Նշան Սրկ. Չալկըճեան մեծարուեցաւ Պէյօղլուի մէջ

Հովա­­նաւո­­րու­­թեամբ եւ օրհնու­­թեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հօր, 3 Դեկ­­տեմբեր 2023, Կի­­րակի, Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Ս. Եր­­րորդու­­թիւն Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ մե­­ծարուեցաւ բազ­­մա­­­վաս­­տակ երաժշտա­­պետ՝ Բրշ. Նշան Սրկ. Չալ­­կը­­­ճեան։ Արա­­րողու­­թեանց նա­­խագա­­հեց Գերշ. Տ. Արամ Ար­­քեպս. Աթէ­­շեան։ Ս. Պա­­տարա­­գը մա­­տոյց Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Ս. Եկե­­ղեցեաց քա­­րոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յա­­րու­­թիւն Վրդ. Տա­­մատեան։ Ս. Սե­­ղանին սպա­­սար­­կե­­­ցին եկե­­ղեց­­ւոյ սար­­կա­­­ւագ, կի­­սասար­­կա­­­ւագ ու դպիր­­նե­­­րը։ Եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րը կա­­տարո­­ւեցան Գա­­տըգիւ­­ղի Ս. Թա­­գաւոր Դպրաց Դաս Երգչա­­խումբի եւ քոյր դպրաց դա­­սերէ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու կող­­մէ, առաջ­­նորդու­­թեամբ Սե­­ւան Շէն­­ճա­­­նի եւ եր­­գե­­­հոնի Ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ Ար­­տեն Գա­­րիպեանի։

Արա­­րողու­­թեան մաս­­նակցե­­ցան նաեւ մե­­ծարեալի բա­­րեշ­­նորհ եղ­­բայրնե­­րը եւ ըն­­տա­­­նիքը, Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Ս. Եկե­­ղեցեաց թա­­ղային խոր­­հուրդի ան­­դամնե­­րը, Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի Ս. Յով­­հաննէս Եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղային խոր­­հուրդէ ան­­դամներ, Էսաեան Վար­­ժա­­­րանի հիմ­­նադրի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Լե­­նա Ենիեոր­­կան, լի­­սէի բաժ­­նի տնօ­­րէնու­­հի Տեն­­չա Չը­­նար, միջ­­նա­­­կար­­գի բաժ­­նի տնօ­­րէնու­­հի Առ­­լին Եշիլ­­թէ­­­փէ եւ Էսաեան Սա­­նուց Միու­­թեան ատե­­նապետ Մա­­րիամ Տրա­­մէրեան։

Նախքան Տէ­­րու­­նա­­­կան աղօթ­­քը քա­­րոզեց Նո­­րին Սրբազ­­նութիւ­­նը անդրա­­դառ­­նա­­­լով աւե­­տարա­­նական պատ­­գա­­­մին եւ ներ­­կա­­­յացուց պտղա­­տու ըլ­­լա­­­լու կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։ Իսկ յա­­ջոր­­դա­­­բար որ­­պէս կեն­­դա­­­նի վկայ ներ­­կա­­­յացուց բրշ. Նշան սար­­կա­­­ւագը, որուն վաս­­տա­­­կը լաւ օրի­­նակ մըն էր օրո­­ւայ հա­­մապա­­տաս­­խան ըն­­թերցման։ Ար­­ժա­­­նի էր գնա­­հատան­­քի եւ մե­­ծարան­­քի։

Յա­­ջոր­­դա­­­բար «Ու­­րախ Լեր» շա­­րակա­­նի եր­­գե­­­ցողու­­թեամբ Յա­­րու­­թիւն վար­­դա­­­պետի կող­­մէ ըն­­թերցո­­ւեցաւ սրբա­­զան Պատ­­րիարք հօր օրհնու­­թեան գի­­րը, որուն մէջ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը կ՚ըսէր. «Դուք աս­­տո­­­ւածա­­պար­­գեւ շնորհնե­­րը օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­ցիք ստա­­նալու այն ինչ որ որ­­պէս հո­­գեւոր ժա­­ռանգ փո­­խան­­ցած էր Հա­­յաս­­տա­­­նեայց Առա­­քելա­­կան Սուրբ Եկե­­ղեցին։ Այդ Փո­­խան­­ցումը ի դե­­րեւ չե­­ղաւ։ Հա­­սաւ ժա­­մանա­­կը երբ ձեր ստա­­ցածը վե­­րադար­­ձուցիք նոյն եկե­­ղեցիին, ծա­­ռայե­­լով նախ Աս­­տուծոյ փառ­­քին եւ ապա եկե­­ղեց­­ւոյ շի­­նու­­թեան։ Ձեր ու­­սուցիչ երա­­ժիշտնե­­րէն սոր­­վածնե­­րը նա­­խան­­ձախնդրու­­թեամբ փո­­խան­­ցե­­­ցիք այ­­լոց, եւ դուք նմա­­նեցաք ստա­­ցած քան­­քարնե­­րը ար­­ժե­­­ւորող հա­­ւատա­­րիմ ծա­­ռային»։

Օրհնու­­թեան գի­­րի ըն­­թերցու­­մէն յե­­տոյ, հան­­դի­­­սադիր Սրբա­­զան Հայ­­րը «Պահ­­պա­­­նիչ» աղօթ­­քով օրհնեց մե­­ծարեալը։

Եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թեանց աւար­­տին Նա­­րեկեան սրա­­հին մէջ սար­­քո­­­ւեցաւ սի­­րոյ սե­­ղան։ Այստեղ միացան Ս. Յով­­հան Ոս­­կե­­­բերան Հայ Կա­­թողի­­կէ Եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­գեւոր հո­­վիւ Գերպ. Տ. Վար­­դան Ծ. Վրդ. Գա­­զան­­ճեան Եւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Փո­­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­մատեան։

Հան­­դի­­­սու­­թեան բաց­­ման խօս­­քը կա­­տարեց Նշան սար­­կա­­­ւագի աշա­­կերտնե­­րէն ու Էսաեան Վար­­ժա­­­րանի հա­­յերէ­­նի եւ կրօ­­նագի­­տու­­թեան դա­­սատու բրկ. Սե­­ւան ուր. դպ. Տէ­­յիր­­մէնճեան։ Նախ թա­­ղային խոր­­հուրդի ան­­դամնե­­րէն Ռաֆ­­ֆի Սիւզմէ ներ­­կա­­­յացուց մե­­ծարեալին կեն­­սագրա­­կանը։ Ապա ըն­­թերցո­­ւեցաւ Գերշ. Տ. Խա­­ժակ Ար­­քեպս. Պար­­սա­­­մեանի, Գերշ. Տ. Գա­­րեգին Ար­­քեպս. Պէք­­ճեանի եւ ԱՄՆ-է բրկ. Սի­­մոն Կ.Սրկ. Աճըիլա­­չի շնոր­­հա­­­ւորա­­կան խօս­­քե­­­րը։ Ապա, ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւեցան Ժա­­մանակ օրա­­թեր­­թի աւագ խմբա­­գիր Արա Գօ­­չու­­նեան, Տ. Գրի­­գոր Աւ. քա­­հանան, թա­­ղային խոր­­հուրդի բ. ատե­­նապետ Խա­­չիկ Ճա­­նէլ, Լու­­սա­­­ւորիչ Դպրաց Դաս Երգչա­­խումբի ատե­­նապետ Սա­­յաթ Կիւ­­րիւն, Ս. Թա­­գաւոր Դպրաց Դա­­սու դպրա­­պետ՝ բրկ. Կա­­րօ Ուր. Դպ. Հա­­լէպ­­լեան, Ասո­­ղիկ Դպրաց Դա­­սէն բրշ. Լե­­ւոն սրկ. Գու­­յումճեան, Զո­­ւարթնոց Դպրաց Դաս Երգչա­­խումբի ատե­­նապետ Կա­­րօ Գաբ­­րիէլեան եւ Նշան սար­­կա­­­ւագի աշա­­կերտնե­­րէն բրկ. Ար­­տա Կ.սրկ. Գա­­պատա­­յը։

Յա­­րու­­թիւն գար­­դա­­­պետ իր սրտին խօս­­քին մէջ յայտնեց, որ Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Ս. Եր­­րորդու­­թիւն Եկե­­ղեց­­ւոյ նոր դի­­մագի­­ծին ար­­տա­­­ցոլա­­ցումն էր սոյն հան­­դի­­­սու­­թիւնը, որուն մէջ կը շեշ­­տո­­­ւէր աւե­­լի քան երե­­սուն տա­­րիներ Պէ­­յօղ­­լու եւ տաս­­նա­­­մեակ­­ներ շա­­րու­­նակ Պո­­լիսի զա­­նազան թա­­ղերուն ծա­­ռայած երաժշտա­­պետին վաս­­տա­­­կը։ Այս առու­­մով շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց Պատ­­րիարք Հօր Իր օրհնու­­թեան գրին հա­­մար, ինչպէս նաեւ հան­­դի­­­սադիր սրբա­­զան հօր եւ բո­­լոր ներ­­կա­­­ներուն իրենց մաս­­նակցու­­թեանց հա­­մար։ Հուսկ, յա­­նուն եկե­­ղեց­­ւոյ բո­­լոր մար­­միննե­­րուն հռչա­­կեց, թէ՝ Նշան սար­­կա­­­ւագ յետ այ­­սու ցկեանս կը կո­­չուի Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Ս. Եկե­­ղեցեաց պա­­տուոյ երաժշտա­­պետ։

Ապա, յու­­շա­­­նուէր­­ներ յանձնո­­ւեցան Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի ըն­­տա­­­նիքէն, Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի թա­­ղային խոր­­հուրդէն եւ յա­­նուն Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի բո­­լոր սար­­կա­­­ւագաց եւ դպրաց։

Հուսկ բան­­քը կա­­տարեց Նո­­րին Սրբազ­­նութիւ­­նը եւ յի­­շեցուց ներ­­կայ ան­­ցեալին Նշան սար­­կա­­­ւագին դէմ եղած անար­­դա­­­րու­­թիւնը, որուն որ­­պէս դար­­ման կու գար մե­­ծարան­­քի այս հան­­դի­­­սու­­թիւնը։ Մշա­­կը ար­­ժա­­­նի էր իր վարձքին, զոր կը ստա­­նար շնոր­­հիւ իր վաս­­տա­­­կին եւ աշա­­կերտնե­­րու ներ­­կա­­­յու­­թեամբ։ Այս առ­­թիւ գնա­­հատեց Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի ըն­­տա­­­նիքի նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը եւ Նշան սար­­կա­­­ւագին մաղ­­թեց արեւ­­շատ օրեր։

Հան­­դի­­­սու­­թիւնը իր աւար­­տին հա­­սաւ, կարկանդա­­կի բե­­կանումով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ