Լուսանկարիչը պահին ականատեսն է եւ պահը անմահացնողը

Ինչպէս գրականութեան, նաեւ լուսանկարչութեան արուեստի մէջ կարելի է խօսիլ «Պոլսի դպրոց»ի մը մասին։ Յիրաւի, լուսանկարչութեան գիւտէն այս կողմ միշտ պատնէշի վրայ եղան պոլսահայ լուսանկարիչները։

Սկսելով Ապտուլլահ եղբայրներէ, հասնելով Արա Կիւլերի մեծ նուաճումին, չափազանցութիւն մը պիտի չըլլայ խօսիլ պոլսահայ լուսանկարչական դպրոցի մը մասին։

Սոյն դպրոցի կարեւոր սաներէն է այժմ Նիւ Եորքաբնակ Սարգիս Պահարօղլու, որ վերջերս այցելեց քաղաքս։ Այս առիթէն օգտուելով «Ակօս»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք թերթիս վաստակաւոր լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի իր պաշտօնակցին հետ կատարած հարցազրոյցը։

Չուզե­ցի յա­ճախա­կի հար­ցումնե­րով ընդհա­տել, քա­­նի որ Սար­­գիս առա­­ջին վայրկեանէն սկսեալ շատ սա­­հուն կեր­­պով կը պատ­­մէր ինչ որ հարցնել պի­­տի ու­­զէի։ Հե­­տեւա­­բար խօս­­քը ուղղա­­կիօրէն կը թո­­ղում իրեն։

«Վեց հատ գիրք ու­­նիմ։ Քո­­վիտի ժա­­մանակ տպած գիր­­քերս են։ Այսքան տա­­րի նկա­­րած եմ։ Նկար­­նե­­­րը փո­­շի կը հա­­ւաքէր։ Ոմանք նե­­կաթիւ էին, չէի տպած ան­­գամ։

Քո­­վիտի օրե­­րը ան­­ցեալ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուս վե­­րանա­­յելու հա­­մար առիթ մը ստեղ­­ծեց։ Այդ օրե­­րուն վե­­րար­­ժե­­­ւորո­­ւած էր լու­­սանկա­­րիչ­­նե­­­րու մի­­ջեւ հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը ապա­­հովող «Անա­­ֆօտ» անուն հար­­թա­­­կը։ Այդ հար­­թա­­­կի վրայ լու­­սանկա­­րիչ­­ներ իրա­­րու հետ կը շփո­­ւէին եւ կար­­ծի­­­քի փո­­խանա­­կումներ կ՚ըլ­­լար։ Քո­­վիտը ամ­­բողջ աշ­­խարհի վրայ մարդկանց նոր տես­­լա­­­կան­­ներ թե­­լադ­­րեց։ Չէ որ վա­­ղը անո­­րոշ էր։ Այդ խոր­­հուրդնե­­րու մէջ թափ տո­­ւի ցարդ կա­­տարած գոր­­ծերս դա­­սաւո­­րելու աշ­­խա­­­տու­­թեան։ Ան­­ցեալին՝ տա­­կաւին Պո­­լիս գտնո­­ւած տա­­րինե­­րուս ար­­դէն հրա­­տարա­­կած էի իմ գոր­­ծե­­­րը ընդգրկող եր­­կու գիր­­քեր։ «Ակա­­նատես» անո­­ւանու­­մով այդ գիր­­քե­­­րէն ետք, այժմու պայ­­մաննե­­րը կը դժո­­ւարաց­­նէին հրա­­տարա­­կու­­թիւնը։ Խնդի­­րը սահ­­մա­­­նուած չէր տպագ­­րա­­­կան ահ­­ռե­­­լի ծախ­­սով միայն։ Տպագ­­րո­­­ւած գիր­­քին ըն­­թերցո­­ղին հաս­­նիլն ալ ինքնին բազ­­մա­­­ծախս պատ­­կեր մը կը պար­­զէր։

Ներ­­կայ ժա­­մանակ­­նե­­­րը իր հետ բե­­րին նաեւ նոր լու­­ծումներ։ Փո­­խանակ տպա­­րանի մէջ որոշ տպա­­քանա­­կով գիր­­քեր պատ­­րաստե­­լէ, կա­­րելի էր պա­­հան­­ջի հա­­մաձայն նոյ­­նիսկ մէկ օրի­­նակ տպագ­­րել։ Սա­­կայն այս դրու­­թիւնն ալ իր կար­­գին բազ­­մա­­­ծախս էր։ Երբ «Ամա­­զոն» ըն­­կե­­­րու­­թիւնը շատ աւե­­լի նո­­ւազ ծախ­­սով պա­­տուի­­րուա­­ծը տպե­­լու եւ առա­­քելու առա­­ջարկ բե­­րաւ, խնդի­­րը ին­­ծի հա­­մար ալ լու­­ծո­­­ւած եղաւ։

Հի­­մա այդ ըն­­կե­­­րու­­թեան մի­­ջոցաւ կա­­րելի է հաս­­նիլ իմ վեց գիր­­քե­­­րուն, սկսե­­լով աղօթ­­քը նիւթ առ­­նող առա­­ջին աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րէն, մին­­չեւ վեր­­ջին գոր­­ծերս։

Հա­­ւատ­­քի ամե­­նաինքնա­­բուխ ար­­տա­­­յայ­­տութիւնն է աղօթ­­քը։ Այս շար­­քի առա­­ջին նկար­­նե­­­րը առ­­նո­­­ւած են Պոլ­­սոյ Պա­­լաթ թա­­ղի Սուրբ Հրեշ­­տա­­­կապետ Եկե­­ղեցին։ Այդ եկե­­ղեց­­ւոյ անո­­ւան տօ­­նախմբու­­թեան օրին ո՛չ միայն քրիս­­տո­­­նեայ, այ­­լեւ իս­­լա­­­մադա­­ւան ահա­­գին ժո­­ղովուրդ եկե­­ղեցի կը փու­­թան փրկու­­թիւն գտնե­­լու հա­­մար։ Հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ, յատ­­կա­­­պէս ալ հաշ­­մանդամ­­ներ կամ անոնց ծնող­­նե­­­րը հրաշ­­քի մը ակնկա­­լու­­թեամբ կը գի­­շերեն եկե­­ղեց­­ւոյ կա­­մար­­նե­­­րուն ներ­­քեւ։ Ան­­դին այդ մա­­քուր հա­­ւատ­­քը շա­­հագոր­­ծողներ ալ պա­­կաս չեն։ Անոնք այդ օր նոյն մա­­տաղ­­ցու ոչ­­խա­­­րը կամ աք­­լո­­­րը կրկին ու կրկին վա­­ճառե­­լով, քա­­հանա­­ներ այդ մա­­տաղ­­ցունե­­րու օրհնու­­թեամբ կը փոր­­ձեն իրենց քսա­­կը ալ աւե­­լի ու­­ռեցնել։ Բայց ին­­ծի հա­­մար այդ ակա­­նատե­­սի վկա­­յու­­թիւննե­­րու կող­­քին շատ աւե­­լի ու­­շագրաւ են աղօ­­թող­­նե­­­րու հա­­յեացքնե­­րը։ Անոնք մերթ սրբան­­կա­­­րի մը դի­­մաց են, մերթ գլու­­խը խո­­նար­­հած իրենց ներքնաշ­­խարհին մատ­­նո­­­ւած, բայց բո­­լորն ալ նոյն յոյ­­սե­­­րով ու ակնկա­­լու­­թիւննե­­րով դի­­մած են Ամե­­նակա­­լին։

Աղօթ­­քի խոր­­հուրդը ին­­ծի հա­­մար սահ­­մա­­­նուած չէ այս կամ այն կրօն­­քով։ Ար­­դա­­­րեւ Պոլ­­սոյ Պա­­լաթ թա­­ղի ապ­­րումնե­­րու նմա­­նը ան­­մա­­­հաց­­նե­­­լու հա­­մար այս ան­­գամ ոսպնեակս ուղղած եմ հրէից Եոմ Քի­­փու­­րի «Քա­­փարոս» արա­­րողու­­թեան, Նիւ Եոր­­քի մէջ։ Հոս ալ Պա­­լաթի նման մէկ կող­­մէն ինքնամ­­փո­­­փուած հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րը, միւս կող­­մէն աք­­լոր վա­­ճառող­­նե­­­րը կար­­ծես թէ նոյն եր­­թի­­­կին տակ տար­­բեր հո­­գերով տա­­րուած են եւ ես աշ­­խա­­­տեցայ այդ զգա­­ցումնե­­րը ձեր­­բա­­­կալել տե­­սախ­­ցի­­­կի մի­­ջոցաւ։ Կը կար­­ծեմ թէ այդ գիր­­քին մէջ հա­­ւաքած իւ­­րա­­­քան­­չիւր լու­­սանկար իր ետին ահա­­գին միտ­­քե­­­րու եւ խոր­­հուրդնե­­րու ճամ­­բայ կը բա­­նայ։ Զա­­նազա­­նու­­թիւնը եւս հե­­տաքրքրա­­կան էր։ Ես յա­­ջողե­­ցայ արիւնլո­­ւայ գոգ­­նո­­­ցով մսա­­վաճա­­ռի կամ աւան­­դա­­­կան տա­­րազ­­նե­­­րով հրեայ հա­­ւատա­­ցեալի ապ­­րումնե­­րը նկա­­րել։

Քու­­պա դար­­ձեալ հե­­տաքրքրա­­կան փորձ մըն էր։ Աշ­­խարհի վրայ եր­­կար տաս­­նա­­­մեակ­­ներ մե­­կու­­սա­­­ցած այս եր­­կի­­­րը բնու­­թագրող տե­­սանիւ­­թե­­­րը մէկ կողմ դնե­­լով փոր­­ձե­­­ցի մարդկանց առօ­­րեան նկա­­րել։ Թե­­րեւս ալ ինձմէ առաջ ոչ մէ­­կը նկա­­րած է այս հա­­մայ­­նա­­­վար երկրի մէջ մո­­մը ձե­­ռին աղօ­­թող մէ­­կը։

Լու­­սանկա­­րիչի վաս­­տա­­­կը պա­­հը ձեր­­բա­­­կալելն է։ Պահ՝ որ կրկնու­­թիւն չու­­նե­­­նար։ Այդ էր, ապ­­րո­­­ւեցաւ ու վերջ։ Ահա այս է «Ակա­­նատես» բա­­ռի իմաս­­տը նաեւ։ Այ­­սօր Պա­­լաթ թա­­ղի մէջ Սուրբ Հրեշ­­տա­­­կապետ եկե­­ղեցին եւս կան­­գուն է, բայց իմ նկա­­րած ապ­­րումնե­­րը գո­­յու­­թիւն չու­­նին։ Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանը այդ օր կա­­տարո­­ւած զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւննե­­րը կան­­խե­­­լու մի­­տու­­մով ահա­­գին նոր կա­­նոնադ­­րութիւններ գոր­­ծադրեց եւ եկե­­ղեց­­ւոյ շրջա­­բակէն դուրս հա­­նեց մա­­տաղ­­ցու վա­­ճառա­­կան­­նե­­­րը։

Թե­­րեւս ալ այ­­սօր Նիւ Եոր­­քի մէջ Եոմ Քի­­փու­­րի տօ­­նակա­­տարու­­թիւնը աւե­­լի տար­­բեր կ՚իրա­­կանա­­նայ։

Նկար­­չա­­­կան կեան­­քիս մէջ պա­­տահա­­կանու­­թիւննե­­րը միշտ կա­­րեւոր դեր ու­­նե­­­ցան։ Պա­­տահա­­կանու­­թիւննե­­րու բեր­­մամբ նոր դռներ բա­­ցուե­­ցան իմ դի­­մաց, կամ ալ բաց դռներ փա­­կուե­­ցան։

Լու­­սանկար­­չութեան հան­­դէպ առա­­ջին ու­­շադրու­­թիւնս գո­­յացաւ Կեդ­­րո­­­նական Վար­­ժա­­­րանի աշա­­կեր­­տութեան տա­­րինե­­րուն։ Դպրո­­ցէ ներս ու­­նէինք լու­­սանկար­­չա­­­կան ակումբ, որ կը գլխա­­ւորէր թո­­ւաբա­­նու­­թեան ու­­սուցիչ Ոս­­կիան Շե­­շետեանը։ Բա­­ցի այդ Կեդ­­րո­­­նական սա­­նուց միու­­թեան մէջ ալ Զա­­ւէն Պա­­քըր­­ճը անուն նախ­­կին շրջա­­նաւարտ մը սկսած էր այս նիւ­­թով դա­­սաւան­­դել։ Տա­­կաւին կար­­գին քա­­մերա մը չու­­նէի այդ օրե­­րուն։ Երբ կեան­­քի կո­­չուե­­ցաւ «Իֆ­­սաք», այ­­սինքն Իս­­թանպու­­լի Լու­­սանկա­­րիչ­­նե­­­րու ակումբը, հա­­զիւ այդ ժա­­մանակ ըն­­կե­­­րոջս Մի­­նաս Օֆ­­լա­­­զի հետ միաս­­նա­­­բար քա­­մերա­­յի մը տի­­րացանք։ Յի­­շելով կը ստու­­գէինք թէ որ քատ­­րը ով նկա­­րած է։ Ու­­շագրաւ է, որ դպրո­­ցի լու­­սանկար­­չա­­­կան ակումբի ան­­դամնե­­րէն Տայք Տան­­ձիկ այ­­սօր ալ «Իֆ­­սաք»ի նա­­խագահն է։ Նոյն հե­­տաքրքրու­­թիւնով հե­­տեւե­­ցայ շար­­ժանկա­­րի արո­­ւես­­տին մէջ Թուրքիոյ առա­­ջին դպրո­­ցի նա­­խափոր­­ձը դար­­ձած դա­­սըն­­թացքնե­­րուն։ Այդ հե­­տաքրքրու­­թեամբ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւեցայ Մար­­մա­­­րա Հա­­մալ­­սա­­­րանի մամ­­լոյ եւ հրա­­տարա­­կու­­թեան բաժ­­նին։ Նոյն տա­­րինե­­րուն ստանձնե­­ցի անո­­ւանի լու­­սանկա­­րիչ Արա Կիւ­­լե­­­րի օգ­­նա­­­կանի պաշ­­տօ­­­նը։ Արան մին­­չեւ այդ միշտ առան­­ձին աշ­­խա­­­տած մէկն էր։ Առա­­ջին ան­­գամ ինձմով ու­­նե­­­ցաւ օգ­­նա­­­կան մը։ Այդ աշ­­խա­­­տու­­թիւնը առիթ դար­­ձաւ, որ ու­­նե­­­նամ նոր ծա­­նօթու­­թիւններ։ Ար­­դա­­­րեւ ամե­­րիկա­­ցի մը Արա­­յի կող­­քին իմ նկար­­ներն ալ տես­­նե­­­լով առա­­ջար­­կեց Սան Ֆրան­­սիսկո­­յի մէջ ցու­­ցա­­­հան­­դէս մը սար­­քել։ Սկիզ­­բը շատ ալ լուրջի չէինք առած այս աշ­­խա­­­տան­­քը։ Բայց յե­­տոյ ստա­­ցանք եր­­կու նա­­մակ­­ներ եւ գոր­­ծը հետզհե­­տէ լուրջ բնոյթ ստա­­ցաւ։ Աւե­­լի ուշ այդ նոյն ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը կրկնո­­ւեցաւ նաեւ Փորթլըն­­տի մէջ եւ լաւ ար­­ձա­­­գանգներ ու­­նե­­­ցաւ։ Այդ մի­­ջոցին ին­­ծի հա­­մար շատ կա­­րեւոր երե­­ւոյթ էր Արա­­յի նման աշ­­խարհահռչակ մի այլ լու­­սանկա­­րիչի, Ժո­­զէֆ Քու­­նելքա­­յի հետ ծա­­նօթա­­նալը։ Անոնք բա­­րեկամ­­ներ էին եւ Ժո­­զէֆ, երբ որ Իս­­թանպուլ կու գար կը մնար նաեւ Արա­­յի աշ­­խա­­­տանո­­ցը։ Այս տե­­սակ կեր­­պարնե­­րու գո­­յու­­թիւնը ան­­գամ ուժ կը ներշնչէ։ Ես այդ զգա­­ցու­­մը ապ­­րե­­­ցայ Պա­­լաթի նկա­­րահա­­նումնե­­րու ժա­­մանակ։ Եր­­կու հսկա­­ներ Արա Կիւ­­լեր եւ Ժո­­զէֆ Քու­­նելքա ու­­սե­­­րուս վրա­­յէն կը հե­­տեւէին աշ­­խա­­­տան­­քիս։

Եկած էր պար­­տա­­­դիր զի­­նուո­­րական ծա­­ռայու­­թեան ժա­­մանա­­կը։ Գա­­ցի եւ կա­­տարե­­ցի այդ ծա­­ռայու­­թիւնը։ Վե­­րադար­­ձիս ինչ որ կը կար­­ծէի մնա­­ցած տե­­ղէն շա­­րու­­նա­­­կել, այդպէս չե­­ղաւ։ Նախ Արա Կիւ­­լեր, որ կը սի­­րէր առան­­ձին աշ­­խա­­­տիլ, ինձմէ ետք դժո­­ւարա­­ցաւ առան­­ձին մնա­­լու։ Նոր օգ­­նա­­­կանը ստանձնած էր նաեւ վա­­րոր­­դի պար­­տա­­­կանու­­թիւնը եւ ընդմիշտ իր հետ էր։ Կը զգա­­յի որ իմ գո­­յու­­թիւնը հետզհե­­տէ աւե­­լորդ դար­­ձած է։ Մա­­նաւանդ կը յի­­շեմ դէպք մը, որ այս հա­­մոզու­­մին տե­­ղի տո­­ւաւ։ Կը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւէին «Իս­­թանպու­­լի Ֆիլ­­մի Օրեր» անու­­նով ծրա­­գիր մը, որ շու­­տով պի­­տի վե­­րածո­­ւէր Իս­­թանպու­­լի Ֆիլ­­մի Փա­­ռատօ­­նի։ Մա­­մու­­լի թղթա­­կից­­ներ դի­­մելով յա­­տուկ տոմ­­սեր կը ստա­­նային բո­­լոր ցու­­ցադրու­­թիւննե­­րուն ազա­­տօրէն հե­­տեւե­­լու հա­­մար։ Այդ շրջա­­նին ես կ՚աշ­­խա­­­տակ­­ցէի նաեւ պոլ­­սա­­­հայոց «Մար­­մա­­­րա» օրա­­թեր­­թին։ Թեր­­թի անու­­նով դի­­մում կա­­տարուեցաւ, բայց այդ դի­­մու­­մը մեր­­ժո­­­ւեցաւ «Դուք փոքր թերթ մըն էք եւ կրնաք միւս թեր­­թե­­­րէն ար­­տատպել» գրո­­ւած պա­­տաս­­խա­­­նով մը։ Արա Կիւ­լեր զայ­րա­ցաւ այս պա­տաս­խա­նին, որ բա­ւական ար­հա­մար­հա­կան էր այդ ժա­մանակ 80 տա­րինե­րէ աւե­լի վաս­տակ ու­նե­ցող թեր­թի մը հա­մար։ Իս­կոյն իր զայ­րոյթը փո­խան­ցեց հան­րա­ծանօթ շար­ժանկա­րի քննա­դատ Աթիլ­լա Տոր­սա­յին, որ բնաւ մեղք չու­նէր այս անի­մաստ եւ տգեղ որո­շու­մին մէջ։ Եկուր տես որ Արա­յի այդ հա­կազ­դե­ցու­թիւնը ան­հանգստա­ցուց իր կնոջ։ Ես այնպէս տպա­ւորո­ւած էի թէ Արան՝ որ հա­մաշ­խարհա­յին ար­ժէք մը դար­ձած էր, երբ հե­տաքրքրո­ւէր հայ­կա­կան որե­ւէ խնդրի հետ, իր կի­նը իս­կոյն կ՚ան­հանգստա­նար։

Ատ­կէ ետք է, որ մա­սամբ դէպ­քե­րու զար­գա­ցու­մով, մա­սամբ ալ իմ նա­խընտրու­թիւննե­րով հաս­տա­տուած եղայ Նիւ Եորք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ