Օկիւն Սամասթ տեսալսողական կապով մասնակցեցաւ

Ինչպէս նա­խապէս ալ հա­ղոր­դած էինք Հրանդ Տին­քի ոճ­րա­գործ Օկիւն Սա­մասթ 16 տա­րի, 10 ամիս բան­տարկու­թե­նէ յե­տոյ շա­բաթ­ներ առաջ ազատ ար­ձա­կուած էր Պո­լուի ար­գե­լանո­ցէն։

Այդ ազատ ար­ձա­կու­մէն եր­կու օր վերջ նոր դատ մը յա­րու­ցո­ւեցաւ իր դէմ։ Ան այս ան­գամ կը մե­ղադ­րո­ւէր զի­նեալ ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութեան ան­դամ չըլ­լա­լով հան­դերձ, այդ կազ­մա­կեր­պութեան հա­մար յան­ցանք գոր­ծե­լով։ Ապա դա­տական ատեան­նե­րը որո­շեցին այս հար­ցաքննու­թիւնը միաց­նել նոյն մե­ղադ­րանքով 11 ամ­բաստա­նեալ­նե­րու դա­տուած եւ ար­դէն շա­րու­նա­կուող դա­տավա­րու­թեան հետ։

6 Դեկ­տեմբե­րին կը սպա­սուէր թէ Օկիւն Սա­մասթ ներ­կայ պի­տի գտնո­ւի Չաղ­լա­յանի 14-րդ Եղեռ­նա­դատ ատեանի սրա­հին մէջ կա­յանա­լիք դա­տավա­րու­թեան։ Սա­կայն շու­տով պար­զո­ւեցաւ թէ Սա­մասթ դա­տական նիս­տին պի­տի մաս­նակցի Տրա­պիզո­նի Աք­չաա­պատ գա­ւառի դա­տարա­նէն տե­սալ­սո­ղական կա­պով։

Դա­տական նիս­տի ըն­թացքին Սա­մաս­թի իրա­ւապաշտպան­նե­րը պատ­ճա­ռաբա­նելով ժա­մանա­կի ան­բա­ւարա­րու­թիւնը պա­հան­ջե­ցին, որ դա­տական նիս­տը յե­տաձ­գո­ւի աւե­լի ուշ թո­ւակա­նի մը։

Խնդրի էական կի­զակէ­տը կը շա­րու­նա­կէ մնալ այս ոճի­րի պա­տուի­րատու­նե­րու բա­ցայայտման վրայ։ Յայտնի է որ այս նոր իրա­ւական գոր­ծընթացն ալ դա­տապար­տո­ւած է ոճի­րի պա­տուի­րատու­նե­րը յայտնա­բերե­լու առու­մով ապար­դիւն մնա­լու։

Դա­տարա­նի միակ ձեռքբե­րու­մը պի­տի ըլ­լայ այս ոճի­րը ֆե­թուլլա­հական­նե­րու վե­րագրելը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ