Բնակարանաշինութիւն Վաքըֆգիւղի մէջ

Սոյն տա­րուայ Փետ­րո­ւար ամ­սի կոր­ծա­նիչ երկրա­շար­ժը 11 քա­ղաք­նե­րու մէջ մեծ աւէր գոր­ծած էր։ Անոնց կար­գին էր նաեւ Թուրքիոյ միակ հայ­կա­կան գիւ­ղը Վա­քըֆը։ Վա­քըֆի մէջ դար­ձեալ բազ­մա­թիւ տու­ներ փլան եւ ան­գործա­ծելի դար­ձան։

Յա­ջոր­դող ամիս­նե­րուն գիւ­ղա­ցինե­րուն առա­քուե­ցան քոն­թէյնըր­ներ, որոնք հա­մեմա­տաբար աւե­լի ապա­հով կե­ցու­թիւն մը կը խոս­տա­նային մինչ այդ վրան­նե­րու մէջ պատսպա­րուած ժո­ղովուրդին։

Այժմ նա­խապատ­րաստու­թիւննե­րը կ՚ըն­դա­նան բնա­կարա­նաշի­նու­թեան ծրա­գիր­նե­րու։ Ծրագ­րո­ւած է գիւ­ղի մեր­ձա­կայ տա­րած­քի վրայ 15-20 բնա­կարան­նե­րու կա­ռու­ցումը, որոնք պի­տի ու­նե­նան 500 մ² տա­րած­քի մէջ 120 մ² ծա­ւալով մի յար­կա­նի գիւ­ղա­կան տու­ներ։

Կա­ռավա­րու­թիւնը աւե­լի յար­մար նկա­տած է քան­դո­ւած տու­նե­րը տեղ­ւոյն վրայ նո­րոգե­լու փո­խարէն գիւ­ղի ան­մի­ջական հա­րեւա­նու­թեամբ նոր թա­ղամա­սի մը կա­ռու­ցումը։ Այսպէ­սով ապա­հովուած պի­տի ըլ­լայ նաեւ բնա­կարան­նե­րու ստո­րերկրեայ ցան­ցը եւ մա­նաւանդ կո­յու­ղիի դրու­թիւնը։

Գիւ­ղա­պետ Պերճ Քար­դուն կը յայտնէ թէ այս առա­ջար­կը բա­ւական դրա­կան գնա­հատո­ւած է գիւ­ղա­ցինե­րու կող­մէ։ Նոյն օրի­նակով նա­խագի­ծեր կը մշա­կուին նաեւ հա­րեւան Խըտրպեկ եւ Եողու­նօ­լուք գիւ­ղե­րու վնա­սուած բնա­կարան­նե­րուն հա­մար։

Իսկ գիւ­ղա­ցինե­րը իրենց աւե­րուած տու­նը պի­տի կրնան վե­րակա­ռու­ցել իրենց սե­փական մի­ջոց­նե­րով։ Նոր թա­ղամա­սի շի­նու­թեան ծախ­սե­րու 60 տո­կոսը կը ստանձնէ պե­տու­թիւնը, իսկ 40 տո­կոսին հա­մար կը տրա­մադ­րո­ւի յա­տուկ վարձք, որու վճա­րումնե­րը կը սկսի եր­կու տա­րի ետք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ