Աճեմօղլու՝ «Չենք կրնար յուսահատիլ»

Աշխարհահռչակ տնտե­սագէտ Փրոֆ. Տա­րօն Աճե­մօղ­­լո­­­ւի տնտե­­սական տե­­սու­­թիւննե­­րը մեծ ու­­շադրու­­թեամբ կը քննար­­կո­­­ւին ինչպէս ամ­­բողջ աշ­­խարհի, նաեւ Թուրքիոյ տնտե­­սա-քա­­ղաքա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու մէջ։ Աճե­­մօղ­­լու իր պաշ­­տօ­­­նակ­­ցին Սայ­­մըն Ճան­­սը­­­նի հետ միաս­­նա­­­բար հե­­ղինա­­կած գիր­­քի թրքե­­րէն հրա­­տարա­­կու­­թեան առ­­թիւ այ­­ցե­­­լած է քա­­ղաքս։ Այս առ­­թիւ խումբ մը լրագ­­րողներ յա­­տուկ հան­­դի­­­պում մը ու­­նե­­­ցանք, ար­­ժէ­­­քաւոր գի­­տնականին հետ եւ իր ելոյ­­թը լսե­­լէ ետք առիթ ու­­նե­­­ցանք նաեւ զա­­նազան հար­­ցումներ ուղղե­­լու։

Գիր­­քի բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւնը հիմ­­նա­­­կանին կը քննար­­կէ ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թեան պար­­տադրած նոր մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րը։

Հե­­ղինակ­­նե­­­րը կը յայտնեն թէ ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թեան ընձե­­ռած կա­­րողու­­թիւննե­­րէն կ՚օգ­­տո­­­ւին բռնա­­կալ պե­­տու­­թիւննե­­րը եւ հա­­մաշ­­խարհայ­­նա­­­ցած ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րը։

Անոնք ընդհան­­րա­­­պէս ազա­­տու­­թիւննե­­րը եւ տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու փո­­խանա­­կու­­մը սահ­­մա­­­նափա­­կելու կամ հսկե­­լու հա­­մար կ՚օգ­­տո­­­ւին այս դրու­­թե­­­նէն։

Սա­­կայն վեր­­ջին հա­­շուով այս գիւ­­տի շա­­հագործման եղա­­նակ­­նե­­­րը մարդկու­­թիւնն է, որ պի­­տի որո­­շէ։

Աճե­­մօղ­­լո­­­ւի հա­­մաձայն յոյ­­սը ան­­բա­­­ւարար է, բայց պէտք է լա­­ւատես ըլ­­լալ։ Ան նաեւ անդրա­­դար­­ձաւ Թուրքիոյ տնտե­­սական դրու­­թեան։ Աճե­­մօղ­­լո­­­ւի հա­­մաձայն Թուրքիոյ տնտե­­սու­­թիւնը վե­­րականգնե­­լու հա­­մար գնա­­ճը վե­­րաց­­նե­­­լը բա­­ւարար չէ։ Երկրի տնտե­­սու­­թիւնը կար­­գա­­­ւորե­­լու հա­­մար ար­­դիւնա­­բերու­­թիւնը կա­­րեւո­­րագոյն գոր­­ծօնն է։

Մեր առա­­ջին հար­­ցումը եղաւ նո­­ւազա­­գոյն աշ­­խա­­­տավար­­ձի մա­­սին սա­­կար­­կութիւննե­­րը, քա­­նի որ այդ աշ­­խա­­­տավար­­ձը երկրի բնակ­­չութեան հա­­մարեա կէ­­սի միակ շա­­հոյթն է։

«Այս նիւ­­թին մէջ եր­­կու խնդիր ու­­նինք։ Առա­­ջինը ընդհա­­նուր հա­­սոյ­­թի բաշխման առու­­մով նո­­ւազա­­գոյն աշ­­խա­­­տավարձքը շատ բարձր է։ Բայց շու­­կա­­­յի իրա­­կանու­­թեան մէջ, այդ նոյն աշ­­խա­­­տավար­­ձը խիստ նո­­ւազ։ Պատ­­ճա­­­ռը պարզ է՝ Թուրքիոյ մէջ ճար­­տա­­­րագի­­տական հա­­մակար­­գը ար­­դիւնա­­բեր չէ։ Այս ալ իր կար­­գին պատ­­ճառներ ու­­նի։ Քա­­նի որ ճշգրիտ չէք շա­­հագոր­­ծեր ար­­դի թեք­­նիկնե­­րը, ներդրումներ չէք ըներ այդ դրու­­թիւննե­­րը զար­­գացնե­­լու հա­­մար, կրթա­­կան հա­­մակար­­գի թե­­րացումնե­­րով չէք կրնար ար­­ժա­­­նի կեր­­պով օգ­­տո­­­ւիլ մարդկա­­յին ու­ժէն»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ