Հայ-Թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէտը պատրաստ է օգտագործման

Հայ-թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէտը պատրաստ է շահագործման։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեցին Հայաստանի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թե­նէն։ «Հայ­կա­կան կող­մը կ՚ակնկա­լէ թուրքա­կան կող­մէ եւս դրա­կան ազ­դակներ ստա­նալ եր­րորդ երկրնե­րու քա­ղաքա­ցինե­րու եւ դի­ւանա­գիտա­կան անձնագ­րեր ու­նե­ցող­նե­րու հա­մար սահ­մա­նը բա­նալու վե­րաբե­րեալ», նշեց նա­խարա­րու­թիւնը։

Ազ­գա­յին ժո­ղովի փոխ­նա­խագահ Ռու­բէն Ռու­բի­նեան, առանց այլ ման­րա­մաս­նութիւններ տա­լու՝ ըսաւ, որ այս պա­հուն Երե­ւանի եւ Ան­գա­րայի յա­տուկ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու հա­ւանա­կան հան­դիպման մա­սին քննար­կում չկայ։

Հայ-թրքա­կան յա­րաբե­րու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցի յա­տուկ բա­նագ­նացներ Ռու­բէն Ռու­բի­նեան եւ Սեր­տար Քը­լըչ մին­չեւ հի­մա ու­նե­ցած են պաշ­տօ­նական չորս հան­դի­պումներ, վեր­ջի­նը շուրջ մէ­կու­կէս տա­րի առաջ՝ Վիեն­նա­յի մէջ։ Այդ հան­դի­պու­մին կող­մե­րը պայ­մա­նաւո­րուած էին բա­նալ ցա­մաքա­յին սահ­մա­նը եր­րորդ եր­կիրնե­րու քա­ղաքա­ցինե­րու հա­մար ամե­նէն սեղմ ժամ­կէտնե­րու մէջ։ Իրա­կանաց­ման գծով, սա­կայն, յա­ռաջընթաց չկայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ