Ուսուցչաց Հիմնարկէն Ամանորեայ հրատարակութիւններ

Հոգ չէ թէ բա­­զում գի­­տելիք­­ներ ամ­­բա­­­րուած ըլ­­լան փոք­­րա­­­ծաւալ բջջա­­յին հե­­ռախօ­­սի մը կամ նոյ­­նիսկ ար­­դիաշունչ ժա­­մացոյ­­ցի մը մէջ՝ նոյնն է կարգ մը բա­­ներ միշտ կը պա­­հեն իրենց ան­­զուգա­­կանու­­թիւնը։

Այդ տե­­սակնե­­րէն է Թրքա­­հայ Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկի սե­­ղանի օրա­­ցոյ­­ցը, որ եր­­կար տա­­րինե­­րէ ի վեր իր յայտնու­­թիւնով ու­­րա­­­խու­­թիւն կը պատ­­ճա­­­ռէ։

Ահա այս տա­­րի ալ մեր ձեռ­­քին ու­­նինք 2024-ի սե­­ղանի օրա­­ցոյ­­ցը, որուն միայն գոյնն է տար­­բեր եւ մնա­­ցեալ ամէն ինչ այդ աւան­­դութեան հա­­ւատա­­րիմ։

Այս տա­­րի սե­­ղանի օրա­­ցոյ­­ցի հետ հա­­մարեայ նոյն օրե­­րուն ստա­­ցանք նաեւ վաս­­տա­­­կաւոր կրթա­­կան մշակ Իւ­­ղա­­­բեր Կէօքօղ­­լու Պո­­յաճեանի կող­­մէ պատ­­րաստուած հա­­մառօտ բա­­ռարան մը։ Այս աշ­­խա­­­տու­­թիւնը երկլե­­զու է նախ հա­­յերէ­­նէ թուրքե­­րէն եւ ապա թուրքե­­րէնէ հա­­յերէն։ Հոն նիւ­­թե­­­րը դա­­սաւո­­րուած են որոշ գլուխնե­­րով։ Առա­­ջին բա­­ժինը կը բո­­վան­­դա­­­կէ բա­­յերը։ Ապա «Մեր Տու­­նը» խո­­րագ­­րի տակ հա­­ւաքո­­ւած են տնա­­կան զա­­նազան իրեր։ Եր­­րորդ բաժ­­նի մէջ կը ծա­­նօթա­­նանք ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րու եւ ազ­­գա­­­կանա­­կան ածա­­կան­­նե­­­րուն։

Մար­­մի­­­նը, մար­­մին մաս­­նիկնե­­րը, ան­­դամնե­­րը եւս առան­­ցին հա­­տուած մը կը կազ­­մեն։ Նոյնպէս առան­­ցին հա­­տուած­­նե­­­րով ներ­­կա­­­յացո­­ւած է հի­­ւան­­դութիւննե­­րը, առող­­ջա­­­պահա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը եւ բժշկա­­կան պի­­տոյքնե­­րը։ Անա­­սուննե­­րը եւ անոնց ձայ­­նե­­­րու անո­­ւանումնե­­րը ու շա­­րու­­նա­­­կաբար ձու­­կե­­­րու, թռչնազ­­գի­­­ներու, մի­­ջատ­­նե­­­րու, բան­­ջա­­­րեղէն­­նե­­­րու, պտուղնե­­րու, ըն­­դե­­­ղէն­­նե­­­րու, հա­­մեմ­­նե­­­րու անո­­ւանումնե­­րը իրենց փո­­խադարձ իմաստնե­­րով կը ճո­­խաց­­նեն այս գիր­­քը։

Տա­­կաւին տեղ գտած են ծա­­ռերն ու ծա­­ղիկ­­նե­­­րը, ար­­հեստնե­­րը, ար­­հեստա­­ւոր­­նե­­­րը, երկրա­­չափա­­կան եզ­­րե­­­րը, մա­­մին­­նե­­­րը, եր­­կայնու­­թեան, ծան­­րութեան, պա­­րու­­նա­­­կու­­թեան, ծա­­ւալի եւ մա­­կերե­­սի չա­­փերը, աստղա­­գիտու­­թիւնը, մո­­լորակ­­նե­­­րը, աշ­­խարհագ­­րա­­­կան ծա­­նօթու­­թիւննե­­րը, մե­­տաղ­­ներ, գո­­հարե­­ղէն­­ներ, գոյ­­ներ, տա­­րուայ եղա­­նակ­­նե­­­րը, ամիս­­նե­­­րը եւ շաբ­­թո­­­ւայ օրե­­րը մին­­չեւ իսկ եր­­կիրնե­­րու եւ քա­­ղաք­­նե­­­րու ընդհա­­նուր ցու­­ցակ մը։

Իս­­կա­­­պէս հե­­տաքրքրա­­կան աշ­­խա­­­տու­­թիւն մըն է այս, որ իր կար­­գին կը թե­­լադ­­րէ բա­­ռաշի­­նու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ խնդիր­­ներ։ Կան բա­­զում հար­­ցա­­­կան կէ­­տեր, որոնց կար­­գին ձու­­կե­­­րու անուննե­­րը։ Այս ցու­­ցա­­­կին մէջ կը տա­­րուինք ակա­­մայ մտա­­ծելու թէ որ­­քան տե­­ղին է այս անո­­ւանումնե­­րը, եթէ անոնք ընդհան­­րա­­­պէս ներշնչո­­ւած են թրքե­­րէն անո­­ւանումնե­­րէն։ Օրի­­նակի հա­­մար որ­­քա­­­նով տե­­ղին է ծի­­ծեռ­­նա­­­ձուկ կո­­չու­­մը թրքե­­րէնով ծա­­նօթ «քըր­­լանկըչ պա­­լըղը»ի փո­­խարէն։ Յայտնի է, որ թրքե­­րէնի բա­­ռաշի­­նու­­թեան պա­­հուն նկա­­տի առ­­նո­­­ւած է այս ձկան պո­­չի ձե­­ւը, որ պի­­տի յի­­շեց­­նէ ծի­­ծեռ­­նա­­­կի պո­­չը։ Ու­­րեմն կրնանք պնդել թէ այստեղ բա­­ռաշի­­նու­­թեան ներշնչու­­մը կու գայ թրքե­­րէնի լե­­զուամ­­տա­­­ծողու­­թե­­­նէն։

Նոյն օրի­­նակ­­նե­­­րը կա­­րելի է շա­­րու­­նա­­­կել թրա­­ձու­­կով կամ լե­­զուա­­ձու­­կով, նոյնպէս կա­­տուա­­ձու­­կով։

Ամէն պա­­րագա­­յի լե­­զուա­­կան տա­­րակար­­ծութիւննե­­րը ընդհան­­րա­­­պէս իրենց լու­­ծումնե­­րը կը գտնեն ժո­­ղովուրդի գոր­­ծա­­­ծու­­թեան մէջ։ Հա­­սարա­­կու­­թիւնն –է, որ կը ճշդէ ստեղ­­ծո­­­ւած բա­­ռի մը գործնա­­կանու­­թիւնը։ Այս նոյն անուննե­­րը ու­­րիշ լե­­զուի մը հետ բաղ­­դա­­­տելով հա­­յերէ­­նի վե­­րածե­­լը թե­­րեւս ալ բո­­լորո­­վին տար­­բեր պատ­­կեր մը կրնայ գո­­յաց­­նել։ Եւ եթէ խնդրոյ առար­­կան ձու­­կերն են, թե­­րեւս աւե­­լի տե­­ղին պի­­տի ըլ­­լար պատ­­շա­­­ճեցումնե­­րու հա­­մար փո­­խանակ թրքե­­րէնի, դի­­մել շատ աւե­­լի հա­­րազատ կեր­­պով յու­­նա­­­րէնի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ