Ֆաթսայի հայ յեղափոխական Սայիմ Շէնի մասին

ԿԻՒՎԷՆ ՊԱՅԱՐ

Ողջու­նենք յե­ղափո­խական­նե­րը եւ սկսինք պատ­մել։ Չէ որ Ֆաթ­սան մերն է, հա­յով ու յոյ­նով։ Ռե­շատի­յէ փո­ղոցի վրայ փոք­րիկ եկե­ղեցին հա­յոց աղօ­թատե­ղին էր։ Չեմ կրցած ճշդել դպրո­ցի վայ­րը։ Դա­նիէլը կը յի­շէ իր մեծ մօր «Հա­յերէն գրելն ալ, ուտ նո­ւագելն ալ դպրո­ցը սոր­ված եմ» ըսե­լը։ Յո­վակիմ Յո­վակի­մեանի 1967-ին Պէյ­րութ լոյս տե­սած «Պատ­մութիւն Հայ­կա­կան Փոն­թոս»ի գիր­քի Ֆաթ­սա­յի յատ­կա­ցուած բա­ժինը առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով թրքե­րէնով լոյս տե­սաւ։ Այդ աղ­բիւրէն կը տե­ղեկա­նանք թէ քա­ղաքի 36,964 բնա­կիչ­նե­րէն 2404-ը յոյն, 897-ուղղա­փառ եւ 298 բո­ղոքա­կան հա­յեր էին մնա­ցեալը առ­հա­սարակ թուրքեր։

Քա­ղաքէն դէ­պի արե­ւելք կէս ժա­մուայ հե­ռաւո­րու­թեան վրայ կը գտնո­ւի յու­նաց Այա Կոնստան­դին Վան­քը, որ ուխտա­վայր էր նաեւ։

Համ­շէ­նահա­յերը բա­ւական վաղ շրջա­նին եկած են Ֆաթ­սա։ Եկե­ղեց­ւոյ յու­շագրու­թիւնը կը վկա­յէ թէ ան պաշ­տա­մունքի բա­ցուած է 1 Յու­լիս 1809 թո­ւակա­նին Յով­հան օղ­լու Յով­հաննէս Պէ­կի եւ Ֆաթ­սա­յի հա­մայնքի ջան­քե­րով։

Յով­հաննէս Պէկ նա­խապէս գնած էր եկե­ղեց­ւոյ շրջա­կայ­քի ըն­դարձակ տա­րած­քը։ Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին տա­ճարի շի­նու­թե­նէն ետք այդ տա­րած­քը մաս առ մաս վար­ձա­կալե­լով եկե­ղեցիին հա­սոյթն ալ ապա­հոված եղաւ։ Ֆաթ­սա­ցիներ 1870-ին տի­րացան քա­րաշէն եկե­ղեցիին։ 1850-ական­նե­րուն Ֆաթ­սա­յի մէջ միայն ինը տուն հայու­թիւն կար, որոնք եկած էին Իւնյէ եւ Նիք­սար գա­ւառ­նե­րէն։

1890-ական­նե­րուն երբ կը հաս­նինք հա­յերու թի­ւը հա­սած է 50 ըն­տա­նիքի։ Անոնց մէջ էին Գա­րակէօզեան­ներ կամ Էօք­սիւզեան­նե­րու նման հա­րուստ վա­ճառա­կան­ներ։

Չը­պըք­լը գիւ­ղի երէց Տէր Յա­կոբ Եազը­ճեան ստանձնած էր նաեւ այս նո­րակերտ եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւու­թիւնը։

Մեծ Եղեռ­նի շրջա­նին հա­մարեա բո­լոր հա­յերը կրօ­նափոխ ըլ­լա­լով շա­րու­նա­կեցին իրենց տե­ղը մնալ։ Բայց կա­ռավա­րու­թիւնը աւե­լի ետք անոնց բո­լորն ալ աք­սո­րեց եւ մա­նուկներն ալ բաժ­նեց թուրք ըն­տա­նիք­նե­րուն։ Միայն Ֆաթ­սա­յի շրջա­կայ գիւ­ղե­րէն խումբ մը երի­տասարդներ Սա­հակ Հա­մալեանի, Մես­րոպ Եազը­ճեանի եւ Յա­րու­թիւն Մի­նասեանի առաջ­նորդու­թեամբ լեռ­նե­րը ապաս­տա­նեցան։

Ֆաթ­սա­ցի հայ յե­ղափո­խական Սա­յիմ Շէ­նի պատ­մութիւնն ալ ցարդ հան­դի­պած բո­լոր հայ ըն­տա­նիք­նե­րու նման 1915-ի տա­րագ­րութեամբ կը սկսի։

Նախ­քան տա­րագ­րութիւն Ֆաթ­սա Չա­մաշի մէջ մօտ ինը հայ ըն­տա­նիք­ներ կան։ Յով­հաննէս եւ Սուլթա­նի որ­դի Դար­բին Խա­չիկը, Կա­րապետ եւ Մար­թա­յի դուստր Երա­նիկը այդ ըն­տա­նիք­նե­րէն են։ Խա­չիկն ու Երա­նիկը չորս զա­ւակ ու­նե­ցան։ Աւա­գը Շահ­նազն է, ապա Զէ­քիյէն, Սուլթա­նը եւ կրտսե­րագոյ­նը Ֆա­յիքը։ Տա­րագ­րութեան ժա­մանակ Ֆա­յիքը հինգ տա­րեկան է եւ աւագ քոյ­րը Շահ­նազ տա­սը։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջա­նին ծնո­ղազուրկ մնա­ցած այդ չորս երա­խայի խնամ­քը կը ստանձնէ Չա­մաշ ըն­տա­նիքը, որու ապա­րան­քի մէջ ան­ցուցած էին ամե­նադա­ժան տա­րինե­րը։ Զէ­քիյէն եւ Սուլթա­նը իրենց նման ըն­տա­նեզուրկ մնա­ցած հայ որ­բե­րու հետ ամուսնա­նալով իբ­րեւ հարս դուրս եկան այդ ապա­րան­քէն։ Աւագ քոյ­րերնին Շահ­նազ չա­մուսնա­ցաւ եւ մին­չեւ կեան­քին վերջ ապ­րե­ցաւ կրտսեր եղ­բօր Ֆա­յիքի հետ։ Մինչ Ֆա­յիք ամուսնա­ցաւ Սա­քինէի հետ եւ այդ ամուսնու­թե­նէն ու­նե­ցաւ երեք որ­դի եւ եր­կու դուստրեր։ Ահա հի­մա Սա­յիմէն կը լսենք Ֆաթ­սա­յի յե­ղափո­խական շար­ժումի պատ­մութիւ­նը։

«1973-ին Էճե­վիթի յաղ­թա­նակով աւար­տե­լիք ընտրու­թիւննե­րու նա­խոր­դող օրերն էին։ Մօ­տակայ յաղ­թա­նակը տպա­ւորած էր բո­լորս ալ։ Այդ օրե­րուն է, որ ձա­խակող­մեան­նե­րու մէկ­տե­ղուած վայ­րեր յա­ճախել սկսանք։ Մին­չեւ 1977 ես կա­տարե­ցի նաեւ զի­նուո­րական ծա­ռայու­թիւնը։ Վե­րադար­ձիս նկա­տեցի, որ ազ­գայնա­կան­նե­րը ու­ժե­ղացած են Ֆաթ­սա­յի մէջ։ Այդ օրե­րուն է, որ ծա­նօթա­ցանք ու մտեր­մա­ցանք Ճե­մալ Ըշը­քի հետ։ Այս վեր­ջի­նի սպա­նու­թե­նէն վերջ ես աշ­խա­տանո­ցը փո­խան­ցե­ցի եղ­բօրս եւ բո­լորո­վին ներ­քա­շուե­ցայ յե­ղափո­խական շար­քե­րուն։ Ու­րախ օրեր էին։ Ամէն օր կ՚ըն­կե­րակ­ցէինք քա­ղաքա­պետին, տու­նէն դէ­պի քա­ղաքա­պետա­րան եւ օրո­ւայ աւար­տին ալ քա­ղաքա­պետա­րանէն դէ­պի տուն ետ­դարձի ճա­նապար­հին։ Մենք քա­ղաքա­պետա­րանի անվտան­գութեան պա­տաս­խա­նատու­ներն էինք։ Երբ Ֆաթ­սա­յի խրախ­ճանքը կազ­մա­կեր­պո­ւեցաւ դար­ձեալ պաշ­տօ­նի վրայ էինք։ Կը սպա­սէինք զի­նուո­րական մի­ջամ­տութիւն մը։ «Հիւրրի­յէթ» թեր­թը մէկ օր առաջ ազ­դա­րարած էր «Ֆաթ­սան Շրջա­պատո­ւած» ըսե­լով։ Հա­զիւ յա­ջորդ օր կէս­գի­շերն անց լսել սկսանք հրա­սայ­լե­րու աղ­մուկը։ Մենք որ­պէս Քուրթու­լուշի միաւո­րում մեր դիր­քե­րը ան­ցանք։ Այստեղ բար­ձունքէն կրնա­յինք հսկել ան­ցուդարձե­րը։ Սկսան այն օրե­րը, երբ ցե­րեկ­նե­րուն իրենք կ՚իշ­խէին, իսկ գի­շեր­նե­րուն մենք։ Զի­նուոր­նե­րը մու­թը կո­խելէն ետք ամ­բողջո­վին կը լքէին փո­ղոց­նե­րը եւ կ՚անցնէին իրենց զի­նանոց­նե­րը։ 12 Սեպ­տեմբե­րի յե­ղափո­խու­թիւնը լսե­ցինք Պաղ­լարճա գիւ­ղը ու­սուցի­չի մը տան մէջ։ Զի­նուոր­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը աւե­լի յա­ճախա­կի դար­ձան։ Մենք կը խու­սա­փէինք ուղղա­կի բա­խումնե­րէ եւ ընդմիշտ կը նա­հան­ջէինք։ Մի­ջոց մը ետք մեր մի­ջեւ կապն ալ պո­կուե­ցաւ։ Ամէն տեղ մեզ յատ­կա­պէս ալ Քէօր Նա­մըքը եւ Ալաատ­տին Պէօլիւքպաշըն կը փնտռէին։ Եր­կու ամիս անց հա­մոզո­ւեցայ թէ այս մար­դի­կը մեզ Ֆաթ­սա­յի մէջ չեն փնտռեր, որո­շեցի քա­ղաք իջ­նել։ Ես ալ չէի կար­ծած թէ իմ ձեր­բա­կալ­ման հա­րազատ ըն­տա­նիքս պատ­ճառ կը դառ­նայ։ «Փո­խանակ լե­րան վրայ գնդա­կահա­րուե­լու, աւե­լի լաւ է, որ բան­տարկո­ւի, պա­տիժը կրէ ու ազա­տուի» մտա­ծած էին։ Նախ զի­նուոր­նե­րը բեր­ման են­թարկե­ցին ինձ։ Հար­ցաքննու­թե­նէ ետք ազատ ար­ձա­կեցին։ Ես տա­կաւին դռնէն չէի ելած, որ ոս­տի­կան­նե­րը վրայ հա­սան եւ այս ան­գամ ալ անոնք բեր­ման են­թարկե­ցին։ Տա­րին Ֆաթ­սա­յի կեդ­րո­նական ոս­տի­կանա­տու­նը։ Այդտեղ 68 օր ծե­ծի են­թարկո­ւեցայ։ Բա­ցի սո­վորա­կան կո­պիտ ծե­ծէն, կարգ մը հար­ցաքննու­թիւննե­րու պա­հուն կը կի­րար­կէին տան­ջանքի յա­տուկ եղա­նակ­ներ։ Հայ ըլ­լա­լուս պատ­ճա­ռաւ աւե­լի վայ­րագ կը ծե­ծէին։ Յայտնի է, որ ոմանք յա­տուկ մատ­նութիւն ըրած էին. «Ասոր հայրն ալ մեծ հայրն ալ հայ է» ըսե­լով։ 68 օր ետք զի­նուո­րական դա­տախա­զը ձեր­բա­կալու­թիւն պա­հան­ջեց։ Նախ Օր­տու Էֆիլ­լիի ար­գե­լանո­ցը ու­ղարկե­ցին ու ապա Ամա­սիա։ Հոն ան­գամ մը եւս հար­ցաքննո­ւեցանք եւ դրո­ւեցանք քա­ղաքի կեդ­րո­նական բան­տը։

Այստեղ Ֆիք­րի Սէօն­մե­զի, այ­սինքն Ֆաթ­սա­յի քա­ղաքա­պետ դեր­ձակ Ֆիք­րիի հետ նոյն բան­տախցի­կը դրին ինձ։ Մին­չեւ սնա­նիլը, դե­ղերը եւ ամէն ին­չը ես կը խնա­մէի։ Մին­չեւ վեր­ջին օր իր հետ էի։ Այդ օր, երբ լսե­ցինք Ֆիք­րի Սէօն­մե­զի մա­հը ամ­բողջ բան­տը ապստամ­բե­լու հո­գեբա­նու­թեան մէջ էր։ Ամաս­յա­յէն այս ան­գամ ղրկո­ւեցանք Երզնկա­յի բան­տը։ 1987-ի Փետ­րո­ւարին էր, որ ազատ ար­ձա­կուե­ցայ։

Բա­ւական տա­տամ­սե­լով վե­րադար­ձայ տուն։ Հո­գեվի­ճակս տակ­նուվրայ էր։ Ըն­կերներս այդտեղ թո­ղած եւ տուն դար­ձի ճամ­բուն էի։ Հայրս վա­ղուց մե­րած էր։ Կրտսեր եղ­բայրս ալ մա­հացաւ այդ շրջա­նին։ Մնաց մայրս, աւագ եղ­բայրս եւ եր­կու քոյ­րերս։ Այդ պա­հուն հասկցայ, որ Ֆաթ­սա­յի մէջ կեան­քը շա­րու­նա­կելը դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ։ Այդ օրէն այս կողմ Իս­թանպուլ՝ Սա­րըյէր կը բնա­կիմ։

Այ­սօր յե­տադարձ ակ­նարկով մը ան­վա­րան կրնամ ըսել, որ կեան­քիս ամե­նալաւ տա­րինե­րը պայ­քա­րի այդ տա­րինե­րը եղած են։ Եթէ կա­րենամ վե­րադառ­նալ 1973 թի­ւը դար­ձեալ այդ տղոց հետ ըլ­լալ կ՚ու­զեմ։ Մենք սիր­տով մաս­նակցե­ցանք այդ պայ­քա­րին։ Քա­ղաքա­կան գի­տակ­ցութե­նէ զուրկ էինք։ Ես ոչ Մարքսի­զիմը գի­տեմ, ոչ ալ Սո­սեալիզ­մը։ Սի­րեցի յե­ղափո­խական­նե­րը։ Այ­սօր 65 տա­րեկան հա­սակիս ան­վա­րան կ՚ել­լեմ նոյն ճամ­բորդու­թեան»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ