Գարնան Յիշատակ Մը

Մեր նախորդ սիւնակով յայտարարեցինք, որ ձեզի հետ պիտի բաժնեկցինք «Յասմիկեան պտոյտներ» արձակ գրութեան մրցանակին մեր ընտրած լաւագոյն երեք գրութիւնները։ Անցեալ շաբաթ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն Նորա Տավուլճեանի գրութիւնը հրատարակեցինք։ Այս շաբաթ կը հրատարակենք Ազգային Կեդրոնական վարժարանէն Լենա Սարըօղլուի գրութիւնը՝ մաղթելով, որ միշտ վառ կը մնայ իր ստեղծագործական գրիչը։

ԼԵՆԱ ՍԱՐԸՕՂԼՈՒ


Աչքերս բա­­ցեր եմ թռչուննե­­րու այդ քաղցր ձայ­­նով…

Ճիք… Ճիք… Ճիք…

Ահա­­ւասիկ, ըսի, գա­­րու­­նը եկեր է, իսկ ամա­­ռը՝ ճամ­­բայ ելած...։

Ճիք… Ճիք…

Ձմեռ­­նե­­­րը առա­­ւօտուն ան­­կո­­­ղինէս չէի կրնար ել­­լել։ Իսկ հի­­մա շու­­տով ելայ պա­­տու­­հա­­­նը բա­­ցի, որ­­պէսզի աւե­­լի բարձր լսեմ թռչուննե­­րուն գե­­ղեցիկ ձայ­­նը։ Սե­­նեակէն ներս հրա­­ւիրե­­ցի արե­­գակը, ամ­­բողջ սիր­­տովս զգա­­ցի տա­­քու­­թիւնը։ «Բա­­րե՜ւ» ըսի այս գե­­ղեցիկ օրո­­ւան։

Քա­­նի որ օդը այսքան լաւ էր, որո­­շեցի կղզի եր­­թալ ըն­­կերնե­­րուս մօտ։ Քա­­նի մը կարճ հե­­ռաձայ­­նի խօ­­սակ­­ցութե­­նէ ետք սկսայ պատ­­րաստո­­ւիլ։ Հա­­գուե­­ցայ ամէ­­նէն սի­­րած փէշս այս գե­­ղեցիկ օրո­­ւան հա­­մար։ Թե­­րեւս գիրք ալ պի­­տի առ­­նէի քովս. բայց որո՞ւ պի­­տի խա­­բէի... Ան­­շուշտ պի­­տի չկա­­րենա­­յի կար­­դալ։ Ծո­­վը պի­­տի դի­­տէի ու թե­­րեւս ալ ոտա­­նաւոր­­ներ պի­­տի գրէի…

Մին­­չեւ կա­­յանը բա­­ւական ճամ­­բայ կար Քուրթու­­լուշէն։ Հոգ չէր։ Այս բաց օդին քա­­լելը ամ­­բողջ ձմրան ըն­­թացքին երե­­ւակա­­յած էի։ Քա­­մին կը փչէր ու երեսս թե­­թեւ մը դպչե­­լով կ՚անցնէր։ Օդը ու­­րա­­­խու­­թիւն կը հո­­տէր։ Հա­­ւանա­­բար ամէն մարդ աս­­դին ան­­դին գա­­ցած էր։ Ես եւ կա­­տու­­նե­­­րը կը պտը­­տէինք Քուրթու­­լուշի մերկ փո­­ղոց­­նե­­­րուն մի­­ջեւ։ Ես ալ կ՚եր­­թա­­­յի հի­­մա, առան­­ձին պի­­տի մնա­­յին։ Չկրցայ որո­­շել թէ լա՞ւ էր առանձնու­­թիւնը հանգստա­­նալու հա­­մար... Մեղմ տխրու­­թիւն մը պի­­տի զգա­­յի՞ն…

Գլխուս մէջ այս խոր­­հուրդնե­­րով նստայ հան­­րա­­­շարժ դէ­­պի Քա­­պաթաշ, քովս՝ տա­­րիքոտ կին մը, որ խիստ աչ­­քե­­­րով կը նա­­յէր դի­­մացը։ Հոգ ըրի, որ ինչ կար հոն. ես ալ նա­­յեցայ... Ճիշդ դի­­մացը մարդ մը, աչք աչ­­քի եկայ անոր հետ։ Գլու­­խը վար իջեց­­նե­­­լով քա­­շեց աչ­­քե­­­րը։ Հասկցայ, որ բան մը կ՚ըլ­­լար, բայց ի՞նչ կ՚ ըլ­­լար։ Քովս դառ­­նա­­­լով հար­­ցուցի։

— Բա՞ն մը եղաւ ար­­դեօք։

— Հար­­կա՜ւ եղաւ։ Հան­­րա­­­շարժ նստե­­լէդ ի վէր գէշ աչ­­քե­­­րով կը նա­­յի ոտ­­քե­­­րուդ։ Չնշմա­­րեցի՞ր։ Ես ան­­հանգիստ եղայ քու անու­­նիդ։ Ան­­կիրթ… Այդ քո­­վի կի­­ներն ալ կը դի­­տէին քե­­զի, կարճ է եղեր փէշդ։ Անոնց ու­­ղեղնե­­րը կարճ են։

Ես չէի նշմա­­րած։ Չէի ու­­զեր ալ նշմա­­րել այսպի­­սի դէպք մը, որով­­հե­­­տեւ ես ալ ան­­հանգիստ պի­­տի ըլ­­լա­­­յի, գէշ պի­­տի զգա­­յի ինքզինքս։ Ոչ թէ պի­­տի զղջա­­յի թէ ին­­չո՛ւ հա­­գուեր էի այդ կարճ փէ­­շը, այլ պի­­տի յու­­զո­­­ւէի՝ տես­­նե­­­լով, թէ որ­­քա՜ն կարճ էին անոնց ու­­ղեղնե­­րը։ Բայց ո՛չ, պի­­տի զսպեմ ինքզինքս, որ չխան­­գա­­­րուի հո­­գեվի­­ճակս ու­­րիշնե­­րու տկա­­րու­­թեան երե­­սէն...

Օդը տաք է, արե­­ւը ճիշդ մէջ­­տեղն է ու ես ալ կղզի կ՚եր­­թամ։ Բա­­ւարար է...

Շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­ցի կնոջ ու ան ալ ին­­ծի փո­­կեղէն հրամ­­ցուց։ Ան­­ծա­­­նօթ­­նե­­­րուն հետ լաւ յա­­րաբերւթիւն ու­­նե­­­նալ շատ կ՚ու­­րա­­­խաց­­նէ զիս։ Խօ­­սիլ զա­­նազան մար­­դոց հետ ու բա­­ներ մը սոր­­վիլ անոնցմէ, անոնց մա­­սին։ Այս պատ­­ճա­­­ռաւ է, որ ես կ՚ախոր­­ժիմ առան­­ձին ճամ­­բորդու­­թիւն ընե­­լէ։ Մայրս եր­­բեմն կը ջղայ­­նա­­­նայ ին­­ծի, միշտ ու­­շա­­­դիր ըլ­­լալս կը յանձնա­­րարէ օտար­­նե­­­րու հետ խօ­­սելու ատեն։ Իրա­­ւունք ու­­նի ան­­շուշտ, բայց ար­­դէն ի՞նչ է որ ըրածս։ Հոգ կ՚ընեմ անոնց պատ­­մութիւննե­­րը, եր­­բեմն ինքս գու­­շա­­­կու­­թիւններ կ՚ ընեմ։ Բայց խօ­­սելով սոր­­վիլ իրենց մա­­սին... Այդ կը նա­­խընտրեմ։

Ահա­­ւասիկ հա­­սած եմ Քա­­պաթաշ։ Յայտնի է, որ շուրջս հայ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րով լե­­ցուն է, կը հասկնամ անուննե­­րէն ու դէմ­­քե­­­րէն ան­­շուշտ։ Հայ մը կը ճանչնայ հա­­յը։ Հան­­դարտ քայ­­լե­­­րով նստայ շո­­քենաւ։

40 վայրկեանի մը չափ առան­­ձին պի­­տի մնա­­յի ծո­­վուն հետ...։ Կզղիին մէջ թե­­րեւս կը ծա­­նօթա­­նայի ու­­րիշնե­­րուն հետ ալ… Հի­­մա ծո­­վուն պատ­­մութեան ժա­­մանակն էր...

Գը­­նալը Կղզին…

Ամա­­ռուան տաք օրե­­րու ջերմ մի­­ջավայ­­րով Գը­­նալը Կղզին…

Ըն­­կերներս դի­­մաւո­­րեցին զիս ու սկսայ յի­­շատակ­­նե­­­րուս էջ մը եւս աւելցնելու...

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ