Երուսաղէմի եկեղեցիները համախմբուած են յանուն խաղաղութեան

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան կայ­քէ­ջի լրա­տուու­թեամբ եր­կուշաբ­թի, 18 Դեկ­տեմբեր, 2023-ին, Երու­սա­ղէմի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նշա­նակա­լից հան­դի­պում մը, որու ըն­թացքին Երու­սա­ղէմի պատ­րիար­քները եւ հո­գեւոր պե­տերը, դես­պաննե­րը, գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս­նե­րը եւ դի­ւանա­գիտա­կան առա­քելու­թեանց ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը հա­ւաքո­ւած էին քննար­կե­լու Կա­զայի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող պա­տերազ­մին, Երու­սա­ղէմի մէջ ծա­ռացած մար­տահրա­ւէր­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս Սուրբ Ծննդեան տօ­ներուն վե­րաբե­րող հրա­տապ հար­ցեր։ Երու­սա­ղէմի Հա­յոց Պատ­րիար­քութեան կող­մէ ժո­ղովին ներ­կայ էր Դի­ւանա­պետ՝ Հո­գեշ­նորհ Տ. Աղան Աբե­ղայ Գոգ­չեան։

Ժո­ղովը բա­ցաւ Յու­նաց Ամե­նեապա­տիւ Տ. Թէոֆի­լոս III Պատ­րիարք Սրբա­զան Հայ­րը յոյ­սի եւ հո­գեւոր նշա­նակու­թեան պատ­գա­մով՝ վկա­յակո­չելով Սուրբ Յով­հաննէս Աւա­տերան­չի խօս­քը, ապա կոչ ուղղեց կող­մե­րուն զի­նադա­դար հաս­տա­տել Կա­զայի մէջ։

Ան­հանգստու­թիւն յայտնե­լով Սուրբ Երկրի մէջ Քրիս­տո­նեանե­րու առ­ջեւ ծա­ռացած մար­տահրա­ւէր­նե­րու, յատ­կա­պէս հրեայ ծայ­րա­յեղա­կան խումբե­րու հա­մակար­գո­ւած յար­ձա­կումնե­րու վե­րաբե­րեալ, հո­գեւոր պե­տերը կոչ ըրին պահ­պա­նել Երու­սա­ղէմի բազ­մամշա­կոյթ, բազ­մազգի եւ բազ­մակրօն կար­գա­վիճա­կը եւ ընդգծե­ցին քրիս­տո­նէական թա­ղամա­սերու ապա­հով եւ ան­կո­րուստ պահ­պանման կա­րեւո­րու­թիւնը։

Քննար­կումի առանցքա­յին կէ­տերէն էր Սուրբ Ծննդեան միաս­նա­կան ու­ղերձի ձե­ւակեր­պումն ու հաս­տա­տու­մը։ Հո­գեւոր պե­տերը խորհրդակ­ցա­բար ձե­ւակեր­պած են յոյս, խա­ղաղու­թիւն եւ հո­գեւոր միաս­նութիւն ար­տա­յայ­տող ու­ղերձ մը՝ նպա­տակ ու­նե­նալով միաս­նա­կանու­թիւն հա­ղոր­դել գա­լիք Սուրբ Ծննդեան տօ­նակա­տարու­թիւննե­րուն։

Հո­գեւոր պե­տերը Իս­րա­յէլի նա­խագա­հին միասին հան­դի­պելու կա­րեւոր որո­շում առին, որուն նպա­տակն է լրջօ­րէն կրկնել Կա­զայի մէջ հրա­դադա­րի ան­յա­պաղ գոր­ծադրման իրենց խնդրան­քը եւ փո­թոր­կա­լից իրա­վիճա­կի այս պայ­մաննե­րու տակ խա­ղաղու­թիւն վե­րահաս­տա­տել։

Հասկնա­լով Կա­զայի մէջ օրէ­ցօր աճող քա­ղաքա­ցիական զո­հերու տխուր իրա­կանու­թիւնը՝ հո­գեւոր պե­տերը հա­մաձայ­նե­ցան պահ­պա­նել փո­խադարձ շնոր­հա­ւորա­կան այ­ցե­լու­թիւննե­րու աւան­դոյթը աւե­լի զուսպ եւ հա­մեստ ձե­ւով։ Այս որո­շու­մը կ’ար­տա­յայ­տէ քրիս­տո­նէական եկե­ղեցի­ներու դիր­քո­րոշու­մը. մեղ­մել տօ­նական մի­ջոցա­ռումնե­րը՝ սգա­լով բո­լոր կո­րուստնե­րու հա­մար։

Մեծ ակ­նա­ծան­քով քննար­կո­ւեցաւ նաեւ Բերթղե­հէմի մէջ Սուրբ Ծննդեան տօ­նակա­տարու­թիւննե­րու եւ հո­գեւոր պե­տերու մե­ծահան­դէս եր­թը հա­ւատա­ցելա­ներու հետ միասին դէ­պի Սուրբ Ծննդեան տա­ճար։ Յատ­կանշա­կան կէ­տը հա­գեւոր պե­տերու խնդրանքն էր Իս­րա­յէլի կա­ռավա­րու­թեանը՝ ար­տօ­նել հո­գեւոր պե­տերուն եւ հո­գեւո­րական­նե­րուն մուտքը Ռա­քէլի գե­րեզ­մա­նի ան­ցա­կէտէն, իսկ հա­ւատա­ցեալ աշ­խարհա­կան­նե­րու հա­մար բա­նալ Իս­րա­յէլի եւ Բեթ­ղե­հէմի ան­ցա­կէտը (300 կո­չուող դար­պա­սը)։

Անդրա­դարձ եղաւ նաեւ եկե­ղեցա­պատ­կան գոյ­քի վրայ իս­րա­յէլա­կան կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ անօ­րէն կեր­պով պա­հան­ջո­ւող հար­կե­րու հար­ցին։

Ի պա­տաս­խան՝ Յոր­դա­նանի, ԵՄ-ի, Եգիպ­տո­սի եւ Ֆրան­սա­յի դի­ւանա­գիտա­կան ներ­կա­յացու­ցիչներն իրենց աջակ­ցութիւ­նը յայտնե­ցին։

Անդրա­դարձ եղաւ նաեւ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի՝ «Կո­վերու պար­տէզ»-ին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցող վեր­ջին դէպ­քերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ