Թախիծը փառատենք յոյսը վառ պահելով

Այս Ամանորը կը դիմաւորենք Բեթղեհէմի աստղի շի­ջու­մով։ Հռո­մի Փրան­կիսկոս Պա­պը Սուրբ Ծննդեան առ­թիւ ար­տա­սանած պատ­գա­մով նշեց թէ այս գի­շեր բո­լորիս սրտե­րը Բեթ­ղե­հէմի տա­ռապան­քով կը տրո­փէ։

Երբ քա­ղաքի մը խա­ղաղ բնակ­չութիւ­նը ընդմիշտ ու յա­րատեւ կ՚ապ­րի պա­տերազ­մի սար­սա­փը, երբ իւ­րա­քան­չիւր օր աւե­լի քան 100 մա­նուկներ կը մա­հանան ռմբա­կոծումնե­րու հե­տեւան­քով, ո՞ր տրա­մադ­րութեամբ տօ­նածառ զար­դա­րենք, ո՞ր խիղ­ճով խրախ­ճանքներ կազ­մա­կեր­պենք։

Նման տխուր պատ­կեր կը տի­րէ երկրա­շար­ժով աւե­րուած Ան­տիոքի եւ շրջա­կայ գա­ւառ­նե­րու մէջ, ճիշդ ալ Սուրբ Ծննդեան տօ­նի օրե­րուն։ Հոն եւս մար­դիկ տնա­զուրկ, ժա­մանա­կաւոր պատսպա­րան­նե­րու մէջ, երկրա­շար­ժի զո­հերու յի­շատա­կը սրտին, թա­խիծով դի­մաւո­րեցին Սուրբ Ծնունդը եւ հի­մա ալ կը պատ­րաստո­ւին Ամա­նորը նշե­լու։

Ինչ որ ըլ­լայ պայ­մաննե­րը, հե­ռուստա­կայան­նե­րը Յու­նո­ւար 1-ի առա­ջին լոյ­սը պի­տի դի­մաւո­րեն Նոր Զե­լան­տիոյ մեր­ձա­կայ­քէն եւ ժամ առ ժամ պի­տի հե­տեւին նա­խորդ տա­րուայ վեր­ջա­կէտին եւ պի­տի դի­մաւո­րեն եկող նոր տա­րին։

Այդ իսկ պատ­ճա­ռով Կա­ղան­դի այս էջի վրայ չենք հա­մար­ձա­կիր նա­խորդ տա­րինե­րու նման տօ­նածա­ռի զար­դե­րով էջադ­րութեան։ Ան­շուշտ պի­տի օգ­տա­գոր­ծենք մա­նուկնե­րը ու­րա­խաց­նե­լու առի­թը, ան­շուշտ այս գի­շեր մեր սե­ղան­նե­րը սո­վորա­կանէն աւե­լի ճոխ պի­տի ըլ­լան, բայց ամէն մէկ ժպի­տի պա­հուն, ամէն մէկ համ­տե­սած պա­տառով պի­տի բաժ­նենք ցաւն ու կսկի­ծը։ Հաս­տատ իրո­ղու­թիւն է՝ վիշ­տը կի­սելով կը նո­ւազի, ու­րա­խու­թիւնը կի­սելով կ՚աճի։

Այ­սօր թէ վիշ­տը նո­ւազեց­նե­լու եւ թէ յոյ­սը վառ պա­հելու հա­մար ամե­նաիմաս­տա­լից օրն է։

Շնոր­հա­ւոր Նոր Տարի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ