Նմոյշ՝ Սերկէյ Վարդանեանի ազգագրական վաստակէն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հանրածա­նօթ ազ­գագրա­գէտ Սեր­կէյ Վար­­դա­­­նեանի ակա­­դեմա­­կան աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն առանցքը կը կազ­­մեն Համ­­շէ­­­նի հա­­մարեա կո­­րուստի եզ­­րին հա­­սած հայ հա­­սարա­­կու­­թեան ձօ­­նուած ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րը։ Վար­­դա­­­նեան բե­­ղուն աշ­­խա­­­տանք կը տա­­նի իր ան­­հա­­­տական ջան­­քե­­­րով հրա­­տարա­­կելու «Ձայն Համ­­շէ­­­նական» անուն պար­­բե­­­րակա­­նը։

Ան այս ան­­գամ մե­­զի կը ներ­­կա­­­յանայ բա­­նասէր­­նե­­­րու, բա­­նագէտ­­նե­­­րու, բար­­բա­­­ռագէտ­­նե­­­րու, ազ­­գագրա­­գէտ­­նե­­­րու, մշա­­կու­­թա­­­բան­­նե­­­րու թե­­մանե­­րով հե­­տաքրքիր ըն­­թերցող­­նե­­­րու լայն զան­­գո­­­ւած­­նե­­­րու հա­­մար խիստ շա­­հեկան հա­­տորով մը։

Ան այս վեր­­ջին հրա­­տարա­­կու­­թիւնով կ՚ու­­սումնա­­սիրէ Համ­­շէ­­­նի մշա­­կոյ­­թին մէջ տեղ գտած զո­­ւար­­ճա­­­պատում մը, որուն հետ­­քե­­­րը որո­­նելով կը շրջի բա­­ւական ըն­­դարձակ աշ­­խարհա­­տարած­­քի մը վրայ։ Աւե­­լի իմաս­­տա­­­լից պատ­­կե­­­րացում մը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու մի­­տու­­մով կ՚ու­­զենք հա­­յերէն էջե­­րու ըն­­թերցող­­նե­­­րուն ներ­­կա­­­յաց­­նել, այդ պա­­տու­­մի բնա­­գիրն ու թարգմա­­նու­­թիւնը։ Սա­­կայն հե­­ղինա­­կը չէ բա­­ւարա­­րուած միայն այս օրի­­նակով, եւ ու­­սումնա­­սիրած է այս զո­­ւար­­ճա­­­պատու­­մի տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րը։ Այսպէ­­սով մենք կը շրջինք Ղա­­զախստա­­նէն ԱՄՆ, Թուրքիայէն Ար­­ցախ եւ Նա­­խիջե­­ւան հետզհե­­տէ Ջա­­ւախք, Կե­­սարիա, Լո­­ռի, Տա­­ւուշ, Սիւ­­նիք, հաս­­նե­­­լով մին­­չեւ Պէյ­­րութի կամ Հա­­լէպի մէջ գրա­­ռուած տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րուն։

Հա­­տորը նաեւ կը բո­­վան­­դա­­­կէ պատ­­մա­­­կան անդրա­­դարձ մը, ապա կը նկա­­րագ­­րէ կրօ­­նափոխ համ­­շէ­­­նահա­­յերու բար­­բա­­­ռի եւ բա­­նահիւ­­սութեան պատ­­մութիւ­­նը։

Ծա­­ւալուն հա­­տորը իր աւար­­տին կը հաս­­նի օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւած աղ­­բիւրնե­­րու եւ գրա­­կանու­­թեան ցան­­կով, հա­­մառօ­­տագ­­րութիւննե­­րով։

***

Նախ բնա­­գիրը՝

Յի­­յէք Ար­­դէ­­­լէցի

Յի­­ձէք հան­­դիգ ար­­դէ­­­լէցի, զի­­վէր­­նի­­­յէ առաձ, թվօաք­­նի­­­յէ ու­­սաձ՝ քը­­նացաձ ին ար­­չու մէ բար­­գաձ դա­­ղէ քը­­դաձ ու­­նին, աս­­տաձ ու­­նին թա.

-Դօ՛, Հա­­սան, քէ­­զի իսի­­վա մա­­ղարա­­յին մէշն ի վա ին­­չէցնիք, մէք չվա­­նէ փըր­­նիք։ Հա­­սան, հու­­նա դա­­ղէ փութ աա, արչ գօ՞թա։ Թահ­­լի­­­քէ-մահլտքէ ուննա անա, թուն չվօ­­նէ թա­­փա՝ մէք քէ­­զի յէդ քա­­շօղ ուք,- աս­­տաձ ու­­նին։

Ասու մա­­ղարա­­յին մէշն ի վա յէդ­­թօ­­­ղաձ ու­­նին, ին­­չէ­­­ցու­­ցաձ ու­­նին։ Արա­­յին էր­­գու դա­­քիքա ան­­ցաձ ա անա, ցէ­­նէ-մէ­­նէ գըդ­­րաձ ա, ճէօչ վեանէ թա­­փա գու, օչ նաչն մէ։

Ար­­չէ իսու քէօլօ­­խէ գափ­­միշ աղաձ ու­­նի անա, չվա­­նէ թափ­­վաձ ա։

-Ահա՜-աս­­տաձ ու­­նին,-քա­­շի՛ք,- աս­­տաձ ու­­նին։

Քա­­շաձ ու­­նին անա, մար­­թունէ քլէօխէ վաան չքօ, ահա՜։

-Դօ՛- աս­­տաձ ու­­նին,-իսի­­վա իշ­­նէ­­­լէ ասու քէօլօ­­խէ վաա՞ն էր թա։

-Չքի­­դիք,- աս­­տաձ ու­­նին,- մէ­­մէ էծ­­թանք դու­­նէ, հար­­ցէ­­­նիք։

Էր­­գու էն­­գէ­­­րէ ասու ու­­սաձ ու­­նին, քէօլախ­­սուզ դունն ի վա դաաձ ու­­նին։ Քը­­նացաձ ին, գը­­նօչէ աս­­տաձ ու­­նին թա.

-Հաս աք­­վա­­­նա իս­­տի էլ­­լէ­­­լէ մար­­թուս քէ­­լօխէ դա՞ղն էր թա։

Գը­­նիգն ա աս­­տաձ ու­­նի թա.

-Յա­­հու՜,- աս­­տաձ ու­­նի,- ան չքի­­դիմ՝ ջի­­դէ վաան էր, ամա քէ­­լօխէ վաա՞ն էր թա, ան մէ­­դիս չա, չքի­­դիմ։

Հի­­մա ալ տես­­նենք հա­­յերէն թարգմա­­նու­­թիւնը։

Երեք Ար­­դա­­­լացի

Երեք ար­­դա­­­լացի, ատրճա­­նակ­­նե­­­րը վեր­­ցուցած, հրա­­ցան­­նե­­­րը ու­­սերնուն դրած, գա­­ցած են մի ար­­ջի պառ­­կած տե­­ղը գտած, ըսած են թէ.

-Դո՛, Հա­­սան, քեզ այստե­­ղէն քա­­րայ­­րի մէջ իջեց­­նենք, մենք պա­­րանթ բռնենք։ Հնսան, դուն այստեղ նա­­յիր՝ արջ կա՞յ։ Վտանգ-մտանգ գթէ ըլ­­լայ, դուն պա­­րանը թա­­հարաէ՝ մենք քեզ ետ կը քա­­շենք,-ըսած են։

Անոր քա­­րայ­­րի մէջ ի վար բաց թո­­ղած, իջե­­ցու­­ցած են։ Այդ ըն­­թացքին եր­­կու վայրկեան որ ան­­ցած է, ձայն-մայն կտրո­­ւած է՝ ոչ պա­­րանը կը թա­­փահա­­րուի, ոչ մէկ բան։

Ար­­ջը, որ անոր գլու­­խը բռնած է, պա­­րանը թա­­փահա­­րուած է։

-Ահա՛-, ըսած են, -քա­­շենք- ըսած են։

Որ քա­­շած են, մար­­դու գլու­­խը չկայ, ահա՜։

-Դո՛- ըսած են, -այստեղ- իջ­­նե­­­լուն ասոր գլու­­խը վրա՞ն էր։

-Չգի­­տենք- ըսած են- Մի հատ եր­­թանք տուն հարցնենք։

Եր­­կու ըն­­կե­­­րը ասոր ու­­սե­­­րուն առած առանց գլխի տուն տա­­րած են։ Գա­­ցեր կնոջ ըսած են, թէ.

-Այս առա­­ւօտ այստե­­ղէն ել­­նե­­­լու պա­­հուն այս մար­­դու գլու­­խը տե՞ղն էր։

Կի­­նը ըսած է.

-Յա­­հու՜,- ըսած է– այդ չգի­­տեմ, վի­­զը վրան էր, բայց գլու­­խը վրա՞ն էր՝ չեմ յի­­շեր, չգիտեմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ