Գումպուրկազի ճամբան

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք աշակերտուհիներու ուղղուած «Յասմիկեան Պտոյտներ» արձակ գրութեան մրցանքին արդիւնքները։ «Ակօս»ի մեր ընթերցողներուն հետ կը բաժնեկցինք երեք մրցանակակիրներուն գրութիւնները։ Առաջին կը հանդիսանայ Նորա Տավուլճեան Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանէն։ Շնորհաւո՚ր ըլլայ, սիրելի Նորա, գրի՚չդ դալար։ Կը մաղթենք, որ շարունակես պտոյտներուդ մասին գրել ու ստեղծագործել։

ՆՈՐԱ ՏԱՎՈՒԼՃԵԱՆ 

Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարան

Իսթանպուլ, Թուրքիա

Ժ. Դասարան, 15 տարեկան

Ես Գումպուրկա­զը շատ կը սի­րեմ։ Կրնամ ըսել, որ հոն մեծ­ցած եմ։ Ման­կութիւնս, պա­տանե­կու­թիւնս գրե­թէ հոն ան­ցած են, մա­նաւանդ՝ ամ­րան ար­ձա­կուրդներս։ Ամէն տա­րի ան­համբեր կը սպա­սէի, որ ամա­ռը շուտ ժա­մանէր, որ­պէսզի մենք ալ օդա­փոխու­թեան հա­մար Գումպուրկազ եր­թա­յինք։ Մար­մա­րա ծո­վու ափին գե­ղեցիկ գիւ­ղա­ւան մըն է Գումպուրկա­զը. մէկ կող­մը՝ ծով, միւս կող­մը՝ կա­նաչու­թիւն։

Կը մտա­բերեմ այդ օրե­րը։ Ամառ­նա­յին ար­ձա­կուրդ է։ Հայ­րի­կիս կառ­քով ճամ­բայ կ՚ել­լենք։ Բայց նախ­քան ճամ­բայ ել­լելնիս՝ խա­ղալիք­նե­րուս «պայ-պայ» կ՚ըսեմ, անոնցմէ հրա­ժեշտ կ՚առ­նեմ։ Նախ կը հան­դի­պինք մա­միկիս ու պա­պիկիս. անոնք ալ մե­զի հետ պի­տի գան։ Կառ­քին մէջ մա­միկս ոտ­քերս բա­նով մը կը ծած­կէ, որ­պէսզի չմսիմ։ Հայրս ճամ­բու ըն­թացքին ան­պայման Սթի­ւի Ուոն­տը­րին «Փարթ թայմ լա­ւըր» եր­գը կը բա­նայ եւ ինքն ալ հե­տը կ՚եր­գէ։ Երբ եր­ջա­նիկ է, հայրս միշտ այս եր­գը կ՚եր­գէ։ Ան մե­զի կ՚ու­ղեկցի ճամ­բորդու­թեան ողջ տե­ւողու­թեան։ Տա­րիներ ետք ամէն ան­գամ որ այս եր­գը լսեմ, միշտ կը յի­շեմ մեր Գումպուրկա­զի ճամ­բորդու­թիւննե­րը եւ միտ­քով կը թռչիմ դէ­պի այդ օրե­րը։

Ես գի­շերով ճամ­բորդե­լը աւե­լի շատ կը սի­րեմ։ Գի­շերո­ւան լոյ­սե­րը ին­ծի ման­կութիւնս կը յի­շեց­նեն։ Պա­տու­հա­նէն դուրս կը նա­յիմ, կը դի­տեմ շուրջբո­լորս։ Ամէն կողմ խա­ւար է, բայց նո­րէն ալ կը դի­տեմ։ Նաեւ կ՚ունկնդրեմ գի­շերա­յին ձայ­նե­րը։ Ին­ծի այնքա՜ն աղո­ւոր կը թո­ւին անիւ­նե­րուն կպրու­ղիին վրայ հա­նած ձայ­նե­րը, այնքա՜ն գե­ղեցիկ կը թո­ւին պո­ղոտա­ներու, փողոցնե­րու լոյ­սե­րը, բարձր ձո­ղերու վրայ ելեկտրա­կան լամ­բարնե­րուն ար­ձա­կած փայ­լուն լոյ­սե­րը, նաեւ՝ կառ­քե­րուն լու­սարձակ­նե­րուն աչք շլաց­նող լոյ­սե­րը։ Լոյ­սեր կը տե­ղան ամէն կող­մէ։ Լոյ­սեր հե­ռաւոր տու­նե­րու պա­տու­հաննե­րէն դուրս կը յոր­դին։ Փոքր լոյ­սեր, մեծ լոյ­սեր, թե­թեւ լոյ­սեր, զօ­րաւոր լոյ­սեր։ Տե­սակ-տե­սակ լամ­բարներ։ Ամէն մէ­կը տար­բեր, դե­ղին, ճեր­մակ լամ­բարներ։ Նաեւ ամէն տան մէջ տար­բեր հէ­քեաթ մը։

Աղօտ լոյ­սե­րով գիւ­ղե­րէ, գիւ­ղա­ւան­նե­րէ կ՚անցնինք։ Մեր կառ­քը կը սու­րայ կպրու­ղիին վրայ։ Կը սա­հի, կ՚եր­թայ։ Լոյ­սե­րը կը յոգ­նեցնեն աչ­քերս։ Կա­մաց-կա­մաց քունս կու գայ։ Աչ­քերս կը գո­ցուին։ Չեմ ու­զեր քնա­նալ։ Չեմ ու­զեր մեր ճամ­բորդու­թե­նէն բան մը փախցնել։ Բայց ի զուր կը դի­մադ­րեմ։ Քու­նը կը յաղ­թէ։ Երա­զային աշ­խարհէ մը ան­ցում կը կա­տարեմ դէ­պի ու­րիշ երազ­նե­րու աշ­խարհ մը։ Չեմ գի­տեր որ­քան ժա­մանակ կ՚անցնի։ Կ՚արթննամ քոյ­րի­կիս պոռչտուքնե­րէն։ «Նա­յէ՚, նա­յէ՛», կը պո­ռայ քոյրս։ Կը նա­յիմ։ Կը նկա­տեմ, թէ ար­դէն հա­սեր ենք կլոր պա­տու­հաննե­րով միօրի­նակ տու­նե­րուն մօտ։ Կը խնդանք այդ կլո­րիկ պա­տու­հաննե­րուն վրայ։ Լիային տու­նե­րը կը կո­չենք զա­նոնք։ Հա՜, մոռ­ցայ ըսե­լու, Լիան քոյրս է։ Տա­րիներ առաջ նախ ան էր, որ անդրա­դար­ձած էր այդ տու­նե­րուն եւ մե­զի ցոյց տո­ւած. ու­րեմն՝ անոր կը պատ­կա­նին այդ տու­նե­րը։

Կ՚անցնինք ծա­ռու­ղիէ մը։ Այդ ծա­ռու­ղիէն ետք կը սկսին քով-քո­վի շա­րուած տու­ներ։ Կար­գաւ կար­միր կղմինտրնե­րով, կա­պոյտ կղմինտրնե­րով, կա­նանչ կղմինտրնե­րով տու­ներ։ Անոնք մե­զի կը յու­շեն, թէ բա­ւական մօ­տեցած ենք մեր տան։ Չա­փազանց կ՚ու­րա­խանանք։ Քոյ­րի­կիս հետ միաձայն կ՚եր­գենք. «Գումնուրկազ հա­սա՜նք, Գումնուրկազ հա­սա՜նք»։

Երբ կը հաս­նինք մեր տան առ­ջեւ, աճա­պարան­քով կառ­քէն դուրս կը նե­տուինք։ Վայրկեանին մեր ռունգե­րը կը լե­ցուին Գումպուրկա­զի հո­տով։ Տե­սակ մը ծո­վու, մա­մու­ռի, խո­տի խառ­նուրդ մը։ Այդ հո­տը ու­րիշ որե­ւէ տեղ առ­նել կա­րելի չէ։ Անի­կա մեր տան պէս կը հո­տի։ Ին­ծի այնպէս կը թո­ւի, թէ այդ հո­տը մեր տան իւ­րա­յատուկ հոտն է։ Կար­ծես, թէ տու­նէն դուրս յոր­դէր, մին­չեւ փո­ղոց տա­րածո­ւեր է։ Կը հո­տուը­տամ շուրջբո­լորը։ Այդ հո­տը եր­կա՜ր եր­կա՜ր մէջս քա­շել կ՚ու­զեմ, չէ՞ որ մերն է ան։

Եւ ի վեր­­ջոյյ տուն կը մտնեմ։ Նախ եւ առաջ բո­­լոր սե­­նեակ­­նե­­­րը կը շրջիմ։ Պատշգա­­մէն դուրսը կը դի­­տեմ։ Օդը զով է, բայց՝ անոյշ զո­­վու­­թիւն մը, որ կը պա­­րու­­րէ ամ­­բողջ էու­­թիւնս։ Ար­­դէն շատ ուշ է։ Ան­­կո­­­ղին կը մտնեմ ու քնա­­նալ կը փոր­­ձեմ։ Պէտք է հանգչիմ, որով­­հե­­­տեւ յա­­ջորդ օրը ընե­­լիք­­ներ ու­­նիմ։ Առա­­ւօտուն առա­­ջին գործս ամա­­րանո­­ցի ըն­­կերներս կան­­չել պի­­տի ըլ­­լայ։ Ան­­գամ մը եւս կը զգամ, որ շատ եր­­ջա­­­նիկ եմ։ Ահա­­ւասիկ կրկին Գումպուրկազն եմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ