Ճանչնանք մեր բառերը (4)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

1. Կոն ... կոն­գոմ

Մի­ջին հա­յը դիւ­րաւ կը ճանչնայ ասոնցմէ առա­ջինը՝ կո­նը, որ երկրա­չափա­կան մար­մին մըն է՝ սուր գա­գաթով եւ շրջա­նակա­ձեւ խա­րիս­խով. Ֆրան­սե­րէնն ու անգլե­րէնը` cone: Ասոնք

կը ծա­գին յու­նա­րէն κωνος /kṓnos բա­ռէն:

Օտար լե­զու­նե­րը այս բա­ռով կը բնո­րոշեն նաեւ այս նոյն ձե­ւը ու­նե­ցող պտուղնե­րը, իսկ պտու­ղը տո­ւող ծա­ռերը կ’անո­ւանեն conifère, որուն հա­յերէնն է կո­նաբեր եւ կը նշա­նակէ կոն տո­ւող, կոն ար­տադրող, կո­նատու:

Հա­յերէ­նին ամե­նածա­նօթ կո­նաբերն է եղեւ­նին, որ մայ­րիի մէկ տար­բե­րակն է եւ շատ փնտռւած է իբ­րեւ Կա­ղան­դի ծառ՝ մաս­նա­ւորա­բար եւ­րո­պացի­ներուն կող­մէ: Նկա­տել, որ ամ­բողջ ծա­ռը ինքնին կոն մըն է, իս­կա­կան գե­ղօր մը, ճիշդ իր ոչ-ու­տե­լի պտու­ղին պատ­կե­րով, որ նմա­նապէս կո­նաձեւ է:

Իսկ ասոր մէկ յա­տուկ տե­սակը՝ շո­ճին կամ սո­ճին1 է. հա­յերս շատ աւե­լի այս վեր­ջի­նը կը զար­դա­րենք Կա­ղան­դի առ­թիւ, գո­նէ Լի­բանա­նի մէջ, որ այս ծա­ռին իս­կա­կան հայ­րե­նիքն է:

Հա­յաս­տան իր կար­գին օժ­տո­ւած է այս ծա­ռով: Պտու­ղը կլոր-ձո­ւաձեւ է, շատ յար­գի կո­րիզ­նե­րով.

Մեր՝ ան­ցեալին թուրք, ներ­կա­յիս արաբ հայ­րե­նակից­նե­րը այս պտուղն ու սեր­մը հա­ւասա­րապէս կը կո­չեն սնո­պար, մենք ալ կը հե­տեւինք անոնց:

Եղե­ւինը, շո­ճին եւ սո­ճին հա­ւասա­րապէս աւան­դո­ւած են «Նոր հայ­կա­զեան»-ով. այս ալ ցոյց կու տայ բա­ռերուս ու հա­մապա­տաս­խան հաս­կա­ցու­թեանց խոր վա­ղեմու­թիւնը:

***

2. Յետգրա­բարեան աղ­բիւրնե­րու մէջ ան­տէր կը դե­գերի կոն­գոմ կո­չուա­ծը...

Հնա­գոյն վկա­յու­թիւնը կը գտնենք Մխի­թար Հե­րացիի (Ժբ. դա­րու բժշկա­պետ) «Ջեր­մանց մխի­թարու­թիւն» աշ­խա­տու­թեան մէջ, ուր կոն­գոմ սահ­մա­նուած է իբ­րեւ՝ խաշ­խա­շի, վար­դի եւ նման ծա­ղիկ­նե­րու գունդ գլու­խը, ըսենք՝ կո­կոնը:

Ռու­բէն Ղա­զարեանի «Մի­ջին հա­յերէն»-ի բա­ռարա­նին մէջ ան կը ներ­կա­յանայ եր­կու նշա­նակու­թիւննե­րով. սո­ճիի կո­նաձեւ պտու­ղը, այլ խօս­քով՝ մեր սնո­պար կո­չածը, գլխիկ մա­նու­շա­կի, նու­նուֆա­րի, խաշ­խա­շի, այ­սինքն՝ ասոնց կո­կոնը:

Աշ­խարհա­բարի հե­ղինակ­նե­րէն հայր Ղե­ւոնդ Ալի­շանի «Հայ­բուսակ»-ի 1475-րդ հա­մարը կոն­գո­մին կու տայ եր­կու նշա­նակու­թիւն՝ վար­դի եւ նման ծաղ­կանց կնգու­ղը, հասկնալ՝ կո­կոնը, ըստ քի­միական գրոց՝ « շո­ճիի խէ­ժը»:

Ու­րեմն տեղ մը ան կը նշա­նակէ ամ­բողջ պտու­ղը, այստեղ՝ անոր կամ ծա­ռին խէ­ժը: Ժթ. դա­րու երկլե­զու բա­ռարան­նե­րէն միայն Նո­րայր Բիւ­զանդա­ցին (1884) ու­նի կոն­­գոմ՝ իբ­­րեւ «պտուղն շոճ­­ւոյ»: Դրած է ֆրան­­սե­­­րէնն ալ՝ cone, եւ strobile, որ խոր­­քին մէջ յու­­նա­­­րէն կը նշա­­նակէ հոլ եւ փո­­խաբե­­րաբար միայն ստա­­ցած է սնո­­պարի նշա­­նակու­­թիւնը՝ իր ձե­­ւին բե­­րու­­մով:.

Ան­­ցած դա­­րաս­­կիզբի երկլե­­զու բա­­ռարան­­նե­­­րը նմա­­նապէս չու­­նին կոն­­գոմ, իսկ սնո­­պարին հա­­մար իրենց կար­­գին կ’առա­­ջար­­կեն կո­­նապ­­տուղը, որուն քով

կ’աւելցնեն թրքե­­րէնը, որ է չամ­­ֆըստըք. քիչ մը զար­­մա­­­նալի է, թէ ին­­չո՛ւ օրին մե­­րոնք չեն թարգմա­­նած թրքե­­րէն այս եզ­­րը, որ շատ կա­­յուն է թրքե­­րէնի մէջ եւ կրնար հա­­յերէ­­նին բա­­ռացի տալ շո­­ճեպիս­­տակ շատ պատ­­շաճ ու բա­­րեհունչ անու­­նը:

Հե­­տագա­­յին Գա­­յայեան բա­­ռացի հե­­տեւած է Բիւ­­զանդա­­ցիին եւ գրե­­թէ ըն­­դօ­­­րինա­­կած է զայն նոյ­­նութեամբ: Ասոր հե­­տեւած է Տէր Խա­­չատու­­րեանը:

Կռա­­նեան եւ Ճիզ­­մե­­­ճեան շո­­ճիի պտու­­ղը անո­­ւանող ոչ մէկ բառ ու­­նին:

Արե­­ւելա­­հայ նո­­րագոյն բա­­ռարան­­նե­­­րը բո­­լորը ու­­նին կոն­­գոմ՝ միայն իբ­­րեւ աղա­­ւաղեալ անո­­ւանու­­մը «կո­­կոն» ծա­­նօթ բա­­ռին: Իսկ բար­­բա­­­ռագէտ՝ պրո­­ֆեսոր Վիկ­­տոր Կա­­տուա­­լեան իր կող­­­մէ կը հաս­­­տա­­­­­­­տէ, որ Բա­­­յազէ­­­տի բար­­­բա­­­­­­­ռին մէջ կը գոր­­­ծէ հե­­­տեւեալ աղա­­­ւաղ շար­­­քը՝ կո­­­կոն-կո­­­կոմ-կոն­­­գոմ: Այլ խօս­­­քով՝ կոն­­­գոմ ան­­­կախ ինքնու­­­րոյն բառ գո­­­յու­­­թիւն չու­­­նի արե­­­ւելա­­­հայե­­­րէնի մէջ:

***

Google-ը՝ ակ­­­նարկե­­­լով ինչ-որ ռու­­­սե­­­­­­­րէն-հա­­­յերէն բա­­­ռարա­­­նի մը, կոն­­­գոմ-ին կու տայ «սո­­­ճիի խէժ, կո­­­կոն» զոյգ նշա­­­նակու­­­թիւննե­­­րը:

Իսկ թէ վեր­­­ջին ան­­­գամ ո՞վ, ո՞ւր եւ ի՞նչ նշա­­­նակու­­­թեամբ կի­­­րար­­­կած է կոն­­­գոմ բա­­­ռը՝ յայտնի չէ. են­­­թադրե­­­լի է, որ ան դա­­­րեր ամ­­­բողջ ապ­­­րած է միայն բա­­­ռարա­­­նային կեան­­­քով՝ առանց որե­­­ւէ ատեն լոյս աշ­­­խարհ գա­­­լու եւ մաս կազ­­­մե­­­­­­­լու կեն­­­դա­­­­­­­նի հա­­­յերէ­­­նին, գո­­­նէ՝ զոյգ գրա­­­կան աշ­­­խարհա­­­բար­­­նե­­­­­­­րուն:

3. Ճանչնանք մեր հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րը

Կնոջդ մա­­­յը քու զո­­­քանչդ է, հայ­­­րը՝ աներդ:

Ամու­­­սի­­­­­­­նիդ մայ­­­րը քու կե­­­սուրդ2 է, հայ­­­րը՝ կես­­­րայրդ:

Ու­­­շադրու­­­թի՛ւն. այս չոր­­­սին եր­­­բեք չկցել հայր, մայր բա­­­ռերը. այ­­­սինքն՝ չը­­­սել եր­­­բեք՝ զո­­­քանչմայր, աներ­­­հայր, կե­­­սուրմայր, կե­­­սուրհայր. նման կազ­­­մութիւններ չու­­­նի հա­­­յերէ­­­նը:

Կնոջդ քոյ­­­րը քու քե­­­նիդ է, եղ­­­բայրը՝ աներ­­­ձագդ կամ նա­­­խընտրա­­­բար՝ անե­­­րոր­­­դիդ, ամու­­­սի­­­­­­­նը՝ քու քե­­­նեկալդ (բա­­­ջանախդ):

Ամու­­­սի­­­­­­­նիդ քոյ­­­րը քու տալդ է, եղ­­­բայրը՝ տագրդ, ասոր կի­­­նը՝ ներդ:

Քրոջդ որ­­­դի­­­­­­­ները քու քե­­­ռոր­­­դի­­­­­­­ներդ են:

Եղ­­­բօրդ որ­­­դի­­­­­­­ները քու եղ­­­բօ­­­­­­­րոր­­­դի­­­­­­­ներդ են:

Հօրդ եղ­­­բայրը քու հօ­­­րեղ­­­բայրդ է, քոյ­­­րը՝ հօ­­­րաքոյրդ:

Մօրդ եղ­­­բայրը քու մօ­­­րեղ­­­բայրդ է քամ քե­­­ռիդ, քոյ­­­րը՝ մօ­­­րաքոյրդ:

Քոյր-եղ­­­բայնե­­­րու զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը իրա­­­րու զար­­­միկներ են:

Քեզ­­­մէ ծնող­­­նե­­­­­­­րը զա­­­ւակ­­­ներդ են, ասոնց զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը՝ քու թոռ­­­ներդ, այս վեր­­­ջիննե­­­րուն զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը՝ ծոռ­­­ներդ, ասոնց ճա­­­նաչե­­­լի սե­­­րունդնեrը՝ ազ­­­գա­­­­­­­կան­­­ներդ...

1 Ու­­նինք քա­­նի մը բա­­ռեր որոնք ս/շ տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րով կը ներ­­կա­­­յանան՝ սո­­ճի-շո­­ճի, սեմ-շեմ, Սի­­մաւոն-Շմա­­ւոն եւ այլն. այս երկւու­­թիւնը հե­­տեւանք է յու­­նա­­­րէն/ասո­­րերէ­­նի ազ­­դե­­­ցու­­թեան. ընդ որում՝ յոյ­­նը միշտ սով կ’ար­­տա­­­սանէ ասո­­րիին շով ար­­տա­­­սանա­­ծը:

2 Հնա­­գոյն ձե­­ւը սկե­­սուր է, որ այսպէս ալ մնա­­ցած է արե­­ւելա­­հայե­­րէնի մէջ:


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ