Ճանապարհի բեմ՝ տեսարան ու ձայն – 2

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Ըստ «հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան ժա­­­­մադ­­­­րութեան», այ­­­­սինքն՝ ոչ ճիշդ ժա­­­­մին, կրկին ան­­­­գամ, սի­­­­րելի՛ ըն­­­­թերցող, եկուր միասին վա­­­­րագոյ­­­­րը բարձրաց­­­­նենք Հա­­­­լէպ կո­­­­չուած մեր հրա­­­­շալի բե­­­­մին, ուր ես եւ դուն շատ յա­­­­ճախ եւ՛ դե­­­­րասան եղած ենք, եւ՛ հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատես։ Շատ չեր­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րեմ, յի­­­­շեց­­­­նեմ, որ եր­­­­կու տե­­­­սարան պի­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նանք, որոնց միակ կա­­­­պը այն է, որ Հա­­­­լէպ պա­­­­տահած են։

Վա­­­­րագոյ­­­­րը բարձրա­­­­ցու­­­­ցի, սկսանք...

Տե­­­­սարան առա­­­­ջին՝

Վայ­­­­րը՝ Սու­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­մանիայի նազ­­­­լէն (զա­­­­ռիվայ­­­­րը), Հա­­­­ճի Տիապի անու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­վաճա­­­­ռին խա­­­­նու­­­­թը:

Ժա­­­­մանա­­­­կը՝ ամա­­­­ռուան տաք առա­­­­ւօտ մը, երբ հին ժա­­­­մացոյ­­­­ցին մեծ ու պզտիկ սլաք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ուղղա­­­­հայեաց են։

Դե­­­­րասան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը՝

ես՝ կի­­­­սաքուն վի­­­­ճակով,

Հա­­­­ճի Տիապը՝ շատ աշ­­­­խոյժ ժպի­­­­տով,

Քա­­­­նի մը երի­­­­տասարդ գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­ներ, որոնք շատ հա­­­­ւանա­­­­բար, Հա­­­­ճի Տիապին ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ըլ­­­­լան,

Մէկ ու կէս տաս­­­­նեակ յա­­­­ճախորդ կամ աւե­­­­լի ճիշդ՝ զը­­­­լէպիէի[1] սի­­­­րահար­­­­ներ, որոնք ըստ երե­­­­ւոյ­­­­թին ին­­­­ծի պէս գի­­­­շերը երազ­­­­նուն մէջ նա­­­­զելի զը­­­­լէպիէն տե­­­­սած են։

Action՝

Տու­­­­նէս ու­­­­ղիղ դէ­­­­պի ձախ կը քա­­­­լեմ, Ղաս­­­­սան գրա­­­­դարա­­­­նին մօտ եմ, վտան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր փո­­­­ղոցը կ՛անցնիմ հպար­­­­տութեամբ, քա­­­­նի որ օթո­­­­ները շատ քիչ են։ Դե­­­­ղատուն Քըթ­­­­թիին քո­­­­վի նեղ­­­­լիկ թաղն ալ կ՛անցնիմ, կը վա­­­­յելեմ Սու­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­մանիէի զա­­­­ռիվայ­­­­րին հան­­­­դարտու­­­­թիւնը մին­­­­չեւ վերջնա­­­­կան կա­­­­յանս.մտքիս մէջ մէկ բան կայ. «Ին­­­­շալլա[2], շատ յա­­­­ճախորդ չըլ­­­­լայ եա՜ու։ Ըն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­մէնը եօթը հատ պի­­­­տի առ­­­­նեմ, եա րապ[3] շատ խճո­­­­ղում չըլ­­­­լայ»։

Դու­­­­ռին քովն եմ. «Քաք­­­­նեմ բախ­­­­տիս, Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ձայնս չլսեց»։ Խա­­­­նու­­­­թը լե­­­­ցուն է, ու վստահ՝ բո­­­­լորն ալ զը­­­­լէպիէ գնող են։ Ներս կը մտնեմ ու կը փոր­­­­ձեմ շար­­­­քին մէջ տե­­­­ղաւո­­­­րուիլ։ Ձախ կողմս ցած ապա­­­­կիէ մը ան­­­­դին հրա­­­­շալի, երա­­­­զային ու քաղցր տե­­­­սարան մը կայ՝ մեծ-մեծ սի­­­­նինե­­­­րով (ափ­­­­սէ­­­­­­­­­­­­­­­ներով) անու­­­­շե­­­­­­­­­­­­­­­ղէն։ Աչ­­­­քերս կը փնտռեն սի­­­­րած­­­­ներս։ Գտայ. պըլ­­­­լօ­­­­­­­­­­­­­­­րիէն[4] երե­­­­սիս կը ժպտայ եւ պեն նա­­­­րէնը[5] աչք կ՛ընէ։ Քիչ մը հեր­­­­թին կը հե­­­­տեւիմ եւ քիչ մըն ալ սի­­­­րած անու­­­­շե­­­­­­­­­­­­­­­ղէն­­­­ներս կը դի­­­­տեմ։ Կարգս կը մօ­­­­տենայ կոր. մէկ հո­­­­գի մնաց։ «Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած տայ, որ քիչ բան ու­­­­զէ»։ Սա­­­­կայն Հա­­­­ճի Տիապին եւ յա­­­­ճախոր­­­­դին զրոյ­­­­ցը ան­­­­գամ մը եւս «հա­­­­ւատքս» խախ­­­­տեց. «Քսան­­­­հինգ հատ, Հա­­­­ճի Տիապ։ Ձեռ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րուդ դա­­­­լար»,- կը յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարէ յա­­­­ճախոր­­­­դը։

«Քսան­­­­հինգ հա՜տ։ Ասի­­­­կա կը նշա­­­­նակէ գո­­­­նէ քա­­­­ռորդ ժամ եւս»։ Յու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հատ աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով կրկին կը վե­­­­րադառ­­­­նամ ինձմէ հե­­­­ռու ժպտա­­­­ցող սի­­­­նինե­­­­րուն։ Կ՛երե­­­­ւակա­­­­յեմ ու մէկ-մէկ այդ երե­­­­ւակա­­­­յու­­­­թիւնս կը խան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րուի ին­­­­սուլի­­­­նի ասե­­­­ղին տես­­­­քով։

«Հրա­­­­մէ՛, տղաս։ Քա­­­­նի՞ հատ կ՛ու­­­­զես»,- կ՛ըսէ Հա­­­­ճի Տիապ իր մնա­­­­յուն քաղցրու­­­­թեամբ։

Ես ալ նոյն քաղցրու­­­­թեամբ ու ու­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­խու­­­­թեամբ կը պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նեմ. «Հինգ հատ պարզ, եր­­­­կու հատ մահ­­­­շի[6]»։ Ու աչ­­­­քերս այ­­­­լեւս հե­­­­ռանա­­­­լով սի­­­­նինե­­­­րէն՝ կը տե­­­­ղափո­­­­խուին Հա­­­­ճի Տիապին ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գործ ձեռ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րուն վրայ։ Հա­­­­տիկ-հա­­­­տիկ, նա­­­­զով կը բա­­­­նայ այդ նուրբ թեր­­­­թի­­­­­­­­­­­­­­­կի պէս բա­­­­ցուած ու տապ­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ւած խմո­­­­րը, վրան մանր շա­­­­քարը ու տար­­­­չի­­­­­­­­­­­­­­­նը քնքշու­­­­թեամբ կը ցա­­­­նէ ու յա­­­­տուկ ձե­­­­ւով կը փաթ­­­­թէ։ «Հինգ, վեց, եօթը... խեն­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­նալիք»։ Զը­­­­լէպիէներս պատ­­­­րաստ են։ Ես ու­­­­րախ եմ, աչ­­­­քերս կը փայ­­­­լին, քա­­­­նի մը վայրկեանէն տուն կ՛ըլ­­­­լամ, ու կը սկսի պա­­­­հը։ Բե­­­­մը ու­­­­րախ է, հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատես­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը նոյնպէս, ետ մնա­­­­ցած յա­­­­ճախորդնե­­­­րը՝ այդքան ալ չէ։ Դեռ պէտք է համ­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րեն հաս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար իրենց սի­­­­րած նա­­­­զելիին։

ԴԱ­­­­ԴԱՐ...

Տե­­­­սարան երկրորդ՝

Վայ­­­­րը՝ որե­­­­ւէ դպրո­­­­ցի բակ, որ­­­­տեղ աշա­­­­կերտնե­­­­րը հե­­­­ռուէն կը նմա­­­­նին զի­­­­նուո­­­­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու.

Ժա­­­­մանա­­­­կը՝ կէ­­­­սօրին, վե­­­­ցերորդ պա­­­­հէն վերջ, երբ կի­­­­զիչ արե­­­­ւը ուղղա­­­­հայեաց դիր­­­­քի մեջ է այդ զի­­­­նուո­­­­րան­­­­ման աշա­­­­կերտնե­­­­րուն գլխուն վրայ։

Դե­­­­րասան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը՝

Ես՝ լրիւ զի­­­­նուո­­­­րական հա­­­­գուստով ու գլխար­­­­կով մը, որուն գլխա­­­­ւոր պար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թիւնն է պա­­­­հել ու պաշտպա­­­­նել տա­­­­կը թաք­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած թիփ (գրա­­­­ւիչ) մա­­­­զերս,

Դա­­­­սարա­­­­նի տղա­­­­քը միայն, որոնք ու­­­­նին նոյն հա­­­­գուստը ու պաշտպա­­­­նող գլխար­­­­կը,

Իրա­­­­կան զի­­­­նուո­­­­րական մը, զոր մտա­­­­ռէպ Ֆը­­­­թըուէ կը կո­­­­չեն[7] ու յա­­­­ճախ կ՛ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նայ զի­­­­նուո­­­­րական կո­­­­չում մը։ Հա, ան ալ ըսեմ, որ եր­­­­բեմն զէնք կ՛ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նար մէջ­­­­քին։ Այս վայրկեանին ձեռ­­­­քը ու­­­­նի սեւ, չի­­­­նական, անո­­­­րակ մկրատ մը։

Action՝

Վա­­­­խով շա­­­­րուած ենք ետեւ-ետե­­­­ւի, երեք շարք ենք։ Մեր մէ­­­­ջի հե­­­­ռաւո­­­­րու­­­­թիւնը յա­­­­տուկ դա­­­­սաւո­­­­րուած է, որ­­­­պէսզի ձեռ­­­­քին մկրատ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող զի­­­­նուո­­­­րական մտա­­­­ռէպ Ֆը­­­­թըուէն առիթ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նայ մեր մէջ շատ հան­­­­գիստ ու ազատ պտտե­­­­լու ու քէ­­­­ֆին հա­­­­մեմատ մէ­­­­կու մը քով կե­­­­նալու եւ ստու­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­լու մա­­­­զերը։

«Սթա-րե՛հ (հան-գի՛ստ)... Սթա-՛էտ (պատ-րա՛ստ)...», – սկսաւ քա­­­­լել, ին­­­­ծի կը մօ­­­­տենայ։ Կը փոր­­­­ձեմ հան­­­­գիստ ձե­­­­ւանալ ու նոյն ժա­­­­մանակ այդ տպա­­­­ւորու­­­­թիւնը ձգել, որ «ճի­­­­վերուս պէս է[8], նոյ­­­­նիսկ եթէ մա­­­­զերս կտրես» ։ Բայց նոյն ժա­­­­մանակ երե­­­­ւակա­­­­յու­­­­թեանս մէջ ռո­­­­ման­­­­թիք տե­­­­սարան մը կը գծո­­­­ւի եր­­­­կու շա­­­­բաթ յե­­­­տոյ սպա­­­­սուող փար­­­­թի[9]ին, երբ սլօու[10] պա­­­­րի ժա­­­­մանա­­­­կը պի­­­­տի գայ, եւ ես սի­­­­րած ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­հիիս պա­­­­րի պի­­­­տի հրա­­­­ւիրեմ, շատ մօ­­­­տիկէն պի­­­­տի փաթ­­­­թո­­­­­­­­­­­­­­­ւիմ ու պի­­­­տի լսեմ իր փսփսու­­­­քը ական­­­­ջիս. «Ուաու, Սա­­­­ղօ, մա­­­­զերդ խեն­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­նալիք են այ­­­­սօր»։ Ես ալ «Հա՛» պի­­­­տի ըսեմ ու փոր­­­­ձեմ մու­­­­թին մէջ աւե­­­­լի ու աւե­­­­լի մօ­­­­տենալ իրեն։ Կար­­­­ծես երե­­­­ւակա­­­­յու­­­­թեանս ժպի­­­­տը իրա­­­­կան գծուեցաւ դէմ­­­­քիս, ի՜նչ հա­­­­ճելի է. փար­­­­թի, սլօու, պար, փաթ­­­­թուկ, կի­­­­սատ համ­­­­բոյր ու ժպիտ...

«Լահ, եա հա­­­­յուան, մթաուէլ շա՛արա­­­­թաք, ու­­­­լաք»[11],- ֆը­­­­թուէի մար­­­­զի­­­­­­­­­­­­­­­չին այս «յար­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­լի» նա­­­­խադա­­­­սու­­­­թիւնը կ՛ան­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­տէ երե­­­­ւակա­­­­յու­­­թիւնս։ Մէկ ան­­­գա­­­­­­­մէն կը զգամ՝ պահ­­­պա­­­­­­­նող ու պաշտպա­­­նող գլխարկս օդը կը թռի ու ոտ­­­քիս քով կ՛իյ­­­նայ։ Զի­­­նուո­­­րակա­­­նին կոշտ ձեռ­­­քը կը բռնէ մա­­­զերէս փունջ մը, կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր կար­­­ծի­­­­­­­քով դաս­­­տիարակ­­­չա­­­­­­­կան վատ բա­­­ռերու շար­­­քը, ու յան­­­կարծ ականջներս կը լսեն այդ անո­­­րակ մկրա­­­տին փա­­­կուե­­­լու ձայ­­­նը մա­­­զերուս վրայ. «ԽԸՐԹ-ԽԸՐԹ»։

Լռու­­­թիւն, աչ­­­քերս կը կարմրին ու ար­­­ցունքներս կը պատ­­­րա­­­­­­­տուին հո­­­սելու։ Ար­­­ժա­­­­­­­նապա­­­տուու­­­թիւնս սա­­­կայն կ՛ար­­­գե­­­­­­­լէ։ Ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­հիիս քաղցր ու գրգռիչ ձայ­­­նը կը հե­­­ռանայ, ու տե­­­ղը կը սկսի սափ­­­րի­­­­­­­չիս ձայ­­­նը յայտնո­­­ւիլ.

«Լահ, լահ, լահ, լան ի՞նչ ըրեր է աս հայ­­­վա­­­­­­­նը[12]»։

«Չեմ գի­­­տեր, Ֆի­­­լիփ, բայց հա­­­ճիս, բան մը ըրէ, եաու»։

Մկրա­­­տը ու տէ­­­րը կը հե­­­ռանան քո­­­վէս փնտռե­­­լու հա­­­մար ու­­­րիշ զոհ մը։ Վա­­­խեր, հո­­­վուն հետ թռչող մա­­­զեր ու զգա­­­ցումներ։ Հան­­­դի­­­­­­­սատես­­­նե­­­­­­­րուն մէկ մա­­­սը կը դժգո­­­հի, մէկ մա­­­սը ան­­­տարբեր է ու քիչ մա­­­սը կը քա­­­ջալե­­­րէ, իսկ ես կ՛երե­­­ւի այ­­­սօ­­­­­­­րուան տե­­­սարա­­­նը աւար­­­տեմ ու վա­­­րագոյ­­­րը իջեց­­­նեմ մինչ յա­­­ջորդ ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­մը։

[1] Զը­­­լեբիէ՝ Հա­­­լէպի մեջ հռչա­­­կաւոր անու­­­շե­­­­­­­ղէն, որ նուրբ բա­­­ցուած ու տապ­­­կո­­­­­­­ւած թերթ է՝ կամ շա­­­քարա­­­փոշի, կա­­­սիա ու պիս­­­տա­­­­­­­կի փո­­­շի ցա­­­նուած, կամ նաեւ սե­­­րով լե­­­ցուած։

[2] Ին­­­շալլա՝ արա­­­բերէն ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն, որը բա­­­ռացիօրէն կը նշա­­­նակէ «Եթէ Աս­­­տո­­­­­­­ւած կա­­­մենայ»

[3] Րապ՝ տէր, եա րապ՝ ո՜վ Տէր

[4] Պըլ­­­լօ­­­­­­­րիէ ՝ Հա­­­լէպի մէջ հռչա­­­կաւոր անու­­­շե­­­­­­­ղէն

[5] Պեն նա­­­րէն՝ Հա­­­լէպի մէջ հռչա­­­կաւոր անու­­­շե­­­­­­­ղէն, որ կը նշա­­­նակէ՝ եր­­­կու կրա­­­կի մի­­­ջեւ

[6] Մահ­­­շի՝ արա­­­բերէն բառ է, որը կը նշա­­­նակէ լե­­­ցուած

[7] Մտա­­­ռէպ ֆը­­­թըուէ՝ արա­­­բերէն բառ, բա­­­ռացի կը նշա­­­նակէ զի­­­նուո­­­րական կրթու­­­թեան մար­­­զիչ

[8] «Ճի­­­վերուս պէս է»՝ հոգս չէ

[9] Փար­­­թի՝ հա­­­ւաքոյթ, խրախ­­­ճանք

[10] Սլօու՝ զոյ­­­գի հան­­­դարտ պար. անգլե­­­րէն slow բա­­­ռը

[11] «Լահ եա հա­­­յուան, մթաուէլ շա՛արա­­­թաք, ու­­­լաք» ՝ արա­­­բերէն ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն, որ բա­­­ռացի կը նշա­­­նակէ «Այ անա­­­սուն, մա­­­զերդ երկնցու­­­ցեր ես, ծօ՛»։

[12] «Լահ, լահ, լահ, լան ի՞նչ ըրեր է աս հայ­­­վա­­­­­­­նը»՝ չէ, չէ, չէ, ծօ ի՞նչ ըրեր է աս կեն­­դա­­նին։

ՇԱ­­­ՐՈՒ­­­ՆԱ­­­­­­­ԿԵԼԻ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ