ վերիններուն հետ:

Երրեակ միութիւն,

Եղելոց խնամող,

Եւ ինձ ողորմեա:

Եռեա՛կ միութիւն,

Արարածները խնամո՛ղ,

Ինծի՛ ալ ողորմեա:

Զարթիր, Տէր, յօգնել,

Զարթո ըզթմրեալս,

Զուարթնոց նըմանիլ:

Զարթի՛ր, Տէ՛ր, օգնելու,

Արթնցուր թմրածները,

Որ հրեշտակներուն նմանին:

Էդ Հայր անսկիզբն,

Էակից Որդի,

Է միշտ սուրբ Հոգի:

Անսկի՛զբ է Հայրը,

Գոյակի՛ց է Որդին,

Է միշտ Սո՛ւրբ Հոգին:

Ընկալ զիս, գըթած,

Ընկալ, ողորմած,

Ընկալ, մարդասէր:

Ընդունէ՛ զիս, գթա՛ծ,

Ընդունէ՛, ողորմա՛ծ,

Ընդունէ՛, մարդասէ՛ր:

Թագաւոր փառաց,

Թողութեանց տուող,

Թող ինձ զյանցանս:

Թագաւո՛ր փառքերու,

Թողութիւններ տուո՛ղ,

Ներէ ինծի յանցանքներս:

Ժողովող բարեաց,

Ժողովեա եւ զիս

Ժողովս անդրանկաց:

Ժողովո՛ղ բարիքներու,

Ժողովէ եւ զի՛ս

Առաջիններու ժողովին մէջ:

Ի քէն, Տէր, հայցեմ,

Ի մարդասիրէդ,

Ինձ բժշկութիւն:

Քեզմէ կը հայցեմ, Տէ՛ր,

Մարդասէրէ՛դ,

Ինծի բժշկութիւն:

Լեր կեանք մեռելոյս,

Լոյս խաւարելոյս,

Լուծանող ցաւոյս:

Եղիր կեա՛նք` մռեալիս,

Լո՛յս` խաւարեալիս,

Վերացնո՛ղ` ցաւերուս:

Խորհրդոց գիտող,

Խաւարիս շնորհեա

Խորհուրդ լուսաւոր:

Խորհուրդներու՛ գիտակ,

Խաւարիս շնորհէ

Խորհուրդ լուսաւոր:

Ծնունդ Հօր ծոցոյ,

Ծածկելոյս ստուերաւ

Ծագեա զլոյս փառաց:

Հօր ծոցի ծնո՛ւնդ,

Ստուերով ծածկուածիս վրայ

Ծագեցու՛ր լոյսը փառքերուդ:

Կենարար փրկիչ,

Կեցո զմեռեալս,

Կանգնեա զգլորեալս:

Կենարա՛ր փրկիչ,

Ապրեցու՛ր մեռնողս,

Կանգնեցո՛ր գլորուողս:

Հաստեա հաւատով,

Հաստատեա յուսով,

Հիմնեցո սիրով:

Ամրացուր հաւատքով,

Հաստատէ յոյսով,

Հիմնէ սիրով:

Ձայնիւս աղաչեմ,

Ձեռօքս պաղատիմ,

Ձիր բարեաց շնորհեա:

Ձայնովս կաղաչեմ,

Ձեռքերովս` կը պաղատիմ,

Բարիքներու պարգեւը շնորհէ:

Ղամպարամբ լուսոյ,

Ղեկավար ճարտար,

Ղօղեալս1 ամրացո:

Լուսաւոր ջահովդ,

Ճարտա՛ր առաջնորդ,

Լողորդս փրկէ1

Ճառագայթ փառաց,

Ճանապարհ ինձ ցոյց,

Ճեպել2 ի յերկինս:

Ճառագա՛յթ փառքի,

Ճանապարհ ցոյց տուր ինծի`

Փութալու դէպի երկինք:

Միածինդ հօր,

Մոյծ զիս յառագաստ

Մաքուր հարսանեացդ:

Հօր միածինդ,

Մտցո՛ւր զիս առագաստը

Մաքուր հարսանիքիդ:

Յորժամ գաս փառօք

Յահագին աւուրն,

Յիշեա զիս, Քրիստոս:

Երբ որ գաս փառքով

Ահեղ դատաստանի օրը,

Յիշէ՛ զիս, Քրիստո՛ս:

Նորոգող հնութեանց,

Նորոգեա եւ զիս,

Նորոգ զարդարեա:

Նորոգո՛ղ հնութիւններու,

Նորոգէ՛ զիս ալ,

Նորով3 զարդարէ:

Շնորհատու բարեաց,

Շնորհեա զքաւութիւն,

Շնորհեա զթողութիւն:

Շնորհատո՛ւ բարիքներու,

Շնորհէ՛ քաւութիւն,

Շնորհէ՛ թողութիւն:

Ուրախացո, Տէր,

Ոգւոյս փրկութեամբ,

Ոյր վասն4 եմ ի սուգ:

Ուրախացո՛ւր, Տէ՛ր,

Հոգիիս փրկութեամբ,

Որ սուգի մատնած է զիս:

Չար մշակողին,

Չար սերմանց նորին

Չորացո զպըտուղն:

Չար մշակողին,

Անոր չար սերմերուն

Պտուղը չորցո՛ւր:

Պարգեւիչ բարեաց,

Պարգեւեա իմոց

Պարտեացս թողութիւն:

Պարգեւի՛չ բարիքներու,

Պարգեւէ իմ

Պարտքերուս թողութիւն:

Ջուր շնորհեա աչացս,

Ջերմ հեղուլ զարտօսր,

Ջնջել զյանցանս:

Ջո՛ւր շնորհէ աչքերուս,

Որ ջերմ արցունք հեղեն՝

Ջնջելու յանցանքներս:

Ռետինդ5 քաղցու,

Ռամ6 հոգւոյս արբո,

Ռահ ցոյց ինձ լուսոյ:

Քաղցր հոյզովդ

Ռամիկ6 հոգիս յագեցուր,

Լուսաւոր ուղի ցոյց տուր ինծի:

Սէր անուն Յիսուս,

Սիրով քով ճըմլեա

Սիրտ իմ քարեղէն:

Սէր անուն Յիսուս,

Սիրովդ ճմլէ

Իմ քարացած սիրտս:

Վասըն գըթութեանդ,

Վասն ողորմութեանդ,

Վերստին կեցո:

Շնորհիւ գթութեանդ,

Շնորհիւ ողորմութեանդ`

Վերստի՛ն ապրեցուր:

Տենչալւոյդ տեսլեամբ

Տուր ինձ յագենալ,

Տէր Յիսուս Քրիստոս:

Տենչալիիդ տեսքով

Ձգէ ինծի յագենալ,

Տէ՛ր Յիսուս Քրիստոս:

Րաբունդ երկնաւոր,

Րոտեա զաշակերտս

Րամից երկնայնոց:

Ուսուցի՛չ երկնաւոր,

Աշակերտդ միացուր

Երկնայիններու երամին:

Ցօղ արեան քո, Տէր,

Ցօղեա ի հոգիս,

Ցընծասցէ անձն իմ:

Արիւնիդ ցօղը, Տէ՛ր,

Ցօղէ՛ հոգիիս մէջ,

Որպէսզի ցնծայ անձս:

Իիւծեալըս մեղօք

Իիւծեալ աղաչեմ,

Իիւսել ինձ բարիս:

Մեղքերէն հիւծածս

Հիւծեալ կաղաչեմ`

Հիւսէ՛ մէջս բարին:

Փրկիչ բոլորից,

Փութա զիս փրկել

Փորձութեանց մեղաց:

Փրկի՛չ բոլորի,

Փութա՛ փրկել զիս

Փորձութիւններու մեղքերէն:

Քաւիչ յանցանաց,

Քաւեա զօրհնաբանս՝

Քեզ երգել զփառս:

Քաւի՛չ յանցանքներու,

Քաւէ՛օրհնաբանող(ի)ս(մեղքերը)`

Քեզի փառք երգելու:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ