Ճանչնանք մեր բառերը (3)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

Խան, խան եւ... խան

1. Ի՞նչ կրնայ թե­­լադ­­րել խան բա­­ռը ար­­դի հա­­յուն, եթէ ոչ «արե­­ւելեան իջե­­ւան մը», իսկ փո­­խաբե­­րաբար՝ «կեղ­­տոտ բնա­­կարան մը», «խառնփնթոր ժո­­ղովաս­­րահ մը» եւ նման բա­­ներ, ինչպէս շատ իրա­­ւացի կը սահ­­մա­­­նէ զայն հայր Անդրա­­նիկ Կռա­­նեանը։

Բուն խա­­նը, սա­­կայն, մեզ­­մէ ոչ ոք տե­­սած է, այլ հարց թէ բո­­լորս ալ հա­­մոզո­­ւած ենք, որ կը ճանչնանք զայն. այս հա­­մոզու­­մը մե­­զի ներշնչո­­ղը եղած է թուրքն ու թրքե­­րէնը։ Ար­­դեօք արա­­բերէ՞նն ալ։

Ես խա­­նին մռայլ մտա­­պատ­­կե­­­րը ման­­րա­­­մաս­­նօ­­­րէն կազ­­մած եմ Մել­­քոն Կիւրճեանի «Պան­­դուխտի նա­­մակ­­ներ»-էն, ուր այնքան կեն­­դա­­­նի նկա­­րագ­­րո­­­ւած է ան՝ իբ­­րեւ աժան ու ար­­հա­­­մար­­հե­­­լի բնա­­կատե­­ղին մեր հա­­զարա­­ւոր թշո­­ւառ պան­­դուխտնե­­րուն, որոնք Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նի խո­­րերէն՝ Վա­­նէն, Մու­­շէն, Կա­­րինէն... , տուն-տեղ, նո­­րահարս կին, ծնողք ու մա­­նուկներ ետին ձգած կը փու­­թա­­­յին Պո­­լիս՝ քա­­նի մը դա­­հեկան շա­­հելով հայ­­րե­­­նիք ղրկե­­լու ակնկա­­լու­­լեամբ մար­­մին եւ հո­­գի մա­­շեց­­նե­­­լով։

Խա­­նը «կը ճանչնամ» տա­­կաւին Երոաւնդ Օտեանի «Տաս­­ներկու տա­­րի Պոլ­­սէն դուրս» կեն­­սա­­­վէպին ընդմէ­­ջէն, ուր ան, Պոլ­­սոյ քա­­րափին կից խարսխած ֆրան­­սա­­­կան ռազ­­մա­­­նաւի մը մէ­­ջէն, ան­­յագ աչ­­քե­­­րով կը դի­­տէ Պոլ­­սոյ այդ նոյն խա­­ներուն մէջ ապաս­­տա­­­նեալ եւ իր աչ­­քե­­­րուն առ­­ջեւ թո­­պամահ եղող հա­­զարա­­ւոր հայ բեռ­­նա­­­կինե­­րու ու պան­­դուտնե­­րու հո­­գեվար­­քը՝ իբ­­րեւ հա­­կադար­­ձութիւն քիչ ան­­դին Պանք Օթ­­թո­­­մանը գրա­­ւած հայ ազա­­տամար­­տիկնե­­րու ար­­դար ու միամիտ ցա­­սու­­մին։

Նախ­­նա­­­կան հա­­շիւ­­նե­­­րը ցոյց տո­­ւին, որ Պան­­քա­­­յի գրա­­ւու­­մի երեք օրե­­րուն, Պոլ­­սոյ քա­­րափ­­նե­­­րուն վրայ եւ թա­­ղերուն ու խա­­ներուն մէջ սպան­­նո­­­ւած են մօ­­տաւո­­րապէս 12.000 հայ պան­­դուխտներ, բեռ­­նա­­­կիր­­ներ, այ­­լեւ սո­­վորա­­կան հա­­յեր՝ իրենց ետին ձգե­­լով այդ թի­­ւին բազ­­մա­­­պատի­­կը հա­­շուող անմխի­­թար ու ան­­պաշտպան որ­­բե­­­րու, այ­­րի­­­ներու եւ որ­­դե­­­կորոյս մայ­­րե­­­րու ահար­­կու բա­­նակ մը։

* * *

2. Խա­­նի՝ այս ան­­գամ իբ­­րեւ «պար­­սիկ նա­­հան­­գա­­­պետ»-ի կամ «կա­­ռավա­­րիչ»-ի մտապատ­­կե­­­րը կը յա­­մենայ մէջս Խ. Աբո­­վեանի «Վէրք հա­­յաս­­տա­­­նի»-ի ընդմէ­­ջէն, ուր ան՝ այդ նա­­հան­­գա­­­պետը, Երե­­ւանի բար­­ձունքին բազ­­մած բեր­­դէն իր տի­­րական չա­­րաշուք ներ­­կա­­­յութիւ­­նը կը տա­­րածէ վէ­­պի ամ­­բողջ եր­­կայնքին՝ առա­­ջին էջէն մին­­չեւ վեր­­ջի­­­նը։

* * *

3. Իրենց այս եր­­կու՝ թուրքն ու պար­­սի­­­կը թե­­լադ­­րող նշա­­նակու­­թիւննե­­րով՝ խան-ը ծա­­նօթ պէտք է ըլ­­լայ քիչ մը ամէն հա­­յու։ Անակնկա­­լը, գո­­նէ ին­­ծի հա­­մար, կը սկսի ասոնցմէ ան­­դին։

Ես եր­­բեք չէի երե­­ւակա­­յեր, որ խան կը նշա­­նակէ նաեւ «խո­­շոր ափ­­սէ», «խո­­շոր սկու­­տեղ», ճիշդ այն տե­­սակը, որուն վրայ՝ ծա­­լապա­­տիկ նստած բազ­­մա­­­կան­­նե­­­րուն կը հրամ­­ցո­­­ւի խո­­րոված ամ­­բողջա­­կան խոյ մը կամ մին­­չեւ իսկ լման հոր­­թուկ մը։ «Անօթ՝ ի սպաս սե­­ղանոյ», ինչպէս զայն կը սահ­­մա­­­նէ «Նոր հայ­­կա­­­զեան»-ը, եւ կու տայ բազ­­մա­­­թիւ վկա­­յու­­թիւններ՝ քա­­ղուած Աս­­տո­­­ւածա­­շունչէն եւ հայ մա­­տենա­­գիր­­նե­­­րէն, որոնցմէ կը մէջ­­բե­­­րեմ.

--Երիս խանս նաշհւոյ ու­­նէի ի գլուխ իմում։

(Գլխուս վրայ կը կրէի նա­­շիհի երեք խա­­ներ)

--Ու­­տէին ի խա­­նէ ան­­տի։

(Կ’ու­­տէին այն խա­­նին մէ­­ջէն)

--Դի­­ցես ի վե­­րայ խա­­նի միոյ եւ մա­­տուսցես զայն խա­­նիւն:

(Դի՛ր խա­­նի մը վրայ եւ խա­­նով մա­­տու­­ցէ՛ զայն)

* * *

4. Չվեր­­ջա­­­ցաւ: Ընդհա­­կառա­­կը՝ նոր կը սկսի...

--Մեր գլխար­­կին մէջ տա­­կաւին ու­­րիշ նա­­պաս­­տակներ ու­­նինք...

Իսկ ի՛նչ կը նշա­­նակէ՝ «գլխար­­կին մէջ նա­­պաս­­տակ ու­­նե­­­նալ»,− կրնաք հարցնել «Ազ­­դակ»-ի քա­­ղաքա­­կան վաս­­տա­­­կաշատ էջին, որ առա­­ջինը գոր­­ծա­­­ծեց այս դար­­ձո­­­ւած­­քը մօ­­տիկ ան­­ցեալին. «Պըր­­րի ու­­րիշ նա­­պաս­­տակներ ու­­նի գլխար­­կին մէջ»։

Այդ անակնկա­­լը կը պար­­տինք մեր պատ­­մա­­­հայ­­րին՝ Մով­­սէս Խո­­րենա­­ցիին.

--«Իսկ Երո­­ւանդ ձիովն իւ­­րով բո­­վան­­դակ աս­­պա­­­րէզս ան­­ցեալ՝ ելա­­նէ ի խանս կար­­գեալս ի բա­­նակէն իւրմէ ի քա­­ղաքն իւր, հե­­ծեալ ի նոր ձիս հան­­գոյց ի հան­­գուցէց1 փախ­­չել...» (Հա­­յոց պատ­­մութիւն, գիրք Բ., գլուխ Խզ.): Մէկ աս­­պա­­­րէզը հա­­ւասար է 230 մեթ­­րի։

(Իսկ Երո­­ւանդ, ձիով շատ աս­­պա­­­րէզ­­ներ անցնե­­լով եւ իր բա­­նակէն մին­­չեւ քա­­ղաքը հաս­­տա­­­տած իջե­­ւան­­նե­­­րուն մէջ նոր-նոր ձիեր հեծ­­նե­­­լով, անընդհատ կը փախ­­չէր...)

Ու­­րեմն այստեղ ու­­նինք խան, որ թարգմա­­նի իջե­­ւան։

Սա երազ չէ, մեր պատ­­մա­­­հօր գրած Հա­­յոց պատ­­մութիւնն է։

Ու­­րեմն մեր թրքե­­րէն կար­­ծած խան բա­­ռը՝ թուրքե­­րուն հետ հան­­դի­­­պելէ 1000 տա­­րի առաջ գոր­­ծա­­­ծուած է հայ մա­­տենագ­­րութեան մէջ իր ներ­­կայ՝ մե­­զի ծա­­նօթ նշա­­նակու­­թեամբ։

Պատ­­մութիւ­­նը յստակ է. Հա­­յոց Երուանդ ար­­քան իր բա­­նակա­­տեղիէն մին­­չեւ քա­­ղաք եր­­կա­­­րող տա­­րածու­­թեան վրայ կա­­ռու­­ցել տո­­ւած է իջե­­ւան­­ներ, որոնք միայն զի­­նուոր չէին պաստսպա­­րեր, այ­­լեւ ձիեր։ Եւ իր անցքին վրայ՝ յոգ­­նած ձիերը կը փո­­խարի­­նէր թարմ ու կայ­­տառնե­­րով եւ այնպէս կը շա­­րու­­նա­­­կէր ճամ­­բան։ Սա ճիփ ու ճիշդ կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ նո­­րագոյն խա­­ներուն, որոնք միաժա­­մանակ ու տե­­ղին հա­­մեմատ օժ­­տո­­­ւած էին ախո­­ռով՝ հիւ­­րընկա­­լելու հա­­մար իջե­­ւանո­­ղին նաեւ գրաս­­տը՝ ձին, էշը, ջո­­րին։

* * *

Իսկ ճիշդ ի՛նչ եղած է խան բա­­ռի ճա­­կատա­­գիրը հե­­տագա­­յին... չենք գի­­տեր։ Գրա­­բար մա­­տենագ­­րութե­­նէն ու­­րիշ օրի­­նակ տրա­­մադ­­րած չեն՝ ո՛չ « Նոր հայ­­կա­­­զեան»-ը, ո՛չ Աճա­­ռեանի «Ար­­մա­­­տական»-ը։

Ան շատ լայն կիր­­րա­­­րկու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է մի­­ջին հա­­յերէ­­նի մէջ։ Ռու­­բէն Ղա­­զարեան իր «Մի­­ջին հա­­յերէ­­նի բա­­ռարան»-ին մէջ տո­­ւած է տաս­­նեակ մը վկա­­յու­­թիւններ։ Սա­­կայն Մի­­ջին դա­­րերը կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նեն մեր՝ թուրքե­­րու հետ սերտ գո­­յակ­­ցութեան, հե­­տեւա­­բար քիչ մը դժո­­ւար է որո­­շել, թէ գրա­­բարեան աւան­­դո՞յթն է, որ վե­­րազարթնած է. շատ աւե­­լի հա­­ւանա­­կան է, որ բե­­րուած օրի­­նակ­­նե­­­րը թրքե­­րէնի թե­­լադ­­րանքով յա­­ռաջա­­ցած են։

Աշ­­խարհա­­բարի բա­­ռարան­­նե­­­րը կը թո­ւեն զայն՝ թե­­լադ­­րո­­­ւած թրքե­­րէնի մէջ ու­­նե­­­ցած յա­­ճախա­­կանու­­թե­­­նէն, հե­­տեւա­­բար ոչինչ ցոյց կու տայ, թէ շա­­րու­­նա­­­կուած ըլ­­լայ Խո­­րենա­­ցիով սկսած ոս­­կե­­­դարեան աւան­­դոյթը։

1 Հանգրո­­ւանէ-հանգրո­­ւան, յա­­ջոր­­դա­­­բար, անընդհատ, առանց կանգ առ­նե­լու

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ