Գետափի Գրիգորաշէնը

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Արա­գածոտ­նի մարզ Թա­լինի տա­րածաշրջա­նին՝ Արա­գած գիւ­ղէն 5 քմ դէ­պի արեւ­մուտք՝ Ախու­րեան գե­տի ձախ`արե­ւելեան ափին, վեր կը խո­յանայ վաղ միջ­նա­դարեան Հա­յաս­տա­նի փոքր կեդ­րո­նագմբէթ պաշ­տա­մունքա­յին կա­ռոյցնե­րէն մէ­կը՝ Գրի­գորա­շէն վե­ցախո­րան եկե­ղեցին։

Ան կա­ռու­ցո­ւած է դեղ­նա­ւուն սրբա­տաշ քա­րէ եւ կը գտնո­ւի կիր­ճի զա­ռիթափ եզ­րին, այն դիր­քով, որ տե­սանե­լի ըլ­լայ գե­տի աջ ափէն, հա­ւանա­բար, այժմ չպահ­պա­նուած եր­բեմնի բնա­կատե­ղիէն։

Մեզ ցա­ւօք չէ հա­սած շի­նարա­րական ար­ձա­նագ­րութիւն կամ կա­ռուցման ժա­մանա­կի մա­սին որե­ւէ մա­տենագ­րա­կան վկա­յու­թիւն, սա­կայն մաս­նա­գէտ­նե­րը, հա­շուի առ­նե­լով մի շարք ճար­տա­րապե­տական առանձնա­յատ­կութիւններ, կա­ռոյ­ցը կը թո­ւագ­րեն 6-րդ դա­րի առա­ջին կէ­սով։ Ժա­մանա­կագ­րա­կան բնու­թա­գիր պա­րու­նա­կող յատ­կա­նիշ­նե­րէն առա­ջին հեր­թին պէտք է ու­շադրու­թիւն դարձնել քա­ռաս­տի­ճան որմնա­խարսխին, որ կը հան­դի­պինք միայն վաղ միջ­նա­դարին եւ հիմ­նա­կանին մին­չեւ 7-րդ դար։ Այդ հա­րիւ­րա­մեակին ար­դէն նման որմնա­խարիսխներ այ­լեւս չեն յայտնա­բերո­ւած։

Գրի­գորա­շէնը կը պատ­կա­նի փոքր կեդ­րո­նագմբէթ, բազ­մա­խորան եկե­ղեցի­ներու տե­սակին, եւ հայ իրա­կանու­թեան մէջ մեզ յայտնի 13 վե­ցախո­րան եկե­ղեցի­ներէն միակն է, որ այ­սօր կան­գուն է։ Այն հա­մեմա­տաբար լաւ պահ­պա­նուած է, եթէ հա­շուի առ­նենք կա­ռուցման ժա­մանա­կը։ Չա­փերը այնքան ալ մեծ չեն՝ հիմ­քէն մին­չեւ գմբէ­թի գա­գաթ եղած բարձրու­թիւնը 12 մեթր է, սա­կայն բա­ցառիկ է իր ճար­տա­րապե­տու­թեամբ։

Ու­նի ար­տա­քուստ բազ­մա­նիստ 6 պայ­տա­ձեւ խո­րան­ներ, որոնց մի­ջեւ եռան­կիւնա­ձեւ, կա­մարա­կապ որմնա­խոր­շերն են։ Անոնցմէ մէ­կուն խոր­քը փո­րագ­րո­ւած է վար­պե­տի տա­ռային նշան`գե­ղագիր «Կ»։ Ան­կէ են­թադրո­ւած է, որ բո­լոր վեց որմնա­խոր­շե­րու հե­ղինա­կը «Կ» սկզբնա­տառով անո­ւամբ (Կա­րապե՞տ, Կի­րակո՞ս) վար­պետն է։ Կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին տե­սակէ­տէն ամե­նաու­շագրաւ ու հե­տաքրքրա­կանը քա­ռակու­սի վե­ցանիստ թմբու­կով գմբէթն է։ Անոր վե­րին մա­սը պսա­կուած է երկշարք քի­ւով։ Նիս­տե­րու վրայ բա­ցուած են լու­սա­մուտներ։ Չորս աւե­լի լայն լու­սա­մուտներ ու­նեն վեց խո­րան­նե­րէն չոր­սը`բա­ցառու­թեամբ արե­ւելեանի եւ հիւ­սի­սարե­ւելեանի։ Հա­րաւա­յին թե­ւին բարձրուստ փո­րագ­րո­ւած է արե­ւային ժա­մացոյց։ Եկե­ղեցու միակ մուտքը հա­րաւա­րեւմտեան կող­մէն է։

Կա­ռոյ­ցի թմբու­կի հիւ­սի­սային պա­տու­հա­նի պսա­կին փո­րագ­րո­ւած է Գրի­գոր, որ, ըստ վի­մագ­րա­գէտ, արո­ւես­տա­բան Ալեք­սանդր Մա­նու­չա­րեանի, եկե­ղեց­ւոյ ճար­տա­րապե­տի անու­նը։ Այդ հիմք ըն­ձե­ռած է եկե­ղեցին կո­չելու Գրի­գորա­շէն։ Ի դէպ, սա կա­ռու­ցող ճար­տա­րապե­տի մա­սին ամե­նահին յի­շատա­կու­թիւննե­րէն մէկն է մեր իրա­կանու­թեան մէջ։

Ահա այսպի­սի բա­ցառիկ պատ­մամշա­կու­թա­յին եւ հո­գեւոր կա­ռոյցնե­րով հա­րուստ է Թա­լին աշ­խարհը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ