Մայեստրօ Յովհաննէս Չեքիճեանը 95 տարեկան է

ԽՍՀՄ եւ ՀԽՍՀ ժողովրդական արդիստ, ԽՍՀՄ եւ ՀԽՍՀ պետական մրցանակներու դափնեկիր, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փրոֆէօսոր, ԽՍՀՄ «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» շքանշանակիր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալակիր, Մովսէս Խորենացու մետալակիր, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» մետալակիր, Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսի «Ոսկէ խաչ»ի, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանակիր, Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկէ շքանշանակիր, «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի շքանշանակիր, Հայաստանի ազգային հերոս, Յովհաննէս Չեքիճեանը 95 տարեկան է։ Այդ առթիւ Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է մայեստրոյի հետ։

ԶՐՈՒՑԵՑ՝ ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Սկսինք սկզբէն. Պո­լիս. ամե­նատ­պա­ւորիչ յու­շը

Ամե­նատ­պա­ւորիչ յու­շը կա­պուած է հօրս ըն­կերնե­րու հետ, որոնք եղած են Կո­միտա­սի սա­ները, ինչպէս նաեւ երգչա­խումբի ան­դամնե­րը։ Յա­ճախա­կի կը հա­ւաքո­ւէին մեր տու­նը եւ կ՚եր­գէին Կո­միտա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը։ Գի­տէ՞ք՝ Կո­միտաս Վար­դա­պետը մեր տան հիւ­րը եղած է 14 գի­շերով։

Պոլ­սոյ երաժշտա­նոցի տա­րինե­րը

Գրե­թէ ամէն ինչ կը յի­շեմ։ Երի­տասարդ տա­րիներս այնտեղ ան­ցած են։ Դա­սախօս­ներս եւ­րո­պացի­ներ էին։ Դա­սական երաժշտու­թե­նէ բա­ցի ոչինչ կար Պոլ­սոյ երաժշտա­նոցի մէջ։ Լաւ ու­սուցիչ­ներ ու­նե­ցած եմ։ Ես իրենց լա­ւագոյն ու­սա­նող­նե­րէն էի, եթէ ոչ ամե­նալա­ւը, որով­հե­տեւ միշտ առա­ջադէմ եղած եմ, ու ինձ շատ սի­րած են իմ դա­սախօս­նե­րը (կը ժպտի):

Մա­յեստրօ, երաժշտու­թիւնը ծի՞նն է, թէ՞…

Հայրս (Յա­րու­թիւն Չե­քիճեան) Կո­միտա­սի սա­ներէն եղած է։ Շատ երաժշտա­կան մարդ էր. ջու­թակ կը նո­ւագէր, իսկ մայրս (Պեր­ճուհի Չե­քիճեան)՝ դաշ­նա­մուր։ Տի­ւեթը ան­պա­կաս էր մեր տու­նէն։ Գի­տէ՞ք՝ երաժշտու­թեան մէջ երանգներ կան, որ նօ­տանե­րու մէջ գրո­ւած չեն։ Հնա­րաւոր չէ անոնք գրել։ Իմը Կո­միտասն է։ Ինչպէս ար­դէն ըսի՝ երբ փոքր էի մեր տու­նը յա­ճախա­կի Կո­միտաս կը հնչէր։ Մին­չեւ հի­մա կը յի­շեմ։

Ձեր ու­սուցի­չը մաս­նա­գիտու­թեան մէջ

Իմ ու­սուցի­չը կը հա­մարեմ Ժան Ֆուրնէին, ով եղած է Փա­րիզի օփե­րային թատ­րո­նի գլխա­ւոր դի­րիժո­րը։ Ան դա­սաւան­դած է ինձ՝ սոր­վեցնե­լով այս գոր­ծի այսպէս ըսած խո­հանո­ցը։ Հե­տաքրքիր սո­վորու­թիւն ու­նէր՝ թե­ւերը ծա­լած կը կանգնէր թրոմ­պոննե­րու մօտ եւ հա­մակ ու­շադրու­թեամբ կը նա­յէր ու կը լսէր։ Մի օր, երբ չափ կու տա­յի, մօ­տեցաւ, ձեռ­քէս վեր­ցուց ցու­պը եւ ըսաւ. «Նա­յի՛ր, այս ֆրա­զան այսպէս ցոյց տո­ւիր՝ այսպէս ստա­ցար, այլ կերպ ցոյց տա­յիր՝ այլ կերպ կը ստա­նայիր»։ Այնպի­սի բա­ներ սոր­վո­ւած եմ Ֆուրնէէն, որ ոչ մի գրա­կանու­թեան մէջ չես կար­դար։ Ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը այնպի­սի խո­րու­թեամբ պի­տի ու­սումնա­սիրես, որ անոր հա­մահե­ղինա­կը, մեկ­նա­բանը դառ­նաս։ Նո­տանե­րը կողք կող­քի շա­րելը ու կար­դա­լը միայն երաժշտու­թիւն չէ, պի­տի իմա­նաս՝ անոր խոր­քը ինչ կայ, պի­տի հասկնաս՝ օրի­նակ քոմ­փո­զիթո­րը, որ կեն­դա­նի չէ, ի՞նչ հո­գեբա­նու­թեամբ գրած է տո­ւեալ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը, որ աշ­խա­տես՝ այդ նոյն հո­գեբա­նու­թիւնը տալ բե­մը։ Իսկ սա հա­սարակ բան չէ։

1961 թո­ւակա­նին տե­ղափո­խուե­ցաք Հա­յաս­տան։ Դժո­ւար չէ՞ր Պոլ­սէ ետք խորհրդա­յին կար­գե­րու հետ առե­րեսո­ւիլը

Շատ դժո­ւար էր, որով­հե­տեւ ամէն ինչ խորթ էր ինձ հա­մար, ամէն ինչ քա­ղաքա­կանա­ցուած էր։ Ամե­նակա­րեւոր յան­գա­ման­քը այն էր, որ իմ ծննդա­վայ­րէն (Կ. Պո­լիս) ոչ ոք այստեղ չէր գար. եր­կա­թէ վա­րագոյր կար, ան­գամ թռչու­նը չէր անցներ։ Ես Մոս­կո­ւայի ճա­նապար­հով եկայ. Մոս­կո­ւան ին­ծի կան­չեց։ Այ­լա­պէս յոյսս կտրած էի, որ հայ­րե­նիք կը տես­նեմ։ Բայց նաեւ հեշտ չէր ռու­սե­րու հետ. լե­զու չգի­տէի։ Մոս­կո­ւան մռայլ էր, այ­սօ­րուայ պէս չէր։ Բայց ինձ հրա­ւիրած էին Մոս­կո­ւայի հա­մար, այլ ոչ Երե­ւանի: «Մոռ­ցի՛ր Երե­ւանը».- կտրուկ ըսին։ Որ­քան ալ փոր­ձե­ցին հա­մոզել, մէկ է՝ չհա­մոզո­ւեցի. հայ­րե­նիքը կը կան­չէր։

Մա­յեստրօ, յա­ջողու­թիւնը
բա­րեբախ­տութի՞ւն է, թէ
աշ­խա­տանք սե­փական ան­ձի նկատ­մամբ

Աշ­խա­տան­քը մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նի։ Առանց աշ­խա­տան­քի ոչ մի բա­նի չես հաս­նիր այս կեան­քին։ Մեծ աշ­խա­տանք ու­նե­ցայ այս խումբի հետ։ Հեշտ չէր այդքան խո­շոր եր­գա­ցան­կեր պատ­րաստել, լե­զու­ներ սոր­վիլ։ Բայց ինձ յա­ջողո­ւեց մի բան՝ այս խումբի մի­ջոցաւ կա­րողա­ցայ հայ ազ­գը ներ­կա­յաց­նել աշ­խարհին։ 873 հա­մերգ ու­նե­ցած եմ հայ­րե­նիքէն դուրս, կը պատ­կե­րաց­նէ՞ք։ Աշ­խարհի հինգ լա­ւագոյն նո­ւագախմբե­րէն մէ­կը ճանչցո­ւած Եւ­կե­նի Մռա­վինսկու հռչա­կաւոր նո­ւագա­խումբի հետ 40 հա­մերգ տո­ւած եմ, որ­մէ 37-ը՝ Լե­նինկրա­տի մէջ (Սանթ Փե­թերսպուրկ), 3-ը՝ Ռի­գա։ Ահա, այսպի­սի բա­րեբախ­տութիւն ու­նե­ցած եմ, բայց գի­տէ՞ք՝ հեշտ չէ, շատ աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք է։

Եր­բե­ւէ ու­նե­ցա՞ծ էք ցան­կութիւն թող­նել ամէն ինչ եւ զբա­ղիլ լրիւ այլ գոր­ծով. Եթէ այո, ապա՝…

Այդպի­սի պա­հեր եղած են, հա։ Հայրս շատ երաժշտա­կան մարդ էր, բայց չէր ու­զեր, որ ես երա­ժիշտ դառ­նամ։ Ան բո­լորո­վին ու­րիշ բան կ՚առա­ջար­կէր։ Հօրս խօս­քը ծանր էր, անոր մեր­ժել եր­բեք կա­րելի չէր։ Կ՚ու­զէր, որ ես քի­միկոս դառ­նամ։ Անոր հա­մար ինձ ու­ղարկեց Ֆրան­սա։ Քա­նի որ ես հօրս առա­ջար­կութիւ­նը չէի կրնար մեր­ժել՝ այդ դիպ­լո­մը ստա­ցայ։ Դար­ձայ քի­միկոս-ին­ժե­ներ կա­շուե­գոր­ծութեան գի­ծով։ Երաժշտու­թեան հետ ոչ մի կապ չու­նէր։ Մինչ օրս եր­բեմն կը զղջամ, որ չգա­ցի այդ ու­ղիով, այլ նա­խընտրե­ցի բե­մը… (մի քա­նի վայրկեան խոր­հեց) չնա­յած բե­մը իմն է։ Ճիշդ է դժո­ւար էր, բայց ե՛ս պի­տի ընէի այս գոր­ծը։

Ի՞նչ խոր­հուրդ կու տաք երի­տասարդ դի­րիժո­րին, ով կու գայ ձեր հետ­քե­րով… կամ ի՞նչ չէք ըրած, որ կը ցան­կա­նայիք ձեր ետե­ւէն գա­լող­նե­րը ընեն։

Իմ ու­սա­նող­նե­րուն միշտ սոր­վե­ցու­ցած եմ, որ ինձ չկապ­կեն։ Այ­սինքն, իմ շար­ժուձե­ւերը նոյ­նութեամբ չփոր­ձեն կրկնել, մէկ է՝ չի ստա­ցուիր։ Ես կը պատ­րաստեմ երա­ժիշտ, ոչ թէ չափ տո­ւող։ Ամէն երա­ժիշտ չէ, որ կրնայ ցու­պը ձեռ­քը առ­նէ։ Աս ալ այլ հարց է։ Միշտ ու­զած եմ լաւ օրի­նակ դառ­նալ իմ ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար։ Իմ ու­սուցի­չը՝ Ժան Ֆուրնեն կ՚ըսէր, որ դի­րիժո­րի ձեռ­քե­րը վե­ցերոր­դա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նին, պի­տի աչ­քե­րով հասկցնել՝ ինչ կ՚ու­զես։ Խոր­հուրդս չկրկնօ­րինա­կել է, որով­հե­տեւ այդ կա­պիկու­թիւն կ՚ըլ­լայ: Իսկ կրկնօ­րինա­կը անար­ժէք է։

Կա՞յ Հա­յաս­տան այնպի­սի մի վայր, որ­տեղ կը սի­րէք ըլ­լալ, երբ ցան­կա­նաք մի­նակ մնալ

Ես եր­բեք չեմ ու­զեր մի­նակ մնալ։ Երբ կինս մա­հացաւ, հասկցայ, որ մի­նակու­թիւնը դառն բան է։ Յատ­կա­պէս տղա­մար­դը, որ մի­նակ պի­տի ապ­րի, սոս­կա­լի է։ Այնպէս որ՝ մի­նակու­թիւն չեմ սի­րեր։ Լաւ բան չէ։

Ձեր պար­գեւնե­րը ու կո­չումնե­րը մե­ծաթիւ են…ո՞րոնք կը կա­րեւո­րէք ամե­նաշատ։

Ամե­նաշատ, ի հար­կէ, կը կա­րեւո­րեմ «Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հե­րոս»ի կո­չու­մը։ Որով­հե­տեւ ան­կէ բարձր կո­չում չկայ մեր երկրի մէջ։ Բայց ես Հա­յաս­տա­նէն դուրս շատ կո­չումներ ստա­ցած եմ։ Այժմ աշ­խարհի միակ հայ մարդն եմ, որ ու­նիմ «ԽՍՀՄ ժո­ղովրդա­կան ար­թիստ»-ի կո­չում։ Երկրոր­դը չկայ։ Սա­կայն թան­կա­գինը ինձ հա­մար, ԽՍՀՄ պե­տական մրցա­նակն է։

2017-ին ար­ժա­նացաք հայ իրա­կանու­թեան թե­րեւս ամե­նաբարձր կոչ­ման՝
Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հե­րոս էք։ Ի՞նչ փո­խուե­ցաւ ձեր կեան­քի մէջ ան­կէ ետք։

Ոչինչ չփո­խուե­ցաւ։ Նոյն կեանքն է։ Չնա­յած՝ խո­շոր պար­գեւ է ինձ հա­մար ու թան­կա­գին զարդ։

Վեր­ջին ան­գամ ե՞րբ եղած էք Պո­լիս. Կը կա­րօտի՞ք Պո­լիսը

Կը կա­րօտիմ, հա, ծո­վային օդը յատ­կա­պէս։ Մօ­տաւո­րապէս չորս տա­րի առաջ եղած եմ Պո­լիս։ Բժիշկնե­րը իրա­ւացիօրէն կը նշեն՝ եթէ մարդ կ՚ապ­րի իր ծննդա­վայ­րէն դուրս, պէտք է առիթ փնտռէ՝ յա­ճախա­կի վե­րադառ­նայ։ Իս­կա­պէս, ամէն ան­գամ, երբ ինքնա­թիռէն կ՚իջ­նեմ ու կը շնչեմ Պոլ­սոյ ծո­վային օդը, ինձ շատ լաւ կը զգամ։

95-ամեայ Յով­հաննէս Չե­քիճեանը երա­զանք ու­նի՞

Ու­նիմ, ի հար­կէ։ Այնպէս չէ, որ որ­պէս յան­գած հրա­բուխ՝ վերջն եմ։ Չէ, այդպէս չէ։ Հի­մա կը տես­նէ՞ք՝ ձեր բո­լոր հար­ցե­րուն սի­րով կը պա­տաս­խա­նեմ (Կը ժպտի)։

Գի­տէ՞ք՝ ամ­բողջ աշ­խարհին արո­ւես­տի մար­դիկ ամե­նաքի­չը կը վար­ձատրուին։ Ես կ՚ու­զե­նայի, որ շատ ըլ­լար վար­ձատրու­թիւնը… կը նե­րէք ան­կեղծու­թեան հա­մար։ Իսկ ամե­նախո­շոր հարստու­թիւնը առող­ջութիւնն է։ Կ՚ու­զե­նայի այսպի­սի առող­ջութեամբ շա­րու­նա­կել եւս մի քա­նի տա­րի… Ձեր աղօթ­քով, ի հար­կէ։

Վեր­ջին ըլ­լա­լով՝ 95-ամեայ Յով­հաննէս Չե­քիճեանի ու­ղերձը այ­սօ­րուայ սե­րունդին՝ այդ թո­ւին՝ ինձ։

Անվհատ, առանց հոգ­նե­լու աշ­խա­տիլ հայ­րե­նիքի հա­մար։ Ես գի­տեմ՝ ինչ կը նշա­նակէ հայ­րե­նիք չու­նե­նալ, հայ­րե­նիքէն հե­ռու ըլ­լալ։ Ու ինչպի­սի ապ­րումնե­րով ու ցան­կութիւննե­րով եկած եմ Հա­յաս­տան։ Իսկ այն մար­դը, ով այստեղ ծնած է, կը ցան­կա­նամ, որ այս հո­ղի ու այս ջու­րի ար­ժէ­քը իմա­նայ, աշ­խա­տի բան մը աւելցնել մեր երկրին։ Եւ ընդհան­րա­պէս, որ­պէս հայ մարդ՝ պի­տանի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նին, մեր ազգին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ