«Ամերիկացի»ն եւ The Last Repair Shop-ը` «Օսքար»ի թեկնածութեան վերջընթեր ցանկին վրայ

Միացեալ Նա­հանգնե­րու Շար­ժա­պատ­կե­րի արո­ւեստնե­րու եւ գի­տու­թիւննե­րու ակա­դեմիան յայ­տա­րարեց հա­զարա­ւոր ֆիլ­մե­րու մէ­ջէն 2024-ի «Օս­քար» մրցա­նակա­բաշ­խութեան թեկ­նա­ծու­թեան ֆիլ­մե­րու վեր­ջընթեր ցան­կը, որուն մէ­ջէն պի­տի ընտրո­ւին «Օս­քար»ի վերջնա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րը։

Անոնց մէջ են Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ներ­կա­յացո­ւած ֆիլ­մը՝ բե­մադ­րիչ Մի­քայէլ Ա. Կուրճեանի «Ամե­րիկա­ցի»ն, «Լա­ւագոյն մի­ջազ­գա­յին ֆիլմ» դա­սակար­գին մէջ, իսկ վա­ւերագ­րա­կան կարճ ֆիլ­մե­րու դա­սակար­գին մէջ The Last Repair Shop («Վեր­ջին Նո­րոգու­թեան Խա­նու­թը») ֆիլ­մը, որ պատ­մութիւնն է Լոս Ան­ճե­լըսի մէջ երաժշտա­կան գոր­ծիքներ նո­րոգող հայ վար­պետներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ