Ապտուրրահման Կէօք Ազատ արձակուած

Քիւրտ լրագրող Ապտուրրահման Կէօք սոյն տարուայ Ապրիլ ամսուն 127 այլ անուննե­րու հետ բեր­ման են­թարկո­ւած ու ապա ձեր­բա­կալո­ւած էր։ Ան կը մե­ղադ­րո­ւէր ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութեան քա­րոզ­չութիւ­նով։ Մե­ղադ­րանք մը՝ որ յա­ճախ կ՚ուղղո­ւի կա­ռավա­րու­թեան հա­մար ան­բաղձա­լի բո­լոր լրագ­րողնե­րուն։ Տի­յար­պէ­քիրի բան­տէն դուրս ել­լա­լու պա­հուն զինք դի­մաւո­րող­նե­րուն ըսաւ հե­տեւեալը. «Ամե­նաշատ իրո­ղու­թե­նէն է որ կը վախ­նան։ Իրո­ղու­թիւնը իրենց վեր­ջը պի­տի բե­րէ»։

Այս ար­տա­յայ­տութիւ­նը իր իմաս­տը կը գտնէ 2017 թո­ւի 21 Մար­տին գոր­ծո­ւած ոճի­րով մը։ Այդ օր Տի­յար­պէ­քիրի մէջ Նեվ­րուզ կը տօ­նուէր եւ ոս­տի­կան­նե­րը Նեվ­րուզի հրա­պարա­կին վրայ սպան­նած էին 22 ամեայ հա­մալ­սա­րանա­կան մը՝ երաժշտա­նոցի ու­սա­նող Քե­մալ Քուրքու­թը։ Տի­յար­պէ­քիրի կու­սա­կալը իս­կոյն յայ­տա­րարեց թէ ոս­տի­կան­նե­րը չէ­զոքա­ցու­ցած են մա­հապարտ մը, որ կը պատ­րաստո­ւէր ինքզինք պայ­թեցնել բազ­մութեան մէջ։ Շատ կար­ճա­տեւ եղաւ կու­սա­կալի այս սու­տը, քա­նի որ Ապ­տուրրահ­ման Կէօք յստա­կօրէն լու­սանկա­րած էր ոճի­րի պա­հը։ Այնտեղ կը տես­նո­ւէր թէ ոս­տի­կան­նե­րու զինք սպան­նած պա­հուն մէջ­քէն վեր մերկ էր։ Այդ իրո­ղու­թիւնը յայտնա­բերե­լը բա­ւական փոր­ձանքա­բեր եղաւ Ապ­տուլրահ­ման Կէօքի հա­մար։ Ան թէեւ իր այդ լու­սանկա­րով նո­ւաճեց Մե­թին Կէօք­թե­փէյի անո­ւան ֆօ­թօժուր­նա­լիզմի մրցա­նակը եւ մի շարք այլ պար­գեւներ, բայց նոյն պա­հուն ար­ժա­նացաւ նաեւ ոս­տի­կանու­թեան եւ առ­հա­սարակ պե­տու­թեան նշա­ւակին։ Այս դէպ­քէն ետք ան բա­զում ան­գամներ բեր­ման են­թարկուեցաւ եւ ձեր­բա­կալուեցաւ։ Դա­տուե­ցաւ նոյն ան­հիմն մե­ղադ­րանքով եւ բա­զում ան­գամներ անար­դար պա­տիժ­նե­րու մատ­նո­ւեցաւ։Հետզհե­տէ հեր­թա­կան դար­ձած այդ պա­տիժ­նե­րու վեր­ջի­նը 8 ամիս­նե­րու ազա­տազրկումն էր։

Երե­ւոյ­թը ազատ լրագ­րո­ղու­թեան բնա­կան հե­տեւանքն է։ Ինչ լաւ է որ բռնա­կալ պե­տու­թեան ճնշող ու­ժը ան­զօր կը մնայ Ապ­տուրրահ­ման Կէօքի նման ուխտա­ւոր լրագ­րողնե­րու դի­մաց, քա­նի որ ան առանց վա­րանու­մի պի­տի շա­րու­նա­կէ իր աշ­խա­տան­քը, որ ինչպէս ըսած է բան­տէն դուրս գա­լու պա­հուն. «Ամե­նաշատ իրո­ղու­թե­նէն կը վախ­նան եւ իրո­ղու­թիւնը իրենց վեր­ջը պի­տի բերէ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ