Փրկչի Ծնունդը Շնորհաւոր

Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի էական բա­զում նիւ­թե­րու մէջ միակ ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւնն է Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան Կու­­սակցու­­թիւնը։ Այս կու­­սակցու­­թիւնը իր այդ յատ­­կութեան հե­­տեւան­­քով հիմ­­նադրու­­թե­­­նէն այս կողմ կ՚են­­թարկո­­ւի բազ­­մաբնոյթ հա­­լածանքնե­­րու։ Այժմ ան կը դի­­մագ­­րա­­­ւէ ար­­գիլման մար­­տահրա­­ւէր մը։ Նոյն պատ­­ճա­­­ռաւ կու­­սակցու­­թիւնը վեր­­ջին ընտրու­­թիւննե­­րուն մաս­­նակցե­­ցաւ Կա­­նանչ Ձախ Կու­­սակցու­­թիւն անու­­նով։ Աւե­­լի վերջ գու­­մա­­­րած ընդհա­­նուր ժո­­ղովով կու­­սակցու­­թիւնը որ­­դեգրեց Ժո­­ղովուրդնե­­րու Հա­­ւասա­­րու­­թեան եւ Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան Կու­­սակցու­­թիւն անո­­ւանու­­մը, որ կրճա­­տուած էր «ՀԵ­­ՏԵՓ» ըլ­­լա­­­լով։ Սա­­կայն այս կրճա­­տու­­մին դէմ ալ առար­­կութիւններ եղան եւ վեր­­ջա­­­պէս այ­­սօր կու­­սակցու­­թիւնը որ­­դեգրեց «ՏԵՄ» կրճա­­տու­­մը։

Այ­­սօր Խորհրդա­­րանի միակ քրիս­­տո­­­նեայ երես­­փո­­­խանն է այդ կու­­սակցու­­թեան շար­­քե­­­րէն Մար­­տի­­­նի պատ­­գա­­­մաւոր Ճորճ Աս­­լան։ Ան վեր­­ջերս Խորհրդա­­րանի ամ­­պիոնէն իր ու­­նե­­­ցած ելոյ­­թը աւար­­տե­­­լէ ետք, օրո­­ւայ ժո­­ղովա­­վարէն խնդրեց յա­­ւելեալ եր­­կու վայրկեան, որ­­պէսզի իր մայ­­րե­­­նիով շնոր­­հա­­­ւորէ Սուրբ Ծննդեան Տօ­­նը։ Այդ օր Խորհրդա­­րանի Ժո­­ղովա­­վարն էր Սըր­­րը Սիւ­­րէյյա Էօն­­տէր։ Ան սի­­րով ըն­­դա­­­ռաջեց այս պա­­հան­­ջին եւ ապա Ճորճ Աս­­լան սկսաւ ասո­­րերէն նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րով շնոր­­հա­­­ւորել քրիս­­տո­­­նէից Սուրբ Ծննդեան Տօ­­նը։

Իս­­կոյն լսո­ւեցան բո­ղոքի ձայ­ներ, յատ­կա­պէս ազ­գայնա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու եւ մա­նաւանդ ալ «ԻՅԻ» կու­սակցու­թեան շար­քե­րէն։ «Երկրի պաշ­տօ­նական լե­զուն թրքե­րէն է, այս ամ­պիոնէն միայն թրքե­րէնով կրնաք խօ­սիլ» կը պո­ռար պատ­գա­մաւոր Լիւթֆիւ Թիւրքքան։ Ու­րիշներ եւս կը ձայ­նակցէին այդ պոռթկու­մին։ Այս բո­ղոք­նե­րու վրայ Ճորճ Աս­լան յի­շեցուց, որ այս երկրի վրայ իրենց գո­յու­թիւնը բազ­մա­հազար տա­րինե­րու պատ­մութիւն մը ու­նի եւ ըն­դա­մէնը հա­զար տա­րի է, որ հոս եկած ցե­ղի մը այս դի­տողու­թիւնը անի­մաստ է։ «Մենք ու­րիշ մո­լորա­կէ մը եկած չենք։ Այս մեր եր­կիրն է, մեր հայ­րե­նիքը եւ մենք պի­տի յա­մառինք մեր երկրի վրայ մեր լե­զուն գոր­ծա­ծելու» ըսաւ Ճորճ Աս­լան։

Մինչ այդ բո­ղոքող­նե­րը շփոթ կը յայտնեն ըսե­լով թէ «Ինչպէս վստահ կրնան ըլ­լալ, որ ան ծնունդ շնոր­հա­ւորեց եւ ու­րիշ բան մը չը­սաւ»։ Ապա իրենց թի­րախ դար­ձուցին ժո­ղովա­վար Սըր­րը Սիւ­րէյյա Էօն­տէ­րը, որ չէ մի­ջամ­տած օտար լե­զուով ելոյ­թի։ Այս յար­ձա­կումնե­րուն դի­մաց Սըր­րը Սիւ­րէյյա Էօն­տէր յի­շեցուց, որ ինք նա­խապէս այս ամ­պիոնէն «Քու­րան»ի հա­տուած­նե­րէն մէ­կը՝ «Պա­քարա»ի բա­ժինը ըն­թերցած է։ «Այդ ժա­մանակ ալ բառ մը իսկ չէիք հասկցած, բայց չէիք առար­կած ալ։ Որպէս ժո­ղովա­վար նոյ­նիսկ գլուխս կտրէք ես ար­գելք չեմ ըլ­լար մէ­կու մը մայ­րե­նիովը խօ­սելուն»։

Այս խիստ ու­շագրաւ բա­նավէ­ճը մեծ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացաւ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ, տե­ղի տա­լով թե­րու­դէմ կար­ծիքներու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ