Յարութիւն Վրդ. Պատրիարք Հօր նուիրեց իր գիրքը

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, 20 Դեկ­տեմբեր 2023, Չո­րեք­շաբթի, Պատ­րիար­քա­րանի մէջ ըն­դունեց Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եկե­ղեցեաց քա­րոզիչ եւ Իշ­խա­նաց Կղզեաց հո­գեւոր հո­վիւ Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեանը։

Հայր սուրբը, սոյն այ­ցե­լու­թեամբ վեր­ջերս Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միած­նի հրա­տարակ­չա­տու­նէն լոյս տե­սած իր գրքին առա­ջին օրի­նակը յանձնեց Պատ­րիարք հօր։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց Վե­հափառ Հայ­րա­պետի օրհնու­թեամբ հրա­տարա­կուած «Կ.Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քութեան Վա­նական-Դպրե­վանա­կան Կեան­քը» խո­րագ­րեալ աշ­խա­տասի­րու­թիւնը վար­դա­պետա­կան աւար­տա­ճառն է հայր սուրբին, որուն մէջ կը ներ­կա­յացո­ւի Պոլ­սոյ աթո­ռի վա­նական եւ դպրե­վանա­կան աւան­դութիւ­նը։ Հայր սուրբը, յայտնեց, թէ սոյն աշ­խա­տու­թեան առ­թիւ յա­տուկ երախ­տի­քի պարտք կը զգայ ազ­գիս Վե­հափառ հայ­րա­պատին եւ Պատ­րիարք հօր։ Այս առ­թիւ մաղ­թեց, որ սոյն աշ­խա­տասի­րու­թիւնը ու­նե­նայ իր դրա­կան ներդրու­մը։

Պատ­րիարք հայ­րը առա­ջին հեր­թին շնոր­հա­ւորեց Յա­րու­թիւն Վար­դա­պետին աւար­տա­ճառին հրա­տարա­կու­թիւնը Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միած­նէ ներս, բան մը որ պա­տուա­բեր պէտք է հա­մարո­ւէր։ Գնա­հատեց նաեւ այս ուղղու­թեամբ կա­տարո­ւած աշ­խա­տու­թիւնը եւ հայր սուրբին մաղ­թեց նո­րանոր նո­ւաճումներ հայ եկե­ղեց­ւոյ ան­դաստա­նէն ներս։

Հայր սուրբը սոյն աշ­խա­տասի­րու­թիւնը Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միած­նի մէջ ներ­կա­յաց­նե­լով 2022-ին Օշա­կանի մէջ ստա­ցած էր վար­դա­պետա­կան գա­ւազան։ Աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ յա­տուկ տեղ կը գրա­ւեն Մայր Դպրա­տու­նը, Ար­մա­շու Դպրե­վան­քը, Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ Դպրե­վան­քը, Գալ­ֆաեան Ուխտի Միաբա­նու­թիւնն ու Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ Եկե­ղեցին։ Ան ձօ­նուած է Կ.Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան աթո­ռի պատ­րիարքնե­րուն՝ Յով­հաննէս Կո­լոտ Բա­ղիշե­ցիէն մին­չեւ Սա­հակ Բ. Պոլ­սե­ցիին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ