Խիղճն է, որ կը դժգոհի

Նախորդ չորեքշաբթի «Ակօս»ի էջերը տպա­րան ու­ղարկե­լէ հա­զիւ եր­կու ժամ անց լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւննե­րը յայ­տա­րարե­ցին Հրանդ Տին­քի ոճ­րա­գործ Օկիւն Սա­մաս­թի ազատ ար­ձակման լու­րը։

Սա­մասթ 16 տա­րի 10 ամիս­ներ մնա­ցած էր ճա­ղերու ետին եւ Պո­լուի ար­գե­լանո­ցի դա­տախա­զու­թիւնը գնա­հատե­լով անոր բա­րի վար­քը, որո­շեց քա­նի մը ամիս աւե­լի կա­նուխ ազատ ար­ձա­կել։

Լու­րը իր հետ բե­րաւ հա­կազ­դե­ցու­թեան հո­սանք մը։ Թէեւ բո­լորին ծա­նօթ էր, որ ան ար­դէն մօտ ապա­գային դուրս պի­տի գար բան­տէն, բայց քա­նի մը ամի­սով ալ ըլ­լայ պա­տիժին կրճա­տու­մը ընդվլում յա­ռաջա­ցուց շա­տերու մօտ։

Հե­ռուստաէկ­րաննե­րու վրայ վեր­յի­շուե­ցաւ 19 Յու­նո­ւար 2007 թո­ւակա­նը, խիստ վի­րաւո­րեց բազ­մա­թիւ մարդկանց խիղ­ճե­րը։

Թե­րեւս այդ խղճի խայ­թը չէ­զոքաց­նե­լու հա­մար է, որ նոր հար­ցաքննու­թիւն մը կը մեկ­նարկէ Օկիւն Սա­մաս­թի դէմ։ Ան կը մե­ղադ­րո­ւի զի­նեալ ահա­բեկ­չա­կան խումբի ան­դա­մակ­ցած չըլ­լա­լով հան­դերձ այդ խումբի ի նպաստ գոր­ծե­լով։

Նշենք որ ոճ­րա­գոր­ծի դէմ այս մե­ղադ­րանքը պա­հան­ջած էին Տինք ըն­տա­նիքի փաս­տա­բան­նե­րը, բայց դա­տախա­զը մեր­ժած էր այդ առա­ջար­կը, պնդե­լով թէ փաս­տեր կը բա­ցակա­յին այս մա­սին։

Շա­տեր դի­տել կու տան թէ դա­տախա­զու­թեան այս նոր հար­ցաքննու­թիւնը ու­րիշ նպա­տակ չու­նի բա­ցի բարձրա­ցող հա­կազ­դե­ցու­թիւնը չէ­զոքաց­նե­լէ։

Միւս կող­մէ Տինք ըն­տա­նիքի փաս­տա­բան Հիւլյա Տէ­վէճի նշեց, որ ոճի­րէն ետք անցնող ժա­մանա­կը ար­դէն բա­ւարար է հար­ցաքննու­թեան ժա­մանա­կավ­րէպ հա­մարո­ւելուն հա­մար։

«Ոճի­րի ժա­մանակ Օկիւն Սա­մասթ տա­կաւին չէր բո­լորած 18 տա­րեկա­նը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ ան դա­տապար­տո­ւեցաւ 22 տա­րի 10 ամիս ազա­տազրկման։ Գոր­ծող օրէն­քի հա­մաձայն ան այդ պա­տիժի եր­կու եր­րորդը պի­տի բո­լորէր միայն։ Հե­տեւա­բար կը սպա­սէինք, որ աւե­լի շուտ ազատ ար­ձա­կուէր։ Բայց բան­տի մէջ դար­ձեալ յան­ցանք գոր­ծե­լով յա­ւելեալ չորս տա­րի պա­տիժ ստա­ցաւ։ Հի­մա այդ չորս տա­րին է, որ ալ աւե­լի կը կրճա­տուի եւ Օկիւն Սա­մասթ ազատ կ՚ար­ձա­կուի» ըսաւ Հիւլյա Տէ­վէճի։

Ան­դին Հրան­դի Ըն­կերնե­րը Հար­թակն ալ բո­ղոքեց Սա­մաս­թի ազատ ար­ձակման դէմ՝ մա­նաւանդ շեշ­տը դնե­լով, ոճի­րի պա­տուի­րատու­նե­րու մին­չեւ օրս պատ­ժո­ւած չըլ­լա­լու փաս­տին վրայ։

Այս առ­թիւ շա­բաթ օր «Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­տան առ­ջեւ, ուր սպան­նո­ւած էր Հրանդ Տինք, հար­թա­կի ան­դամնե­րը մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն մը կա­տարե­ցին լուրջ բազ­մութեան մը մաս­նակցու­թեամբ։

Մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեան ներ­կայ գտնո­ւեցան Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան նո­րըն­տիր նա­խագահ Էօզ­կիւր Էօզել եւ տար­բեր կու­սակցու­թիւննե­րէ զա­նազան քա­ղաքա­կան գործիչներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ